Իրաւաբանական բոլոր կանոնները ոտնակոխելով Օսման Քաւալան ճաղերու ետին պահող թշնամական վերաբերմունքը այժմ կը սպառնայ անոր հիմնած «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութիւնը լուծարկելու։ Այս մասին շարժման անցած է Առեւտրական Նախարարութիւնը պատճառաբանելով թէ Անատոլու Քիւլթիւր առեւտրական ընկերութիւնը մը ըլլալով հիմնուելով հանդէպ գործունէութիւն կը տանի հիմնադրամի կամ հասարակական միութեան մը ձեւաչափով։
Նշենք որ այս մէկը աննախադէպ մեղադրանք մըն էր ու առաջին անգամ կ՚ուղղուի Օսման Քաւալայի հիմնած ընկերութեան։ Անցեալին այդ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր զանազան գեղարուեստական միջոցառում եւ հրատարակութիւններ։ Այդ ծիրէն ներս մեր յիշողութեան մէջ է հայոց ցեղասպանութեան դարադարձի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի առթիւ կազմակերպուած երաժշտական-գեղարուեստական միջոցառումները, որոնք արժանացած էին մեծ ուշադրութեան եւ երկար ժամանակ իրենց արձագանգը ունեցած էին մամուլի էջերուն։
Կատարուածը զուրկ է օրինական հիմքէ ու տրամաբանութենէ եւ կը միտի անխնայ հալածել կառավարութեան դժկամութեան մատնուած հասարակական գործիչի մը բոլոր ձեռքբերումները։
Նշենք որ հազիւ շաբաթ մը առաջ էր, երբ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ էրտողան արհամարանքով արտայայտուած էր Օսման Քաւալայի կնոջ Փրոֆ. Այշէ Պուղրայի դէմ, շեշտելով որ ան եւս գրգռիչ մըն է Պողազիչի Համալսարանի մէջ իր իշխանութեան դէմ մղուած բողոքի ցոյցերու ընթացիքին։