ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱՐ-Բ.

Շաբաթ մը առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձե­զի ներ­կա­յացեր էի «լար» բա­ռով ու զար­կեր էի անոր դա­սական թե­լերը։ Տե­սեր էինք, թէ «լար» բա­ռի արեւմտեան ծայ­րը, մի­ջազ­գա­յին ճա­մապար­հի մը նման, կ՛եր­կա­րէր դէ­պի Յու­նաստան, ապա մին­չեւ Լա­տիում, լա­տինա­կան լե­զուի հայ­րե­նիքը, իսկ հիւ­սի­սական ծայ­րը կը հաս­նէր մին­չեւ Վրաս­տան։ Յի­շուած եր­կիրնե­րու մէջ բա­ռը կը դառ­նար εύληρα- էվ­լի­րա, lōrum, ლარი- լա­րի։

Ին­չո՞ւ յար­մար տե­սեր էի այդ միավան­կի մա­սին խօ­սիլ։ Բազ­մա­թիւ են պատ­ճառնե­րը։ Նախ՝ մո­լար են օրե­րը, լա­րուած է Ար­ցա­խը, լա­րուած են Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րը, վար առեր ենք մեր «աղեղն ու լա­րը», իսկ ամե­նէն վա­տը, հայ­կա­կան քնա­րի քաղցր լա­րերը դադ­րած են հնչե­լէ, հայ­րե­նիքի քա­ղաքա­կան վի­ճակն ալ է լա­րուած։ Ուստի այ­սօր, կ՛առա­ջար­կեմ ան­գամ մը եւս ճե­մել «լար»ի վրայ, ինչպէս կ՛ընէ վար­պետ լա­րախա­ղաց մը, ու հնչեց­նել անոր քնա­րական թե­լերը։

«Լար» բա­ռը, յար­գե­լի ըն­թերցող, հայ ազ­գի անո­ւանա­դիր նա­խահայր Հայկ Նա­հապե­տի ձեռ­քով դար­ձաւ ռազ­մա­կան ոյժ։ Հայկն էր, որ շի­նեց լայ­նա­լիճ աղեղ, քա­շեց անոր լա­րը, իր եռա­թեւ նե­տը ար­ձա­կեց իր թի­րախին։ «Լար»ը հա­յուն շնոր­հեց ազա­տու­թիւն։ Այդ օրե­րուն բարձր էին ազ­գի մար­տա­կան ոյ­ժե­րը։ Մեր նախ­նի­ները հայ­րե­նիք կը պա­հէին պռկած իրենց «աղեղն ու լա­րը» ու հպա­տու­թեամբ կը գոր­ծա­ծէին «լար աղե­ղան» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Այդ օրե­րու շունչը եւ ոգին նկա­րագ­րե­լու հա­մար հնա­րեցի եւ կ՚առա­ջար­կեմ գոր­ծա­ծել երեք նոր բա­ռեր. «ռազ­մա­լար», «մար­տա­լար», «հե­րոսա­լար»։ Իսկ 19-րդ դա­րու երկրորդ կէ­սին մենք փռնե­ցինք՝ նո­ւագի լա­րը։ Այս յօ­դուա­ծի մէջ կը լսենք այէ «լար»ի քաղցր թրթռա­ցումնե­րը ու կը թա­փան­ցենք հայ քեր­թո­ղի հո­գիի եւ սրտի նո­ւիրա­կան զգաց­մունքնե­րուն։

Սի­րային զգաց­մունքնե­րու ամե­նէն ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւննե­րը կը պատ­կա­նին պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծ Տի­րան Չրա­քեանին, ուղղո­ւած՝ Իռե­նային, իր օտա­րու­հի տիկ­նոջ. «Էու­թե­նէս պա­տառ­ներ կը բրդին զքեզ կազ­մե­լու, զքեզ աւար­տե­լու հա­մար. ինձմէ սպա­ռելով կտրո­ւած լար մը քու դաշ­նա­կու­թեանդ մէջ զմայ­լե­լի շեշտ մը կ՚աւելցնէ... Ահա նո­րէն կ’անցնի, փա­ռաբա­նող, յա­ւիտե­նապէս մեռ­նող մրմունջը։ Կար­ծես թէ ինձմէ կ’ել­լէ. խո­կուն անաշ­խարհա­յին սար­սուռ. իմ տրտմու­թե­նէս, իմ լա­րերուս խորհրդազ­գա­ծու­թե­նէն կը հա­ռաչո­ւի... Ո՚վ իմ Իռե­նաս…»։

«Լար» բա­ռի հնչիւննե­րու մէջ տես­նել գե­ղեցի­կը եւ գե­ղեց­կուհին... Ահա գե­ղապաշտ գրիչ­նե­րու մշտա­դալար պտու­ղը... «Աղջկան կարմրա­լար թանձրա­շուրթն բե­րան», Ար­փիար Ար­փիարեան, «Սա­թենիկ մտիկ կ՚ընէր առանց հե­տեւե­լու խօ­սակ­ցութեան, կար­ծես քաղցր եւ տխուր լար մը, միակ լար մը կը հնչէր իր հոգ­ւոյն մէջ», Զա­պէլ Եսա­յեան։ Երո­ւանդ Սրմա­քէշ­խանլեանը, որ իրա­պաշտ էր, «Լո­ւացա­րարու­հին» պատ­մո­ւած­քի մէջ նկա­րագ­րեց, թէ ինչպէս հնա­մաշ լա­րէ մը կա­խուած էր անոր կեան­քը. «Սուրբիկ մին­չեւ մու­թը կը լո­ւար, եւ յե­տոյ, պար­տէ­զին մէջ լա­րած հին փտտուկ չո­ւան­նե­րուն վրայ կը փռէր շա­պիկ­ներն ու թաշ­կի­նակ­նե­րը»։ Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը «լար» բա­ռը գոր­ծա­ծեց ման­կա­հասակ ննջե­ցեալ­նե­րու լուռ տես­քը նկա­րագ­րե­լու հա­մար. «Ա՛յ լար կար­միր շրթունք վար­դե­գոյն, / Թա­ռամեալ գոյնդ եւ քայ­քա­յեցար»։ Իսկ ի՞նչ հնչիւն ու­նէր Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի լա­րը։ Կը պա­տաս­խա­նէ Յ. Ճ. Սի­րու­նին, որ կը խօ­սի գրա­կան ասու­լի­սի մը մէջ. «Օրիորդներ, տի­կին­ներ եւ պա­րոն­ներ, Դէմ­քը՝ զոր այ­սօր պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ ձե­զի, [...] նոր մըն է, եւ եթէ կ՚ու­զէք, նո­րագոյն մըն է այդ բա­նաս­տեղծը, որուն քնա­րը դեռ հա­զիւ թէ տաս­նեակ մը տա­րի թրթռա­ցեր է։ Եւ սա­կայն իր եր­գե­րը այնքան գրա­ւիչ են եղեր եւ իր քնա­րը այնքան բազ­մա­լար... Իր քնա­րը միակող­մա­նի չէ ու­րիշնե­րուն պէս, եւ Վա­րու­ժան ամէն լար կը թրթռաց­նէ միեւ­նոյն յա­ջողու­թեամբ»։ Մինչ Վա­րու­ժա­նը, Վարդգէս Ահա­րոնեանին ուղղած նա­մակին մէջ բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՛ւ 1904-1907 թո­ւական­նե­րուն, ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րուն, հե­ռաւոր Պէլ­ճի­կայի Կանտ քա­ղաքի մէջ տա­ռապե­ցաւ շատ. «Հա­յու­թիւնը կու լար եւ կը մռնչէր իմ մէջս, եւ եր­գերս դուրս կու գա­յին օտար երկնքի տակ՝ կա­րօտի լա­րովը միայն կա­պուած մեր երկրի հո­ղին եւ մար­դուն հետ»։

«Լար» բա­ռի մէջ Աւե­տիս Ահա­րոնեան լսեց խոր ան­տա­ռը, «Ան­տա­ռի խոր­քում առանց քնա­րի մի լար է հեծ­ծում», Աւե­տիք Իսա­հակեանը՝ մա­րալ մը, «Աղ­բիւրի մէջ մի մա­րալ, / Շուքն էր տե­սել եղ­նի­կին, / Ու ման կու գար միալար, / Մու­րիկ, մու­րիկ եղ­նի­կին», Լե­ւոն Շան­թը՝ ալե­հեր հա­նիի կէս­գի­շերա­յին հէ­քիաթը ունկնդրող քոյր-եղ­բօր ու­շադրու­թիւնը, «Ու պարզ կը յի­շէ… Գի­շեր է խո­րին. / իրենք քոյր-եղ­բայր լա­րու­մով ան­հուն / լռիկ պա­շարած ալե­հեր հա­նին՝ / կ՚ունկնդրեն անոր վէ­պերն հմա­յուն»։

Ան­ցան այդ օրե­րը, Պոլ­սոյ մէջ ծնունդ առին նոր սե­րունդներ, նոր քնար­ներ։ Մէ­կը Զահ­րատն էր, պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծու­թեան ար­դիական լա­րը։ Ան յոյս յայտնեց, որ այ­լեւս չպակ­սին ժպի­տով լա­րերը. «Մեր նօս­րա­ցած ան­տառնե­րէն այ­լեւս ծառ չպակ­սի / Կէս մութ կէս լոյս մեր օրե­րէն ոչ երգ ոչ պար չպակ­սի... / Մեր թրթռուն բա­րիին սա­գէն ժպտա­ձայն լար չպակ­սի»։ Գրա­կան եր­կու մէջ­բե­րու­մով ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ նաեւ «լար»ով շի­նուած բարդ բա­ռերու ամե­նէն հա­զուա­գիւ­տը՝ «Աս­տո­ւածա­լար»։ Ալեք­սանդր Փա­նոսեանն է առա­ջինի հե­ղինա­կը. «Այս մեծ աշ­խարհ է մի քնար Աս­տո­ւածա­լար», իսկ երկրոր­դը 1888-ին լոյս տե­սեր է «Բիւ­րակն» հան­դէ­սի մէջ, «Նո­ցա ձեռ­քը ոս­կի քնար Աս­տո­ւածա­լար», ստո­րագ­րութիւն՝ «Մ. Մ. Լու­սի­կեան, Տիվ­րիկ»։

«Լար» բա­ռը հնչեց նաեւ հայ­կա­կան գիր­քե­րու անուննե­րու մէջ։ Յի­շենք Պոլ­սոյ, Թիֆ­լի­սի, Երե­ւանի, Հալ­պէի մէջ լոյս տե­սած քա­նի մը անուն. «Արոյ­րէ Լա­րը», «Առանց Լա­րերի», «Տան­ջանքի Լա­րեր», «Հա­րազատ Լա­րեր»։ Լար մըն ալ հնչեց Պա­քու քա­ղաքի՝ հայ­կա­կան քնա­րական լա­րի արե­ւելեան ծայ­րա­մասի մէջ։ Վա­նի մէջ աշ­խարհ եկած, ծննդա­վայ­րի Երե­մեան, Պոլ­սոյ Կեդ­րո­նակա­նի եւ Փա­րիզի Սոր­պոն հա­մալ­սա­րանի մէջ ու­սում առած, Ղրի­մի, Թիֆ­լի­սի, Իրա­քի եւ Պարսկաս­տա­նի հայ­կա­կան թեր­թե­րու եւ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ պաշ­տօ­նավա­րած Ազատ Վշտու­նիի 1915 թո­ւակ­նին լոյս տե­սած բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու առա­ջին ժո­ղոուա­ծուն էր ան՝ «Սրտիս Լա­րերէն»։ Բա­ռը Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ ճար­տա­րագի­տական զար­գա­ցումնե­րուն քայլ յար­մարցնե­լով յայտնո­ւեցաւ նաեւ բազ­մա­թիւ գի­տական հրա­տարա­կու­թիւննե­րու մէջ. «Նա­խապէս լա­րուած եր­կաթ-բե­տոն պատ­րաստե­լու տեխ­նո­լոգիան», «Բարձր լա­րումնե­րի տեխ­նի­կայի լա­բորա­տոր աշ­խա­տանքնե­րի ձեռ­նարկ», «Հո­սանքնե­րի եւ լա­րումնե­րի չա­փու­մը»։ Բայց մենք վե­րադառ­նանք բա­ռի երաժշտա­կան հնչիւննե­րուն. «Դու սի­րուն մե­ծանուն, հան­ճարն ես եր­գիս, / Հո­գեշար, ոս­կե­լար քնարն ես ձեռ­քիս», Գու­սան Հա­ւասի, «Իմ քյա­ման­չան սի­րոյ ճամ­փիդ եմ լա­րել», Գու­սան Աշոտ, «Դու իմ մու­սան ես, առանց քե­զի / Եր­գել չեմ կա­րող. / Սրտիս տա­ւիղը / Բա­ցի քեզ­նից / Էլ չու­նիմ լա­րող», Գու­սան Շե­րամ, «Գու­սան եմ, ես զար­կում եմ սրտիս սա­զի լա­րերին», Աշոտ Գրա­շի։ Աշոտ Գրա­շիի «Անոյշ Հա­յաս­տան» երգն է, որ դեռ կը թրթռայ մեր ականջնե­րու մէջ.

Դու ծա­ռաս­տան ես, ես ծառ գա­րունքիդ,

Նո­ւագա­րան ես, ես լար գա­րունքիդ,

Նոր եր­գա­րան ես, ես բառ գա­րունքիդ.

Հա­զար մի եր­գից անոյշ Հա­յաս­տա­նե։

Դուք այժմ կ՚ու­զէք լսել, թէ ին­չո՛ւ է «լար» բա­ռը այնքան, ինչպէս ըսեմ՝ «հա­յալար» (յու­սամ այս նոր բառն ալ գոր­ծա­ծու­թիւն գտնէ)։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող ձե­զի հրա­ժեշտ տամ մէջ­բե­րելով Եղի­շէ Չա­րեն­ցի պա­տաս­խան-երկտո­ղով.

Ես իմ անոյշ Հա­յաս­տա­նի արե­ւահամ բարն եմ սի­րում,

Մեր հին սա­զի ող­բա­նուագ, լա­ցակու­մած լարն եմ սի­րում։

Մին­չեւ նոր հան­դի­պում, հե­ռու մնա­ցէք լա­րուա­ծու­թիւննե­րէ եւ տրտմալար երգերէ։