Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ տարեթիւերը ունին խորհրդանշաններ։ 1990-ականներու ամենաշատ յիշուած խորհրդանշանն էր «Սպիտակ Թորոս» կոչեալ ինքնաշարժները, որոնք կը գործածուէին պետութեան գաղտնի գործակալութիւններու կողմէ։ Յատկապէս քրտաբնակ տարածքներու բնակիչները փորձառութեամբ գիտէին թէ սպիտաը Թորոսով տարուածները ետ չեն գար։ Պետութեան անվտանգութեան ծառայութիւնները ունէին նաեւ ոչ պաշտօնական աշխատանք, որու համար երբեք հաշուատու չէին։ Չէին, որովհետեւ պետական մարմինները սկզբունքօրէն կը մերժէին նման կառոյցներու գոյութիւնը։
Այս օրերուս յաճախակի կը յիշուին սպիտակ Թորոսները, այն տարբերութիւնով թէ այժմ նոյն առաքելութիւնը կը կատարեն սեւ թրանսփորթըրները։
20 Յունուարին առաւօտուայ ժամերուն գործատեղի երթալու համար տունէն դուրս եկող երիտասարդ համայնավար մը Կէօքհան Կիւնէշ առեւանգուեցաւ քանի մը անձերու կողմէ, որոնք զինք հրելով սեւ թրանսփորթրների մը մէջ տարին անյայտ վայր մը։
Կիւնէշի ընտանիքը դէպքը լսելով ահազանգ հնչեցուցին իրենց հարազատի առեւանգումի մասին։ Հինգ օր շարունակ ապարդիւն մնաց անոնց բոլոր դիմումները եւ որոնումները։ Վեցերորդ օր առաւօտուայ ժամերուն Կէօքհան Կիւնէշ ազատ արձակուեցաւ զինք առեւանգողներու կողմէ։ Նոյն օր յետմիջօրէին Մարդու Իրաւունքներու Միութեան մէջ մամլոյ յայտարարութիւնով մը լրագրողներուն ներկայացաւ ու պատմեց այդ վեց օրերու ընթացքին իր ապրածները։
«20 Յունուարի առաւօտուն էր, երբ մօտեցած էի աշխատատեղին յանկարծ զիս շրջապատեցին չորս կամ հինգ անձեր եւ զիս հրմշտկելով թխմեցին ինքնաշարժի մը մէջ։ Երկուքը կողքիս նստան, անմիջապէս գլխուս անցուցին սեւ պարկ մը եւ գլուխս ծղեցին մինչեւ ծունկերուս։ Չեմ գիտեր թէ ուր տարին։ Բայց ընդարձակ տարածք մըն էր եւ հաւանաբար հոն ինձ նման առեւանգուած ուրիշներ ալ կային։ Հինգ օր շարունակ տանջանքներու ենթարկուեցայ։ Յաճախ ծեծեցին մարմնիս ելեկտրական հոսանք տուին եւ մերթ ընդ մերթ ալ պաղ ջուր թափեցին վրաս։ Պահ մը հարցուցին թէ արդեօք գիտեմ թէ իրենք ո՞վ են։ «Լրաքաղութի՞ւն» հարցուցի, իսկ իրենք պատասխանեցին։ «Մենք անտեսանելիներն ենք»։ Արդարեւ անտեսանելիները վեցերորդ առտու զինք ազատ թողած են աչքակապով եւ թելադրած որ ետ չնայի։
Անշուշտ այս անցուդարձերը բացարձակապէս տեղ չեն գտած իշխանամետ ԶԼՄ-ներու վրայ։