2Յունուարին յայտարարուած էր Պողազիցի Համալսարանի տեսուչ նշանակելու մասին նախագահ Էրտողանի որոշումը։ Նոյն օր Պողազիցի Համալսարանի մէջ մեկնարկող բողոքի ալիքը մինչեւ օրս կը շարունակէ երկրի մէջ օրակարգի առաջին գծին վրայ զբաղեցնել հանրային կարծիքը։
Աշակերտութիւնը եւ դասախօսները միասնաբար ընդվզում յայտնած էին Էրտողանի կամայական այդ որոշումին դէմ։ Արդարեւ նորանշանակ տեսուչը անցեալին երեսփոխանութեան թեկնածութեան առաջարկ բերած էր, բայց իր այդ ցանկութիւնը մերժուած կուսակցութեան կողմէ։ Ան նաեւ փորձեց քաղաքապետութեան համար առաջադրել իր թեկնածութիւնը, բայց այս ալ մերժուեցաւ ԱՔՓ-ի շրջանակներու կողմէ։ Ի վերջոյ նախագահ Էրտողան իրեն համար յարմար գտած էր Պողազիչի Համալսարանի տեսչութեան պաշտօնը, որ այս անգամ ալ այդ պաշտօնակոչումը տեղի տուաւ բաւականին սուր դժգոհութեան ալիքի մը բռնկման։ Ցաւալի է նորանշանակ տեսուչի մատնուած ծանր կացութիւնը։ Անցնող մէկ ամսուայ ընթացքին ան չէ կրցած օգնական մը գտնել համալսարանի անձնակազմէն։ Նաեւ չէ կրցած գտնել խորհրդատու մը, քանի որ համալսարանի անձնակազմը ամբողջովին մերժած է այս նշանակումը։ 1 Փետրուարի երեկոյեան ոստիկանները նորանշանակ տեսուչի հրաւէրով խուժեցին համալսարան եւ բերման ենթարկեցին բողոքի ցոյց կատարող ուսանողներէն 106-ը, որոնք ձեռնակապով փոխադրեցին նախ հիւանդանոց եւ ապա ոստիկանատուն։
Այս զարգացումներու վրայ աշակերտութիւնը որոշեց կատարուածի դէմ բողոքել մամլոյ յայտարարութիւնով մը, որ պիտի կայանար 2 Փետրուար երեքշաբթի օր Գատըգիւղի մէջ։
Սակայն վերջին պահուն Գատըգիւղի գաւառապետի հռչակած արգելքը պատճառաբանելով ոստիկանները բռնութեամբ յարձակեցան ուսանողներուն վրայ։ Այստեղ եւս բերման ենթարկուեցան բազմաթիւ ուսանողներ։ Երեկոյեան ժամերուն մամլոյ ծառայութիւնները բերման ենթարկուածներու թիւը կը յայտարարէին 94 ըլլալով, այլ խօսքով երկու օրերու ընթացքին Պողազիչի Համալսարանի ուսանողներէն աւելի քան 200-ը բերման ենթարկուեցաւ, որոնց գրեթէ բոլորը ժամերու տեւողութեամբ ազատ արձակուեցան։
Այս ալ կ՚ապացուցէ թէ բերման ենթարկելը եւս կամայական որոշում մըն է եւ կը միտի ուսանողներու դիմադրութեան կամքը կոտրելու։
Ոստիկանական բռնութեան դէմ բողոքի ձայներ բարձրացան նաեւ քաղաքացիներու կողմէ, քանի որ Գատըգիւղի փողոցներուն մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ իրենց շէնքերու պատուհաններէն կը հալածէին ոստիկաններուն եւ աղմուկելով կը զօրակցէին ուսանողութեան։
Իշխանութեան շրջանակները յաճախ ահազանգ կը հնչեցնէն կատարուած բողոքի ցոյցերուն երկրի տարբեր համալսարաններուն եւ քաղաքներուն փոխադրուելուն հաւանականութեան դէմ։ Բոլորովին անհիմն չէ կառավարութեան այս մտավախութիւնը, քանի որ 2 Փետրուարին Անգարայի մէջ եւս զօրակցութեան բնոյթով բողոքի ցոյցեր կատարուեցան եւ ոստիկանութիւնը այդ ցոյցերուն ալ միջամտեց նոյն բռնութեամբ։
Հետզհետէ ծիծաղելի դարձած է կառավարութեան շրջանակներուն, իշխանամէտ մամուլին այս բնոյթի բոլոր առարկութիւններու մէջ ահաբեկչութեան մեղադրանքներ ստեղծելու հետզհետէ աւելի նուազ համոզիչ պնդումները։ Այս դէպքին մէջ ալ Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու իրեն թիրախ ընտրեց միասեռականները եւ պնդեց թէ բոլոր զարգացումները անոնք կը հրահրեն։
Սոյլույի այս մասին ունեցած ելոյթները ատելութեան պատգամ համարելով «Թուիթըր» արգիլեց նախագահի գրառումներու շրջագայութիւնը։
Միւս կողմէ Իսթանպուլի Համալսարանի մուտքին մէկտեղուած մի այլ խմբակ ալ իր կարգին մեղադրեց Պողազիչի Համալսարանի ուսանողներու բողոքը եւ յայտարարեց թէ իրենք ընդմիշտ կազմ ու պատրաստ են հաւատքի համար զոհուելու։
Ըստ երեւոյթի նորանշանակ տեսուչ Մելիհ Պուլուղ չունի իր կամքով հրաժարական ներկայացնելու կարողութիւնը։ Հաւանաբար նման քայլ մը կրնայ կասկածի տակ դնել Նախագահ Էրտողանի հեղինակութիւնը։ Բան մը, որուն հանդուժելու ի վիճակի չէ Էրտողան։