Երկար տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի Նիս քաղաքի բնակիչ հանրածանօթ բարերար եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Չիլինկիրեան մահացաւ 94 տարեկանին յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Չիլինկիրեան եղբօրորդին էր անուանի գրող, բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Ռուբէն Սեւակի, որ առաջին զոհերէն եղաւ հայոց ցեղասպանութեան։
Յովհաննէս Չիլինկիրեան ծնած էր 1924 թուին Պոլսոյ մէջ։ Ապարդիւն մնացին 1946-ին դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի փորձերը եւ ան 1970-ին հաստատուեցաւ Նիս, այստեղ հիմնելով Ռուբէն Սեւակի անունով ինստիտուտ մը ու ի մի բերաւ հօրեղբօրը պատկանող բազմաթիւ նմուշներ, որոնք 2013-ին փոխադրեց Հայաստան եւ հիմնեց Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանը։ Ռուբէն սեւակի դուստրը Շամիրամ Չիլինկիրեան սոյն տարուայ 17 Հոկտեմբերին մահացած էր Նիսի մէջ 102 տարեկանին։
Այս տխուր առթիւ կը ցաւակցինք մեր բարեկամներ Պերնար Ռեհան Սարըպային եւ ընտանեկան պարագաներուն։