Երբ օրըստօրէ կը ծաւալի նախագահ Էրտողանի ձեռամբ Պողազիչի Համալսարանի տեսչութեան անպատեհ նշանակումի դէմ հակազդեցութիւնները, նոյն համեմատութեամբ կը տգեղանայ նաեւ, այդ քննադատներու դիմաց Էրտողանի եւ անոր գլխաւորած կառավարութեան ինքնապաշտպանութեան մակարդակը։ Այսպէս նախագահ Էրտողան վերջերս բաւական նուազդացուցիչ շեշտով թիրախ ցոյց տուաւ համալսարանի կարկառուն դէմքերէն տնտեսագէտ փրօֆ. Այշէ Պուղրան։ «Գիտենք թէ Օսման Քաւալա համարեա Սորոսի գրասենեակը ըլլալով կ՚աշխատի։ Անոր կնիկն ալ Պողազիչի Համալսարանի այդ խառնակիչներէն մէկն է, որ կը գրգռէ աշակերտութիւնը» ըսած էր Էրտողան։
Նշենք որ փրոֆ. Այշէ Պուղրա իր մասնագիտութեան մէջ միջազգային հեղինակութիւն մը կը համարուի եւ համաշխարհային տնտեսագիտութեան առումով յաճախակի մէջբերումներ կը կատարուին իր տնտեսագիտական ուսումնասիրութիւններէն։ Անոր անհատական հեղինակութիւնը անտեսելով «Օսման Քաւալայի կնիկը» իբրեւ ներկայացնելը շատ լուրջ հակազդեցութեան հանդիպեցաւ քաղաքական եւ թէ գիտական շրջանակներէն։ Արդարեւ բազմաթիւ տնտեսագէտներ ստորագրեցին զօրակցութեան նամակ մը, նշելով որ պատիւ կը զգան Այշէ Պուղրայի պաշտօնակիցը ըլլալով։ Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահ Քըլըչտարօղլու եւ Իյի Կուսակցութեան նախագահ Աքշեներ իրենց կուսակցութեան խորհրդարանի խմբակցութիւններուն ուղղեալ ելոյթներու ընթացքին ծանրօրէն քննադատեցին նախագահ Էրտողանը իր այս անպատշաճ ելոյթին համար։
Միւս կողմէ զանազան վերլուծաբաններ բնական կը համարեն այս կոպիտ վերաբերումը դիտել տալով թէ կրօնամոլ պահպանողականութիւնը երբեւիցէ չի կրնար գնահատել կնոջ յաջողութիւնը եւ զայն կը բնութագրէ իր «տիրոջ», այս պարագային ամուսնոյն միջոցաւ։
Այս կոպիտ արտայայտութեան դէմ Այշէ Պուղրա կարիքը չէ զգացած ինքնապաշտպանութեան վերաբերեալ բացատրութիւններ տալու։ Ան խնդիրը դիտած է իբրեւ իր աշակերտներուն հանդէպ անարգանք, ըսելով թէ այդ աշակերտութիւնը ունի իր դատողութեան բարձր արժանիքը եւ ոչ ոք կրնայ գրգռել զիրենք։
Երբ Այշէ Պուղրա կը պահէ այս մակարդակը անդին Թրաքիոյ Համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժնի վարիչը չի վարանիր իրենց բողոքը յայտնող աշակերտներուն սպառնալու։ «Կը տեսնեմ որ օրերէ ի վեր բողոքի ցոյցեր կը կատարէք։ Մենք ձեզ նման ցոյց բան չենք ըներ։ Գիշեր կը յանկարծ կու գանք գործը կ՚աւարտենք եւ յաջորդ օրն ալ կը վերադառնանք մեր աշխատանքին։ Գիտցէք ուզեցի»։ Ահա այսպէս կը դրսեւորուի իշխանամէտ շրջանակներու զօրակցութիւնը իշխող քաղաքական ուժի հանդէպ։
Միւս կողմէ յանցագործ աշխարհի կարեւոր դերակատարներէն Ալաատտին Չաքըճը եւս յայտարարութիւն ունեցած է կոչ ուղղելով նորանշանակ տեղապահ տեսուչին զգուշացնելով թէ ամուր կենայ իր պաշտօնին վրայ եւ հեռու մնայ հրաժարելու գաղափարէն։
Կառավարութեան շրջանակները նման խիզախ դիմադրութիւններու պահուն իսկոյն կը մտաբերեն «Կեզի» զբօսայգիի այդ մեծ դիմադրութիւնը, որ ծաւալած էր ամբողջ երկրի տարածքին։ Պողազիչի Համալսարանի այս կամայական նշանակումի դէմ ցուցաբերած հակազդեցութիւնը եւս իր մէջ ունի նման տարողութիւն, քանի որ իշխանութեան վարած քաղաքականութեան հանդէպ ընդհանուր դժգոհութիւնը այս եղանակով կը գտնէր արտայայտութեան յարմար եղանակ մը։ Այս դէպքին ալ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ կը կայանան բողոքի ցոյցեր ի դէմ Նախագահ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան։
Բացի Անգարա կամ Իզմիրի նման մեծ քաղաքներէ հեռաւոր Արթվինի նման գաւառներէ ներս ալ կը բռնկի դժգոհութեան ալիք մը, որուն դրդապատճառը Պողազիչիի սխալ նշանակումէն աւելի կը կայանայ ժողովուրդի ընդհանուր դժգոհութենէն։
Այժմ ԱՄՆ սենաթի աւելի քան 50 պատգամաւորներ դիմած են նախագահ Պայտընին Թուրքիոյ հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւնը դատապարտելու պահանջով։ Յստակ է որ նման հակազդեցութիւնը նաեւ ձեռնտու պիտի ըլլայ Էրտողանի իշխանութեան, քանի որ ան այսպէսով իր գործը պիտի արդարացնէ ըսելով որ «Այս դիմադրութիւնը մասնիկն է նաեւ Թուրքիոյ դէմ կիրարկուած համաշխարհային դաւադրութեան»։ Նշենք որ այդ պնդումը ընդմիշտ յաճախորդ գտած է յատկապէս Էրտողանի համակիրներու շրջանակին մէջ։