ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԵՂԲԱՅՐ - Բ.

Յար­գե­լի եղ­բայրներ – եւ քոյ­րեր -, ան­ցեալ շա­բաթ խօ­սեր էի «եղ­բայր» բա­ռի մա­սին։ Յու­զիչ չէ՞ր լսել, թէ ան մեծ հպար­տութիւն էր թէ՛ հայ ըն­տա­նիքի եւ թէ՝ հա­յոց լե­զուի հա­մար։ Հե­տեւա­բար, հասկնա­լի էր, թէ ին­չո՛ւ մեր մայ­րե­նին 50է աւե­լի բառ շի­նած էր «եղ­բայր»ը նկա­րագ­րե­լու եւ գո­վաբա­նելու հա­մար։ Ծա­ղիկի անուն ալ դար­ձեր էր ան «Աղ­բե­րանց արիւն – Եղ­բօր արիւն»։ (Ծրագ­րած եմ այդ ծա­ղիկի անուան եւ գրա­կան բոյ­րին նո­ւիրո­ւած մե­նախօ­սու­թիւն մը գրի առ­նել) Նա­խորդ յօ­դուա­ծիս մէջ ծա­նօթա­ցեր էինք նաեւ «եղ­բայր» բա­ռի օտա­րալե­զու եղ­բայրնե­րուն, ինչպէս՝ անգլիացի brother-ը, իտա­լացի fratello-ն եւ պար­սիկ barādar-ը։ Իսկ այ­սօր, յար­գե­լի եղ­բայրներ – եւ քոյ­րեր – կ՛առա­ջար­կեմ հա­յոց պատ­մութեան մէջ պտոյտ մը կա­տարել ու յայտնա­բերել ըն­տիր գրա­կան գո­հար­ներ, որոնք նո­ւիրո­ւած ըլ­լան «եղ­բայր»ին։ Եւ այս աշ­խա­տան­քը նո­ւիրած ըլ­լանք մեր բո­լոր «աւագ», «կրտսեր», «հո­գեւոր», «հայ­րե­նասէր», «հա­րազատ» եւ «զօ­հուած» եղ­բայրնե­րուն։

«Եղ­բայր» բա­ռը, որ­պէս ազ­գի հե­ռու եւ ան­ծա­նօթ տղա­մար­դի­կը, յայտնո­ւեցաւ միջ­նա­դարեան պանդխտու­թեան տա­ղերու մէջ։ Այդ երգ-բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ լսե­ցինք օտա­րաբ­նակ հա­յու – ղա­րիպի - վիշ­տը։ Ահա սրտաճմլիկ քա­նի մը տո­ղիկ. «Նա­յիմ սի­րուն նազ­լի եղ­բարք, / Էկէք իմ հա­լիս տե­սէք, / Ղա­րիպու­թեան հի­ւանդ մնա­ցի. / Մնա­ցի կա­րօտով, կա­րօտով», Սի­մէոն Ջու­ղա­յեցի, «Եղ­բարք, գան­կատ ու­նիմ ձեզ հա­մար, / Ղա­րիպի հացն խառ­նած է լե­ղի եւ քար», Սա­հակ Վա­նեցի, «Այլ եւ քան զա­մենայն խիստ դառն ու լե­ղի, / Յոր­ժամ որ ղա­րիպին մահն հա­սանի, / Խնդրէ եւ ոչ գտա­նէ եղ­բայր կամ որ­դի», Ներ­սէս Ան­ձա­պատ­ցի, «Այլ ողորմ մարդ չեմ տե­սել, / Քան հա­րուստն, որ աղ­քա­տանայ, / Ի ղա­րիպու­թիւն եր­թայ, / Հայր ու մայր, եղ­բայր չու­նե­նայ», անա­նուն հե­ղինակ, «Եղ­բարց կա­րօտ մնա­ցի, երկրիս օտա­րի, / Կա­րօտ եմ, կա­րօտ եմ, կա­րօտ սի­րելեաց», Յով­սէփ։ Հա­րազատ եւ սի­րելի եղ­բօրմէ մը զրկո­ւած ըլ­լա­լու վիշ­տը եր­գեց տա­ղասաց Սու­քիասը. «Էր եր­բեմն, որ կա­յի ի մէջ եղ­բարց եւ հարց, / Այժմ եղէ տա­րան­շատ, դի­պեցայ վշտաց»։ Անա­նուն հե­ղինա­կի մը հե­տեւեալ գոր­ծը կը նկա­րագ­րէ սրտի ցա­ւը այն մե­ծահա­րուստի, որ չու­նի... եղ­բայր. «Քէօշկ ես շի­ներ, բարձր սա­րայ (պա­լատ), / Հինգ տեղ ու­նիս թրի եարայ, / Եղ­բայր չու­նիս, կան­չէ՛ հա­րայ. (կան­չէ օգ­նութիւն)»։ Այլ հե­ղինակ­ներ խնդրե­ցին ըն­թերցող «եղ­բօր» ողոր­մութիւ­նը. «Է՛, իմ եղ­բարք եւ հարք սի­րուն... / Յի­շեմք զԱ­ւետիսն», Աւե­տիք վար­դա­պետ Եւ­դո­կացի, «Է՛ եղ­բարք եւ հարք իմ, զձեզ աղա­չեմ, / Ձեռնտուք օգ­նե­ցէք, զի ան­ճա­րակ եմ», «Էհ իմ հարք եւ եղ­բարք, որ լսէք, / ԵՌ­ԾԻԿ թվին (1686) զայս կար­դա­ցէք, / Մեզ ողոր­միս մի, ասա­ցէք. / Կրկին շրջե­լով, շրջե­լով, շրջե­լով»։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լին 1145 թո­ւակա­նին երբ Եդե­սիոյ գրա­ւու­մը եւ աւե­րու­մը գրի առաւ, ու­զեց, որ իր ազ­գի բո­լոր ներ­կայ, ապա­գայ, հե­ռու եւ մօ­տիկ ան­դամնե­րը ող­բան. «Ող­բա­ցէ՜ք, եկե­ղեցիք, հար­սունք վե­րին առա­գաս­տի, / Քորք եւ եղ­բարք իմ սի­րելիք, որք յընդհա­նուր կողմ աշ­խարհի»։

Դուք յար­գե­լի ըն­թերցող, չկար­ծէք թէ խա­ւար էր միջ­նա­դարը եւ միշտ տխուր։ Ընդհա­կառա­կը, ուշ միջ­նա­դարուն է, որ հա­յը ապ­րե­ցաւ զար­թօնքի շրջան մը, ապ­րե­ցաւ կեան­քը, բնու­թեան շնորհնե­րը եւ գե­ղեցի­կը լիովին վա­յելե­լու փա­փաքով։ Հե­տեւեալ եռա­տողի մէջ սի­րահար բա­նաս­տեղծ մը ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ բո­լոր տղա­ներուն կը խոս­տո­վանի, թէ տե­սած է կա­քաւի պէս գե­ղեցիկ աղ­ջիկ մը. «Սուտ է, որ կ՛ասեն, եղ­բարք, / թէ ըն­տա­նի կա­քաւ չի լի­նի. / Մէ­կիկ մ՛ես երէկ տե­սայ»։ Պետ­րոս Ղա­փան­ցին իր հայ­րե­նակից եղ­բայրնե­րը հրա­ւիրեց գա­րու­նը վա­յելե­լու. «Արի՛ք, եղ­բարք , ել­ցուք ի դաշտ ըզ­բօ­սանաց»։ «Եղ­բայր» բա­ռը յայտնո­ւեցաւ նաեւ խրատ­նե­րու մէջ։ Վրթա­նէս Սռնկե­ցին խրա­տեց համ­բե­րել. «Պարտ է հա­մեբե­րել, եղ­բարք , / Փառս տալ մեր ստեղ­ծո­ղի»։ Բա­նաս­տեղծ Աւե­տիքի խրա­տը ուղղո­ւած էր տղայ զա­ւակ­նե­րը ամուսնա­ցու­ցած հայ­րե­րուն. «Երբ որ որ­դիք կար­գես եւ եղ­բայր, / Մէկ չլի­նայ քեզ խնա­մատար, / Ոչ ոք լի­նի քեզ ձայ­նա­կից, / Ասեն ղա­րիպ է եւ օտար»։ Արիս­տա­կէս Խար­բերդցին բո­լոր հա­յոր­դի­ներուն խրա­տեց մի­մեանց սի­րել. «ԶՔրիս­տո­սի պա­տուէրս պա­հեցէք / Եւ զմի­մեանս սի­րեցէք, / Լե­րուք եւ դուք աս­տո­ւածա­սէրք, / Եղ­բայրա­սէրք եւ ըն­կե­րասէրք»։ Ազ­գա­յին եղ­բայրա­կան միու­թեան գա­ղափա­րը կը գտնենք նաեւ Սռնկե­ցի Վրթա­նէսի գոր­ծե­րուն մէջ. «Ժամ է մեզ դառ­նալ, եղ­բայր, / Հե­րիք էր զի­րար ատե­ցաք, / Աշ­խարհի զրուց եղաք, / Զթշնա­մին մեր խնդա­ցու­ցաք»։

Խար­բերդցիի եւ Սռնկե­ցիի եղ­բայրա­սիրու­թեան խրա­տը պէտք եղաւ կրկնել 19րդ դա­րուն, երբ բո­ղոքա­կան եւ կա­թոլիկ հա­մայնքնե­րու մի­ջեւ սուր պա­ռակ­տումներ յա­ռաջա­ցած էին։ Այդ ցա­ւը ամո­քելու հա­մար Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանը հար­կադրո­ւեցաւ գրել «Եղ­բայր եմք մեք» հայ­րե­նասի­րական եր­գը.

Մա­տունք կու­սին ամե­նագեղ

Թէ որ զար­նեն փա­փուկ քնար,

Չու­նին ձայն մը այնքան սի­րուն,

Քան զանձկա­լի եղ­բայր անուն։

Տուր ինձ քու ձեռք, եղ­բայր եմք մեք...

«Եղ­բայր» բա­ռը հայ­կա­կան վի­պագ­րութեան մէջ ան­մո­ռանա­լի տեղ գտաւ, երբ Ար­փիար Ար­փիարեանի «Կար­միր Ժա­մու­ց»ի գա­ւառա­ցի Տէր Յու­սիկ քա­հանան, Օս­մա­նեան կայսրու­թեան գրաքննու­թեան ամե­նախիստ օրե­րուն, միամիտ պար­զութեամբ Պոլ­սոյ Օր­թա­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ մէջ որո­տաց «Ազա­տու­թի՜ւն եղ­բարց մե­րոց գե­րելոց»։ Այդ օրե­րուն ազա­տու­թեան գա­ղափա­րին եղ­բայր եր­կու բա­նաս­տեղծներ՝ Սիաման­թօն եւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը այդ բա­ռով շի­նեցին եր­կու նոր ար­տա­յայ­տութիւններ. «մտա­ծու­մի եղ­բայր» եւ «հո­ղին եղ­բայր» (նա­հատակ)։

Հայ ազ­գը հպարտ է իր ակա­նաւոր, աշ­խարհահռչակ եղ­բայրնե­րով։ Յօ­դուա­ծիս սահ­մաննե­րէն դուրս կը մնայ խօ­սիլ անոնց կեան­քի եւ գոր­ծունէու­թեան մա­սին – այդ ման­րա­մաս­նութիւննե­րը որո­նելու գոր­ծը կը թո­ղում հե­տաքրքիր ըն­թերցո­ղին – բա­ւարա­րուիմ յի­շելով երա­նելի եւ պա­տուա­բեր հինգ մա­կանուններ. Մի­կոյեան եղ­բայրներ, Օր­բե­լի եղ­բայրներ, Abdullah Freres, Սար­գիս եղ­բայրներ, Ալի­խանեան եղ­բայրներ։

«Եղ­բայր» բա­ռը ծա­ռայեց նաեւ որ­պէս գիր­քի անուն։ Զայն առա­ջին ան­գամ տե­սանք ո՛չ հա­յերէն, բայց հա­յատառ-թրքե­րէն գիր­քի մը վրայ։ 1820 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ մէջ Պաղ­տա­սար դպի­րի հրա­տարա­կած «Քրիս­տո­նէական հա­ւատք» գիր­քի խո­րագիրն է. «Պու գիրք օլ­տուր քի Քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քը­մըզա Իգ­թի­զալը Կե­րէք օլան Պիր գաչ Էօյ­րէ­նիլէ­ճէք­լէր՝ Հայ­ճա պիլ­մէ­յէն քրիս­տո­նեայ եղ­բայրլա­րըմըզ իչին Թիւրքճէ շա­րադ­րել օլունտու»։ Ապա լոյս տե­սան այլ գիր­քեր- «Սաղ­մոս Դաւ­թի ։ Գրա­բառ չի հասկցող եղ­բայրնե­րուն հա­մար զգու­շութեամբ Եբ­րա­յեցե­րէնէն պարզ աշ­խարհա­բառի թարգմա­նուե­ցաւ», Զմիւռնիա, 1843, «Աղ­բար Թով­մա­սի տնա­կը», Վե­նետիկ, 1854, «Թո­րոս աղ­բար», Կ. Պո­լիս, 1884, «Աք­լօր եղ­բայր կամ ման­կան մը պատ­մութիւ­նը», Կոս­տանդնու­պո­լիս, 1866, «Եղ­բայրը եղ­բօր դէմ», Թիֆ­լիս, 1891, «Տե­ղեկա­գիր Նա­խիջե­ւան-Շա­րուր-Դա­րալա­գեազ-Սալ­մաստի Եղ­բայրա­կան օգ­նութեան կօ­միտէի», Սալ­մաստ, 1916, «Տաւ­րո­սեան եղ­բայրակ­ցութիւ­նը», Ֆրէզ­նօ, 1923, «Սար­գիս Տխրու­նի կամ եղ­բայրաս­պան գնդա­կը», Պէյ­րութ, 1929, «Միաբա­նող եղ­բայրնե­րը եւ հայ եկե­ղեցին», Վիեն­նա, 1971, «Եղ­բայրա­կան ժպիտ­ներ», Երե­ւան, 1980։

Իսկ շատ մօ­տիկ ան­ցեալին, մին­չեւ 44-օրեայ պա­տերազ­մի նա­խօրեակը, ամ­բողջ հա­յու­թիւնը իր շրթնե­րուն վրայ կը պա­հէր հայ­րե­նասի­րական երգ մը՝ եր­կու եղ­բօր սփո­փիչ խօս­քը իրենց մօր ուղղո­ւած.

Մամ ջան, չտխրես, շատ չմտա­ծես,

Կռի՚ւ ենք գնում՝ ախ­պերս ու ես...

Ու տո՚ւն կը դառ­նանք յաղ­թութեամբ էս­պէս,

Ծա­փով-ծի­ծաղով՝ ախ­պերս ու ես։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք ալ ան­սանք հի­ներու խրատ­նե­րուն՝ մեր բա­ռապա­շարի մէջ պա­հենք «եղ­բայրա­սիրու­թիւն», «եղ­բայրօ­րէն» եւ «եղ­բայրա­բար» բառերը։