Տակաւին թանաքը թաց է այն երկու գիրքերուն, որոնք լոյս տեսան «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն եւ կը պատմեն Մուսա Լերան հայերու Թուրքիոյ մէջ նուազ ծանօթ կամ առհասարակ անծանօթ պատմութեան մութ էջերը։ Սերտար Քորուճուի գիրքերէն մէկը կը կրէ «Նահանգը Ինկաւ» խորագիրը եւ կը պատմէ Անտիոքը եւ շրջակայքը ներառող Իսքենտերունի սանճաքի Թուրքիոյ կցուելու պատմութիւնը։
Երկրորդ հատորը, որ կը կրէ «Ժողովուրդի Երթը» խորագիրը կը խօսի Կիլիկեան հայութեան իրենց հայրենի երկիրը լքելու եւ դէպի օտարութիւն գաղթելու ոդիսականը։ Երկու գիրքերը պատճառ դարձան որ մենք ալ անդրադառնանք Վաքըֆլը գիւղի կարկառուն դէմքերէն մէկուն «Չաքը» ածականով ծանօթ Թովմաս Քեսքինի կեանքի պատմութեան։ Պատմական այս վկայութիւնը կը պարտինք ինք եւս «Չաքը» ածական ժառանգած որդւոյն Յովհաննէս Քեսքինի։
Վաքըֆլը գիւղի Չաքը Պապուկը
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԵՍՔԻՆ
Շատ փոքր տարիքին որբացած էր իր երկու քոյրերով։ Քեռին խնամած էր որբերը։ Մանուկ տարիքին սկսած էր հողագործութեան։ Դպրոց չէր կրցած երթալ։
1939-ին երբ միամեայ Հաթայի Հանրապետութիւնը կը որոշէ Թուրքիոյ միանալ, Մուսա Լերան հայերը կը մտահոգուին իրենց անվտանգութեան մասին։ Կը լքեն դարերէ ի վեր իրենց պատկանող արտերն ու պարտէզները եւ կը գաղթեն դէպի Լիբանան։ Հայրս այդ ժամանակ 13 տարեկան էր։ Աղքատութեան, թշուառութեան զրկանքի տարիներ էին։ Քեռին որոշած էր մնալ հայրենի երկրի վրայ։ Մինչ այդ գաղթող բեռնատարները դիտելու համար փողոց ելած քոյրերը ամէն ինչէ անտեղեակ ճամբու եզրին ձեռք կը շարժէին գացողներուն։ Այս կառքերէն մէկուն մէջ ճամբորդողները «Այս աղջիկները չթողենք թուրքերուն» ըսելով կը գրկեն ու իրենց հետ կը տանին քոյրերը։ Հայրս դառն իրողութիւնը կ՚իմանայ, երբ աշխատանքէն կը վերադառնայ։
1939-էն ետք կապը խզուած է քոյրերոն հետ։ Այլսեւս բոլորովին միայնակ է այս աշխարհի վրայ։ Տարիներ կ՚անցնին, ինք կը մեծնայ եւ ապա կը նշանուի։ Սակայն չար բախտի բերմամբ նշանածը անակնկալ կերպով կը հիւանդանայ ու մահանայ։ Մայրս կը վկայէր թէ հօրս նշանածը գիւղի ամենագեղեցիկ աղջիկներէն մէկն էր։ Նշանածի մահով անգամ մը եւս կը ճաշակէ չար բախտի ապտակը։ Աւելի ուշ կ՚ամուսնանայ մօրս հետ ու մենք կը ծնինք։
Մանկութենէն որբանալը եւ քոյրերէն բաժնուիլը խոր հետքեր թողուցին իր վրայ։ ընդհանրապէս չէր ժպտար։ 1973-ին երբ քոյրերը անակնկալ կերպով այցելեցին մեզ մեր տունը դրախտի վերածուեցաւ։ Մանկութեան տարիներուն կորսնցուցած քողրերուն 34 տարի վերջ հանդիպած էր։ Ես ալ հոն էի, բայց չեմ կրնար նկարագրել հանդիպման այդ պահը։ Առանց բառ մը իսկ արտասանելու փաթթուած էին իրարու եւ հեծկլտալով կուլային մեծ ուրախութեամբ։ Առաջին անգամ կը տեսնէի հօրս արտասուգը։
Հայրս այդ աղքատութեան մէջ շուարած էր թէ ինչպէս հիւրասիրէ քոյրերը։ Խոյ մը մորթեց, սեղաններ բացուեցան՝ կեր ու խում, խինդ ու ծիծաղ եւ արտասուգ բոլորը իրար խառնուած շատ շուտ սպառեցան հաշուած 15 օրերը։ Նոյնպէս անբացատրելի էր անոնց ետդարձի պահը։
Այս հանդտպւկմէն վերջ անգամ մը եւս իրար չտեսան։ Նախ մեծ հօրաքրոջս մահուան լուրը հասաւ։ Գլուխը ծրեց մեզի յայտնի չըրաւ արցունքները։ Յետոյ իմ հարսանիքի գիշերն էր հրաւիրեալներէն մէկը նամակ մը երկարեց հօրս Լիբանանէն ղրկուած էր։ Ուրախացաւ։ Կարդամ ըսելով ինծի տուաւ նամակը։ Այս անգամ փոքր քրոջ մահուան գոյժը կը պատմէր եկող նամակը։ Նամակին հետ լուսանկար մըն ալ ղրկած էին։ Երկու կաթիլ արցունք նկատեցի աչքերուն։ Խաւարեցաւ հարսնիքի ուրախութիւնը։ Այդ գիշեր ընդմիշտ դէպի աչքերը անհուն հարած տարուեցաւ խոր յիշատակներու։
Ան բառին բուն իմաստով բանուոր մըն էր։ Հացը քարէն հանողներէն։ Քարկոտ մըն էր, քարի վարպետ մը։ Մեծ ձեռքերովը կը տաշէր ձեւ կու տար ամենաամուր քարերուն իսկ։ Տուներ կը սարքեր քարով, պարտեզի պատեր։ Ցերեկները ուրիշներուն համար կ՚աշխատէր իսկ գիշերները իր տան համար։ Բանուորութեան վաստակով փոքրիկ պարտէզ մը եւ քանի մը ոչխար գնած էր։ Մենք ոչխարներու հետ նոյն սենեակը կը մնայինք։ Սենեակի մէջտեղէն ցանկապատով մը բաժնած էր ոչխարները մեզմէ։
1997-ին գիւղի եկեղեցին պիտի վերակառուցուի։ Հայրս այլեւս ծերացած էր, բայց դուրսէն եկած վարպետներն ալ, երբ կարգը հասաւ գմբէթին «Մենք չենք կրնար գմբէթ սարքել» ըսելով թողեցին գացին։ Հայրս դարձեալ առաջ եկաւ եւ իր ցուցմունքներով երիտասարդներոն հետ կառուցեց գմբէթը։
Անգամ մը գիւղի մէջ թաղում կար, երիտասարդներս գացած ենք շիրիմը փորելու։ Յանկարծ յայտնուած էր ժայռ մը, որը չենք կրցած կոտրել։ Ճարահատ հօրս դիմեցինք։ Իջաւ փոսը, նախ մաքրեց քարին երեսը, զգուշօրէն երակ մը փնտռեց այդ ժայռին վրայ եւ այդ երակը գտնելէն վերջ ալ մուրճի ուժգին մէկ հարուածով ժայռը բաժնեց երկուքի։
Փոթորկոտ էր, կը հայհոյէր, կեանքը այդպէս ձեւաւորած է զինք։ Իսկ երբ առանձին մնար մեղմ ու քնքուշ երգեր կ՚երգէր։ Ընդմիշտ աշխատեցաւ մահուան հետ հանդիպումն ալ աշխատանքի պահուն եղած էր։ Սրտի յանկարծակի կաթուածով մը հրաժեշտ առաւ մեզմէ։ Ես այսօր իր տնկած ծառերու շուքին տակ անոր ճրագը վառ պահելով նոյն տխուր երգերը կ՚երգեմ։