ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԵՂԲԱՅՐ - Ա.

Սիրելի... պա­­տուա­­կան... հա­­րազատ... յար­­գե­­­լի... հո­­գեւոր... մէկ հա­­տիկ... Ար­­դեօք կա՞յ գո­­յական մը այս բո­­լոր ածա­­կան­­նե­­­րուն ար­­ժա­­­նի։ Այո, «եղ­­բայր» բառն է ան «բարձրաթ­­ռիչ», «բա­­րեհամ­­բաւ», (Վեր­­ջին եր­­կու կո­­չումնե­­րը կը պատ­­կա­­­նին 17-րդ դա­­րու ամե­­նահե­­տաքրքրա­­կան բա­­նաս­­տեղծնե­­րէն մէ­­կուն՝ Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճեանին) Նոյն մօր ար­­գանդէն ծնած, նոյն կա­­թով սնած այդ տղան, աղ­­ջիկ զա­­ւակի հա­­մար հպար­­տութիւն եւ հո­­վանի մըն է, իսկ փոքր եղ­­բօր կամ որ­­բի հա­­մար պաշտպա­­նու­­թիւն եւ հօր շունչ մը երկրորդ։ Կը տես­­նէ՞ք, կան բա­­ռեր, որոնք սրբու­­թիւն բու­­րեն մե­­զի հա­­մար։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, թէեւ չու­­նիմ աւագ եղ­­բայր, կամ քոյր մը, որ ին­­ծի այդ աչ­­քով նա­­յի, սա­­կայն կը փա­­փաքիմ գրել «եղ­­բայր» բա­­ռի մա­­սին ու ձե­­զի բե­­րել մեր հին ու նոր գրչեղ­­բայրնե­­րու կող­­մէ ստեղ­­ծո­­­ւած այնպի­­սի գրա­­կան հարստու­­թիւններ, որոնք ան­­կասկած կ՛ար­­դա­­­րաց­­նեն վե­­րոյի­­շեալ բո­­լոր ածա­­կան­­նե­­­րը, նե­­րառեալ Քէօմիւրճեանի յօ­­րինած­­նե­­­րը։ Իսկ դուք մի զար­­մա­­­նաք, եթէ յօ­­դուա­­ծի մէջ յան­­կարծ յայտնո­­ւին եր­­գեր, ու լսէք եղ­­բօր գո­­վասան­­քը։

Բնիկ հայ­­կա­­­կան է «եղ­­բայր»ը, մեր ամե­­նէն հա­­րազատ բա­­ռերէն մէ­­կը։ Ան ու­­նի եղ­­բայրներ աշ­­խարհի բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ- անգլե­­րէն brother, լա­­տինե­­րէն frater, իտա­­լերէն fratello, գեր­­մա­­­ներէն Bruder, դա­­սական յու­­նա­­­րէն φράτηρ (frոtēr), պարսկե­­րէն برادر‎ (barādar), ռու­­սե­­­րէն брат (brat)... Դա­­րերու ըն­­թացքին, մին­­չեւ որ բա­­ռը առ­­նէ «եղ­­բայր» ձե­­ւը, ու­­նե­­­ցաւ մի­­ջին ձե­­ւեր- բրայր > բղայր > ղբայր > եղ­­բայր։ Մեր գա­­ւառ­­նե­­­րուն մէջ միշտ չէ, որ եղ­­բայրը կան­­չէին իր գրա­­կան ձե­­ւով։ Զէյ­­թունցին կ՚ըսէր «էխբ՛mր», ակնցին, սե­­բաս­­տա­­­ցին, արաբ­­կիրցին, խար­­բերդցին, պոլ­­սե­­­ցին «ախ­­բար», կար­­նե­­­ցին, ագու­­լիսցին, ախալ­­ցախցին «ախ­­պար», խար­­բերդցին «mխբ՛mր», վա­­նեցին, մշե­­ցին, ար­­ցախցին, ալաշ­­կերտցին, թիֆ­­լիսցին, սալ­­մաստցին եւ վի­­պագիր Ռաֆ­­ֆին «ախ­­պէր», համ­­շէնցին «ախ­­բէր», գո­­րիս­­ցին «ախ­­պըէր», հա­­ճըն­­ցին «ախբ՛այ»։ Միեւ­­նոյն ժա­­մանակ ձայն առին բա­­ռի գա­­ւառա­­կան փա­­ղաք­­շա­­­կան ձե­­ւերը- աբար, աբա­­րիկ, աբօ, ապեր, ապի, ափի, ափու։ Եւ օր մըն ալ այս ձայ­­նե­­­րով տպա­­ւորո­­ւած Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը գրեց. «Որսկան ախ­­պեր» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը. «Որսկան ախ­­պեր, սա­­րէն կու գաս / Սա­­րի մա­­րալ կը փնտռես», մինչ Յա­­կոբ Պա­­րոնեանը 1886 թո­­ւակա­­նին ստեղ­­ծեց հայ­­կա­­­կան թատ­­րո­­­նի ամե­­նաշատ բեր­­մադրո­­ւած թա­­տերա­­խաղե­­րէն մէ­­կը՝ «Պաղ­­տա­­­սար աղ­­բար»։ ԱԱնոնց զու­­գա­­­հեռ լսե­­ցինք հայ մշա­­կի ձայ­­նը... «Հօլ արա եզօ / Ջան, աղ­­բեր ջան, հօ, / Թօլ արա եզօ, / Ջան աղ­­բեր»։

«Եղ­­բայր» բա­­ռը տէր կանգնե­­ցաւ բազ­­մա­­­թիւ իմաստնե­­րու եւ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու։ Երբ Յով­­հաննէս Յով­­հաննի­­սեանը գրի առաւ «Ում որ եղ­­բայր անո­­ւանե­­ցի, ինձ թշնա­­մի իմա­­ցաւ» տո­­ղը, նկա­­տի ու­­նէր ազ­­գա­­­կանը, արիւ­­նա­­­կիցը։ Ռու­­բէրն Զար­­դա­­­րեանը երբ կը յոր­­դո­­­րէր «Լսե­­ցէ՜ք, ո՚վ տա­­րաշ­­խարհի եղ­­բայրներ, դո՜ւք ան­­ծա­­­նօթ, բայց մեր­­ձա­­­ւոր իմ հո­­գիիս»՝ նկա­­տի ու­­նէր իր ազ­­գի տղա­­ները։Նոյն միտ­­քով Մու­­րա­­­ցանը ըսաւ. «Ի՞նչ հարկ կայ խտրու­­թիւն դնել գիւ­­ղե­­­րի մէջ։ Դրան­­ցից ամէն մէ­­կում ապ­­րում են մեր եղ­­բայրներն ու քոյ­­րե­­­րը»։ Սի­­րով ու բա­­րեկա­­մու­­թեամբ իրար հետ կա­­պուած մտե­­րիմ ըն­­կե­­­րուն այսպէս խօսք ուղղեց Վա­­հան Տէ­­րեանը. «Ող­­ջո՜յն ձեզ մութ ու­­ղի­­­ներում երկրա­­յին, իմ եղ­­բայրնե՚ր, հե­­ռու­­նե­­­րում եւ բան­­տե­­­րում»։ «Եղ­­բայր» բա­­ռը 301 թո­­ւակա­­նին առաւ հո­­գեւոր բնոյթ։ Ան դար­­ձաւ վա­­նական «միաբան» Ան­­շուշտ, թէ Դե­­րենիկ Դե­­միր­­ճեանի խօս­­քի մէջ յստակ էր այդ իմաս­­տը, «Երի­­տասարդ վա­­նական եղ­­բայրը որ անձկու­­թեամբ հե­­տեւում էր հա­­սակա­­ւոր զօ­­րակա­­նին, խիստ մտա­­հոգ խօ­­սեց», սա­­կայն 1203 թո­­ւակա­­նին գրի առ­­նո­­­ւած յի­­շատա­­կարա­­նի մը մէջ կը կար­­դանք հո­­գեւոր եղ­­բայրնե­­րուն դի­­մող ծե­­րու­­նի գրի­­չի մը աղա­­չական խօս­­քը. «Ո՜վ սուրբ եղ­­բարք աղա­­չեմ զձեզ / Արդ դուք եղ­­բարք յի­­շեցէք զմեզ յա­­ղօթս»։ Եր­­բեմն ալ զար­­մանքով, զայ­­րոյթով գոր­­ծա­­­ծեցինք «եղ­­բայր» բա­­ռը. «Սա ի՞նչ խայ­­տա­­­ռակ վի­­ճակ է, եղ­­բայր»։ Հա­­կառակ իր յար­­գա­­­լիր դիր­­քին, օր եկաւ որ սի­­րահար քոյ­­րը հրա­­ժեշտ տո­­ւաւ եղ­­բօր. «Մեր ու աղ­­բեր թող տո­­ւի, իմ չի­­նարի եարը, / Ես իմ սի­­րածին առի, դար­­դի­­­ման եարը»։

«Եղ­­բայր» բա­­ռը, ի՜նչ եզա­­կի եւ պա­­տուա­­բեր երե­­ւոյթ, անձնա­­նուն է հա­­յու հա­­մար։ Հայ­­կա­­­կան աշ­­խարհի մէջ քիչ չեն Ախի­­ներ, Ախիկ­­ներ, Ախի­­ջան­­ներ եւ Աղբրաց­­ներ, որոնք բուն կը նշա­­նակեն «եղ­­բայր»։ Այդ այ­­րե­­­րէն մէ­­կը, Աղ­­բայրիկ վար­­դա­­­պետը ճար­­տա­­­րապետ էր, 1213-1232 թո­­ւական­­նե­­­րուն շի­­նեց Տե­­ղեր վան­­քը։

Երբ եղ­­բօր մա­­սին խօ­­սինք կը գոր­­ծա­­­ծենք ջեր­­մացնող, ըն­­տա­­­նեկան եւ ըն­­կե­­­րային սրբու­­թիւններ ակ­­նարկող ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Աւագ եղ­­բայր», «Երէց եղ­­բայր», «Կրտսեր եղ­­բայր», «Հո­­գեւոր եղ­­բայր», «Հա­­րազատ եղ­­բայր», «Աշ­­խա­­­տաւոր եղ­­բայր»։ Առա­­ւելա­­բար, մօ­­տիկ ըն­­կերնե­­րու կ՛ըսենք «աղ­­բեր տղերք», իսկ պա­­տերազ­­մի մէջ զո­­հուած զէն­­քի եղ­­բայրնե­­րու ընդհա­­նուր գե­­րեզ­­մա­­­նը կը կո­­չենք՝ «Եղ­­բայրա­­կան գե­­րեզ­­ման»։ Թէեւ փա­­փուկ է եղ­­բօր սիր­­տը, բայց ան գի­­տէ խիստ ու պա­­հանջկոտ ըլ­­լալ, այն ժա­­մանակ կը զայ­­րա­­­նայ ու, - նե­­րեցէք ար­­տա­­­յայ­­տութիւնս - , ցոյց կու տայ «հինգ եղ­­բայրնե­­րը»։

Քա­­նի՞ «եղ­­­բայր» ու­­­նի հա­­­յոց լե­­­զուն։ Յի­­­սու­­­նէ աւե­­­լի։ Ձեզ կը վստա­­­հեց­­­նեմ, բո­­­լորն ալ լաւ նկար­­­գիր ու­­­նին, բա­­­րի համ­­­բա­­­­­­­ւի տէր են։ Ըն­­­տա­­­­­­­նեկան այդ մեծ խմբան­­­կա­­­­­­­րի պատ­­­կա­­­­­­­ռելի ան­­­դամներն են՝ եղ­­­բայրա­­­շունչ, եղ­­­բայրա­­­սէր, եղ­­­բայրա­­­բաժին, եղ­­­բայրա­­­նոց (Բնա­­­կարան հո­­­գեւոր եղ­­­բայրնե­­­րու, Լեռ­­­նա­­­­­­­յին Կի­­­լիկիոյ մէջ վանք), հարսնեղ­­­բայր, փե­­­սեղ­­­բայր, ար­­­քա­­­­­­­յեղ­­­բայր, կաթ­­­նեղբայր։ ... Ալա­­­գեազ սարն ամ­­­պել ա, / Աղ­­­բեր իր ձին թամ­­­փել ա... Ու­­­րախ այս նկա­­­րի մէջ նկա­­­տեցի՞ք նա­­­խան­­­ձով եւ ատե­­­լու­­­թեամբ հա­­­մակո­­­ւած դա­­­ւաճան դէմ­­­քեր։ Անոնք, ցա­­­ւօք սրտի, պատ­­­ճառ եղան, որ ու­­­նե­­­­­­­նանք՝ եղ­­­բայրա­­­դաւ, եղ­­­բայրա­­­կուլ, եղ­­­բայրա­­­ջինջ, եղ­­­բայրաս­­­պան եւ եղ­­­բայրա­­­տեաց ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։ Անոնց մա­­­սին գրա­­­կան յի­­­շատա­­­կու­­­թիւննե­­­րը մին­­­չեւ այ­­­սօր կը մնան մա­­­տենագ­­­րութեան էջե­­­րու մէջ։ Ահա քա­­­նի մը վա­­­տահամ­­­բաւ օրի­­­նակ. «Ան­­­յի­­­­­­­շաչա­­­րու­­­թեամբն զեղ­­­բայրա­­­դաւ բռնա­­­ւորսն կե­­­րակ­­­րե­­­­­­­ցեր գի­­­տու­­­թեամբ ճշմար­­­տութեանն», «Ամե­­­նայն սպա­­­նօղ եղ­­­բայրաս­­­պան է», «Թշնա­­­մու­­­թիւնք եղ­­­բայրաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան», «Զեղ­­­բայրա­­­տեացն մար­­­դասպան կո­­­չէ»։ «Եղ­­­բայրաս­­­պան» բա­­­ռը որ­­­պէս ծա­­­ղիկի անուն տեղ ու­­­նի նաեւ հայ­­­կա­­­­­­­կան բու­­­սա­­­­­­­բանա­­­կան բա­­­ռարան­­­նե­­­­­­­րու մէջ՝ անո­­­ւան հե­­­տեւեալ մէկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թեամբ. «Եւ այսպէս կո­­­չուե­­­լուն պատ­­­ճառ՝ այն է կ՛ըսեն հին գի­­­տունք, որ երբ նոր ար­­­մատ կամ ձու մի բու­­­սա­­­­­­­նի՝ առ­­­ջիննե­­­րէն մէկն կու չոր­­­նայ»։

Իսկ մենք այ­­­սօր ըլ­­­լանք «եղ­­­բայրա­­­պաշտ» ու յօ­­­դուա­­­ծի առա­­­ջին մա­­­սը աւար­­­տենք մէկ այլ քաղցրա­­­բոյր բա­­­ռով՝ «եղ­­­բայրա­­­շահ»։ Թէեւ ժա­­­մանա­­­կավ­­­րէպ ածա­­­կան է ան, սա­­­կայն ըն­­­տիր է եւ ու­­­նի վեհ իմաստ. «Այն մէ­­­կը, որ գի­­­տէ եղ­­­բօր սիր­­­տը շա­­­հիլ»։ Այ­­­սօր նաեւ աւե­­­լի քան եր­­­բէք հայ ազ­­­գին պէտք է ան­­­սալ հե­­­տեւեալ խրա­­­տին. «Եր­­­կայնա­­­միտ (համ­­­բե­­­­­­­րող) լի­­­նել, եւ եղ­­­բայրա­­­շահ, եւ քաղցր եւ բա­­­րեսէր»։ Ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ար­­­տօ­­­­­­­նեցէք, որ հրա­­­ժեշ­­­տի երգն ալ նո­­­ւիրեմ բո­­­լոր եղ­­­բայրնե­­­րուն. «Աղ­­­ջի, անունդ Մա­­­յի, / Ճա­­­կատդ բո­­­լոր շա­­­հի. / Մի պաչ կ՛ու­զեմ, եր­կու տու, / Աս­տուած աղ­բերդ պա­հի»։