Նախորդ շաբաթ այս էջերու վրայ անդրադարձած էինք Պուրսայի մէջ վաճառքի հանուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մասին։ Այդ լրատուութեամբ անդրադարձած էինք նաեւ Թուրքիոյ մէջ անհատներու սեփականութիւն դարձած եկեղեցիներու գոյութեան տարօրինակութեան։ Արդարեւ այս շաբաթ վրայ հասած է Կուտինայի հայկական Սուրբ Թորոս եկեղցւոյ իր սեփականատիրոջ ձեռքով փլուզման լուրը։ 1600-ական տարեթիւերուն թուարկուած եկեղեցին նախապէս օգտագործուած էր հարսնիքի հանդիսութիւններուն համար։
ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան մշակոյթի նախարարին հարցումնագիր մը յղած է հարցնելով թէ ի՞նչ պաժամիջոցներ կը մտադրուին եկեղեցին փլող կալուածատիրոջ հանդէպ, քանի որ այդ շինութիւնը գրանցուած էր նախարարութեան մշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներու ցանկին։
Փայլան նաեւ կը նշէ եկեղեցւոյ իբրեւ յիշողութեան վայր նշանակութիւնը, քանի որ հոն մկրտուած է Կոմիտաս վարդապետ։
Եկեղեցիի փլուզումը արձագանգ գտած է նաեւ մամուլի էջերուն։