(ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՅՈՒՇԵՐ)
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ
Մուսա Լերան փէշերուն թառած հայրենի իմ գիւղի մանկական ոսկէ յուշերուս համաստեղութեան մէջ անմոռանալի ու քաղցրօրէն հմայիչ կոչուած է մնալ Կաղանդը՝ հին արի ու բարի օրերու հայկական Ամանորը։
Օրեր շարունակ՝ դպրոցէն ներս, թէ՛ տուներու մէջ մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը, անրջանքներու միակ առարկան Կաղանդը կ՚ըլլար։ Կ՚երազէինք յատկապէս Ամանորի առաւօտը, ուր ընդհանուր խանդավառութեան մէջ պիտի «վառէինք Կաղանդ»ը։
Յիշատակելի այս օրէն դեռ շաբաթներ առաջ կ՚երթայինք մեզմէ աւելի մեծ, հասուն պատանիներու հետ դափնիի պուրակները եւ մասնագէտի աչքերով մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՚ընտրէր Կաղանդի օրը վառելիք իր դափնեոստը։ Նախընտրելի էր որ ոստը ըլլար ուղղաձիգ, միջակ հաստութեամբ եւ առատ տերեւներով։ Ոստի վրայի տերեւները եւ փոքր ճիղերը կը մաքրէինք եւ միայն ոստին ծայրը առատ փունջ մը տերեւ կը պահուէր։ Կաղանդի առտուն ոստին ծայրը պահուած այդ տերեւափունջն էր որ պիտի վառէինք՝ հասարակաց հսկայ խարոյկի մը վրայ, անցնող հին տարին վառած ըլլալու հաստատ համոզումով։
***
Արշալոյսը բացուելու վրայ է։ Դուրսը, քաղցր երազի մը հանգոյն ձիւնը կը մաղուի՝ իր մայրական գիրկին մէջ առնելով երդիկ ու բակ, ծառ ու պարտէզ, լեռ ու անտառ։ Շատոնց արդէն տնեցիները արթնցուցած եմ եւ մայրս փառաւոր կրակ մը պատրաստած է։ Թէեւ շատ հաճելի է կրակի մտերմութիւնը նման պաղ առաւօտ մը, սակայն իմ աչքերս դուրսն են։ Հարազատ բնութիւնը զիս իր գոգը կը հրաւիրէ։ Մաքիի նոր կթուած թարմ կաթը կը խմեմ, վերարկուս ու կրկնակօշիկներս կը հագնիմ եւ գրկելով սենեակին անկիւնը երկարած դափնեոստը դուրս կը նետուիմ։
***
- Ո՞վ պիտի բռնկեցնէ կրակը,- կը սկսին հարց տալ ամէն կողմէ։ Մարդ չի ժպրհիր առաջ անցնիլ։
- Գրաճ պապուկը ո՞ւր է, Գրաճ պապուկը ո՞ւր է,- կը ձայնեն քանի մը հոգի։
Գրաճ պապուկը 60ը անց, կարճահասակ ծերուկ մըն է։ Ան լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ գիւղին մէջ իբր պատրաստաբան ու հանրանուէր անձ։ Ընդհանրապէս անոր կը վիճակուի Կաղանդի խարոյկը բռնկեցնելու պատիւը։ Սակայն այս առտու կը բացակայի ան։
Վերջապէս գիւղի եիկիտներէն Սարգիսը յառաջ կը նետուի խարոյկը վառելու հաստատ վճռակամութեամբ։ Անոր աչքերը հանդիպեր էին խումբ մը ընկերուհիներու հետ Ադամենց բակը կայնած նշանածին՝ գեղանի Վարդուշի սաստող ակնարկին։ Ալ ի՞նչպէս կարող էր տեղը կենալ։
Սարգիսի խիզախումը հսկայական ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ եւ տասնեակներով դափնեոստեր վեր բարձրանալով կը շառաչեն անոր գլխուն վրայ։ Սարգիս վերարկուն կը քաշէ գլխուն եւ միաժամանակ քանի մը ոստերու գլուխը կոտրելով կը յառաջանայ դէպի չոր փայտի եւ խոտի դէզը։ Սակայն հարուածները այնքան կը սաստկանան գլխուն, կռնակին, ուր որ հանդիպին, որ կը ստիպուի ընկրկիլ՝ յիշոցներ արձակելով ձախ ու աջ։
Մինչ այդ ձիւնը դադրած է արդէն եւ սուր ցուրտը կը թափանցէ մինչեւ ոսկորները։ Սակայն որո՞ւն հոգը։
- Քէքիւտ տէտը հիգստուն (*), ճամբայ տուէ՛ք ինծի։ Ես պիտի վառեմ Կաղանդը,- կը գոչէ յանկարծ Խաթուն հօրքուրը ներկաները հրմշտկելով եւ ճգնելով ճամբայ բանալ դէպի չոր փայտի դէզը։ Ժամկոչի կատակասէր բարի պառաւին ալ չեն խնայեր։ Ընդհանուր հարա-հրոցի ու ծիծաղներու մէջ դափնեոստերը անխնայ կը հարուածեն անոր ճերմկած գլուխը։ Երկու ձեռքերով գլուխը պաշտպանելով՝ հազիւ թէ ինքզինք ժողովուրդին մէջ կը նետէ Խաթուն հօրքուրը։
Մէկէն պատանիի մը խանդավառ բացագանչութիւնը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէ։
- Հէ՜յ, Գրաճ պապուկը կու գա՜յ։
Ամէն մարդ գլուխը ետ կը դարձնէ։ Արդարեւ եկեղեցիի քովի թաղէն վար կ՚իջնէ, աւելի ճիշդը կը գլտորի Գրաճ պապուկը։ Անիկայ հագած է մինչեւ ոտքերը հասնող վերարկու մը եւ գլուխը կը ծածկէ հսկայ փափախ մը, որ կ՚իջնէ մինչեւ ականջները։ Յատկապէս ինքնապաշտպանութեան բոլոր նախազգշութիւնները ձեռք առած է։ Գրաճ պապուկ խանդավառ ծափերու եւ կատակախառն ակնարկութիւններու տարափի մը տակ տեղ կը հասնի։
- Գրաճ պապո՛ւկ, ո՞ւր մնացիր։ Եթէ դուն չգայիր, Կաղանդը վառող պիտի չգտնուէր այսօր։
- Գրաճ պապո՛ւկ, եկո՛ւր, բռնկեցո՛ւր նայինք սա խարոյկը։ Ճահելներուն ձեռքը ինկեր էինք այսօր։
Գրաճ պապուկ ծաղրածուի արտայայտութիւն մը տալով դէմքին՝ կը հարէ.
- Պրէ՜ հէրիֆնե՛ր, կրակ մը չէք կրնար բռնկեցնել։ Գրաճ պապուկի մեռնելէն ետք, կ՚երեւի թէ Կաղանդը վառող պիտի չգտնուի այլեւս։
***
Երկարաձիք տարիներ այսօր մեզ հը բաժնեն սրտառուչ ժողովրդային մեղեդիի մը պէս քաղցր ու բարի այն օրերէն։ Մեզմէ անդարձ հեռացած սիրելի, մտերիմ դէմքերու ու վայրերու եւ կեանքի ու հողի իմաստութեամբ շնչող լքուած տոհմիկ սովորութիւններու տխուր յաճախանքն է որ Նոր Տարուան սեմին կը համակէ իմ հոգիս եւ ափսոսանք մը կը պոռթկայ շրթներէս՝ մտածելով թէ որքան ճիշդ դուրս եկաւ բարի ու աննման Գրաճ պապուկի մարգարէական նախատեսութիւնը. «Կ՚երեւի թէ մահէս ետք մարդ պիտի չվառէ այլեւս Կաղանդը»։
Այո՛, սիրելի Գրաճ պապուկ, այսօր մարդ չի վառեր այլեւս Կաղանդը։
***
(*) Տարիքոտ կիներու բերնին մէջ անմեղ յիշոց մը։
Աղբիւր՝ «Յուշամատեան Մուսա Լերան»