Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի 2020-ի տեղեկագրի համաձայն նախորդ տարի ամենաշատ դատապարտուած երկիրը եղած է Ռուսիոյ Դաշնութիւնը։
Թուրքիայ ինչպէս 2019-ին, 2020-ին ալ արտայայտութեան եւ միտքի ազատութեան ամենաշատ ոտնակոխուած երկիրը հանդիսացաւ Եւրոպայի մէջ։
ԵՄԻԱ նախորդ տարի 871 վճիռներ արձակեց։ Անոնց մէջ 762-ին համար վճռուեցաւ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքերու Համաձանագրի առնուազն մէկ յօդուածի ոտնակոխութիւն։ 84 դատերու մէջ զանցառութիւն չէ նկատուած վեց դատավարութիւն աւարտած է կողմերու համաձայնութեաամբ եւ 24–ն ալ այլ եղանակներով։
31 Դեկտեմբեր 2020-ի տուեալներով ԵՄԻԱ-ի մէջ շարունակուող դատավարութիւններու 22,4-ը Ռուսիոյ Դաշնութենէն, 18,1-ն ալ Թուրքիայէն կատարուած դիմումներն են։ Այդ երկու երկիրններուն կը հետեւին 16,8 համեմատութեամբ Ուկրաինան, 12,2-ով Ռոմանիան եւ 5,6 համեմատութիւնով ալ Իտալիան։
Այս երկիրներու դէմ եղած բողոքները ընդհանուր թղթածրարներու 75 տոկոսը կը կազմեն։
Թուրքիոյ դէմ առաջադրուած բողոքներու մէջ 31 անգամ յայտնուած են խօսքի ազատութեան, 21 անգամ արդար դատուելու իրաւունքի, 16 անգամ ալ ազատութեան աւ անվտանգութեան իրաւունքի ոտնակոխումներ։ 14 անգամ վճիռ կայացած է սեփականութեան իրաւունքի եւ 11 անգամ ալ հաւաքուելու եւ կազմակերպուելու ազատութիւններու ոտնակոխման պատճառաւ։