9Փետրուար երեքշաըթի օր Նախագահ Էրտողան յայտարարեց երկու օր առաջ խոստացած աւետիսը։
«Լուսին կ՚երթանք» ըսելով սկսած ելոյթին մէջ մանրամասնութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ տիեզերագնացութեան ծրագիրներուն մասին։ Սոյն ծրագիրները նախատեսուած են երեք հանգրուանով, որոնց վերջնակէտն է թուրք աստղանաւորդի մը լուսին ոտք դնելը։
Էրտողանի այս աւետիսը շուտով երգիծանքի նիւթ դարձաւ ընկերային ցանցերու վրայ, ուր մանաւանդ կը շեշտադրուէր երկրի առկայ տնտեսական ճգնաժամը, գործազրկութիւնը եւ անոցն հետ կապուած հասարակութեան սնանկացումը։
Միւս կողմէն դէպի լուսին տիեզերագնացութիւնը արդէն իսկ դարձած է զբօսաշրջութեան խնդիր, քանի որ այժմէն երկու ընկերութիւններ կը պատրաստուին իրենց ուղեւորները դէպի լուսին փոխադրել որոշ գումարի մը փոխարէն։