«Եափը Քրետի» դրամատան Կալաթասարայի ցուցասրահին մէջ 15 Դեկտեմբեր 2020-ին բացուած ցուցահանդէսի աւարտին համար նախատեսուած էր 20 Փետրուար թուականը։
«Քուլիս՝ Թատերական Յիշողութիւն Մը Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը բաղկանայ 1946-1996 թուականներու միջեւ լման 50 տարի հրատարակուած «Քուլիս» թատերական եւ գեղարուեստական պարբերականի բովանդակութենէ եւ Յակոբ Այվազի անհատական հաւաքածոյի նմոյշներէ։
Այդ բոլորը միասնաբար կը ներկայացնեն Հանրապետական շրջանի թրքական թատրոնի եւ նաեւ պոլսահայ թատրոնի բազմաթիւ դերասաններու, բեմադրիչներու եւ նոյնիսկ թատրոնի շէնքերու մասին յիշատակներ։ Ցուցասրահի վարիչները նկատելով ցուցադրութեան արժանացած ուշադրութիւնը որոշած են այս ցուցահանդէսը շարունակել մինչեւ 25 Յուլիս 2021։