Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխ խորհրդատու Տիմիթրի Մետվետեւ ռուսական մամուլի հարցումներուն պատասխանելով անդրադարձաւ Ղարաբաղի իրավիճակին։ Ան նշեց որ կողմերը այս նիւթի շուրջ շատ տարբեր մերձեցումներ ունին, նոյնիսկ Հայաստանէ ներս տարակարծութիւններ կան։ «Այս պայմաններու տակ աւելի տեղին պիտի ըլլայ խնդրի քննարկումը յետաձգել» ըսաւ Մետվետեւ։
Մետվետեւ Ղարաբաղեան խնդրի լուծման գործընթացի մէջ բարձր գնահատեց նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերակատարութիւնը։ «Որքան որ հետեւեցայ, սա շատ նուրբ խնդիր մըն էր։ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչը պատերազմող կողմերու հետ բանակցելու համար երկար ժամեր վատնեց։ Եթէ այդ ջանքերը չըլլային բախումները մինչեւ այսօր կրնային շարունակուիլ։ Այդ առումով Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է երախտապարտ ըլլան։ Ընդհանուր անդորր կը տիրէ եւ ամենակարեւորը մահեր չեն գրանցուիր եւ զարգացման առիթներ գոյացած են»։
Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու մասնագէտները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղելով պահանջեցին ռազմագերիներու վերադարձը եւ սպանուած զինուորներու դիակներուն իրենց ընտանիքներուն յանձնումը։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է 9 Նոյեմբեր 2020 թուակիր զինադադարի պայմանները ռազմագերիներու եւ դիակներու փոխանցաման մասին։