ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
«Մեր ունեցածը՝ ըստ արժանաւորն
չենք գնահատում բայց վայելում ենք,
իսկ երբ կորցնում ենք, յայտնաբերում
ենք այն արժէքները որ չէինք տեսել»
Շեքսպիր
Կը Կարծեմ, թէ աշխարհասփիւռ հայերու հիմնական մտեծմունքը ոչ միայն 44 օրեայ նզովալ պատերազմն էր, այլ նաեւ անոր հետեւանքները եւ ապագայի անորոշութիւնը։ Միայն պարզամիտներ են որ նոյնը չկրկնելու տարբերակը չեն տեսներ ինչպէս որ չտեսան Յուլիս ամսին Նախիջեւան տեղի ունեցող զինավարժութիւնը։ Այդ մէկը նախազգուշացեմ էր, առանց նախապայմանի համաձայնուիլ Լաւրովի ծրագրին եւ յանձնել տարածքները առանց դիմադրութեան։ Այս պայմանը որ տասնամեակներ շարունակ կը կրկնուէր, բայց մերոնք չէին ցանկանար համակերպիլ այդ սկզբունքին։ Փութինի թեւի տակ պատսպարուելով կը կարողանային յետաձգել կամ ձգձգել խարխուլ վիճակը առանց որեւէ առարկայական լուծում գտնելու։ Միւս կողմէ Մինսկեան խմբակի համանախագահները բոլոր հանդիպումներու ընթացքին կառչած էին այդ նոյն սկզբունքին։
Այսօր եւս Կարսի տարածքին, թուրք-ազերի զօրքերը մեծ ծաւալի նոր զինավարժութեան կը պատրաստուին, մերոնք անդեօք կը նկատեն, որու դէմ է այդ գործողութիւնը։ Մեր հիմնական թշնամին կը շարունակէ կրկնել, որ Երեւանը եւ Սիւնիքը հայկական չեն, առանց դադրեցնելու որոշ ոտնձգութիւններ սահմանին վրայ։ Իսկ մեր տհաս ընդդիմադիր այրերը կը կարողանան միասնաբար իրենց պետութեան դէմ ցոյցեր կազմակերպել՝ իրար յօշոտելու ախորժակով։
Խոստովանինք թէ վաղուց կորցրած ենք իրատես ըլլալու բնական մեր ունակութիւնը։
Հայաստանցիներու օտարամոլութիւնը տեսնելու համար հեռադիտակի կարիք չի կայ։ Այս պահուն կը յիշեմ Կոլտա Մէյերի պատգամը իր հայրենակիցներուն։
«Ուժեղ պետութիւն կառուցելու համար անհրաժեշտ է որ , օտարութեան մէջ բնակուողները վերադառնան երկիր, ապագայի հոգատարութիւն չունենալու պայմանով։ Երկրէն դուրս ելլեն միայն արձակուրդի առիթով որուն համար անհրաժեշտ պայմանաններն են։
-Կաշառքը համարուի դաւաճանութեան համազօր եւ բոլորը պետական այրերու հետ մէկտեղ դատուին օրէնքի խստութեամբ՝ երբ կաշառուած են։ Զինուորականները, բժիշկները մանակավարժները անհրաժեշտաբար բարձր գնահատուին։
-Աշխատիլ, աշխատիլ եւ աշխատիլ քանզի մեզմէ բացի՝ ոչ ոք պատրաստ է հոգալ եւ մեզ պաշտպանել, սնել եւ կառավարութեան բարեկեցութիւնը ապահովել»։
Այս պատգամը նման է Հայաստանի չափերով կարուած շքեղ հագուստի եւ ճիշդ կ՚ըլլար որ բոլորը տեղեկանային այս իրողութեան։
Յաճախ կը կասկածիմ տեսնելով երկրի տիրող երեւոյթները՝ դրակա՞ն թէ բացասական է մեզ համար անկախութիւնը։ Դժուար է կողմնորոշուիլ, քանի որ երեք տասնամեակ սխալներ կուտակած ենք բոլոր ոլորտներուն։ Չենք ստեղծած համահայկական մտքի առանցք, որ ըլլար մեր ուղեցոյց հաւատամքը՝ իւրաքանչիւր քայլի համար։ Ընդ հակառակ անբարոյ, անգրագէտ կեցուածքը համատարած բնոյթ ստացած է։ Զանց չառնելով ազգային արժէքներու՝ պետականութեան, դիւանագիտութեան, բանակի, կրթութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ տնտեսութեան աւերումը, նշենք նաեւ արդիւնաբերութեան կատարեալ, տարրալուծումը, ոչնչացումը։ Այս նզովեալ վիճակի հեղինակը մէկ հոգի չէ, անոնք բազում են եւ տարբեր տրամաչափի։
Եթէ Փաշինեանի գալուստը նախկիններէն փրկուելու միջոց է եւ շատերը ծափահարեցին ապա այն չեղաւ մեծ վերակառուցում։ Թերեւս անփորձութիւնը թոյլ չէր տուած ձերբազատուիլ թաւշեայ թիկնոցէն, դառնալով որոշ սխալներու ակունք, որ դաւաճանութիւն որակել՝ մեր համոզմամբ թիւրատեսութիւն է եւ անիրաւ, չնայած ինքը եւս կը փորձէ անցեալի սխալներու թափանցիկ շղարշի ետեւը թաքնուիլ։
Մէկի կամ միւսի սխալը մատի փաթաթան ընելը պայքար չէ, խնդրի լուծում եւս չէ։ Մանաւանչ որ սխալէն բան սորվիլը եւս հայոց մշակոյթի մաս չի կազմեր։ Ուրեմն մերօրեայ հրամայականը ինչ ձեւով վերականգնելն է, որու համար պէտք է ազգով սթափինք, արթնանանք եւ լուրջ ուղիներ փնտռենք ցոյցերու փոխարէն։
Բազում այլ խնդիրներու կողքին կարելի է մտածել եւ ձեռնարկել մեր երկրէ ներս պսակաձեւ ժահրի դէմ եւ այլ պատուաստի արտադրութեան կեդրոնի ստեղծումը։ Ամբողջ աշխարհ այդ խնդիրով հետաքրքիր է եւ այս մարզէ ներս մեծ յաջողութիւն գրանցած է «Մոտերնա» ընկերութիւնը, որու տնօրէնն է Նուպար Աֆէյեանը։ Ինչո՞ւ անոր դիմելով չփորձենք։ Թերեւս յաջողուի։ Նման բնոյթի քայլերու պէտք է դիմենք զինամթերքի արտադրութեան վերաբերեալ։ Տասնամեակներ է, որ երկիրը անարդիւնաւետ սպասարկութեամբ եւ հանքեր մշակելով կը յառաջանայ, որ հեռու է շահաւէտ ըլլալէ։ Չեմ բաժներ պարտութիւնը վերջակէտ համարող կարծիքը։ Ան պիտի ըլլայ մեր վերափոխման սկիզբը։ Պայմանաւ որ պատրաստ ըլլանք քաղաքական կարգապահութիւնը եւ ժողովուրդի անկիրթ կեցուածքը բարձրացնելով մենք եւս յաղթական կը դառնանք, վստահ եմ։
Պէտք չէ մոռանալ որ մեր երկիրը չամրացուած պատնէշ է բան-իսլամական վարակիչ տարածման ծրագրի դիմաց։ Մեր դերը հսկայական է քաղաքակիրթ երկիրները այդ չարիքէն փրկելու գործին մէջ։ Թէեւ շատերը գիտեն, բայց ոմանք չտեսնել կը ձեւացնեն։ Մեր ուսերուն դրուած ակամայ պարտականութիւնը պատուով իրագործելու եւ մեզ վրայ ծանրացած նզովքէն ազատուելու համար զգօն, իրատես, արթուն պիտի ըլլանք մինչեւ որ գայ մեր օրը։