ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Լեզուական ստուգաբանութեան համաձայն մարդ էակը բնորոշող «Ադամ» բառի ծագումը կապուած է եփրայերէն «Ադամա» բառի հետ, որ կը նշանակէ հող։ Սուրբ Գիրքի պատումով մարդը հողեղէն է։ Չէ որ Աստուած իր արարչական աշխատանքին վերջակէտը դրաւ ափ մը հողին շունչ տալով ու Ադամը ստեղծելով։ Թերեւս այդ է մարդու եւ հողի միջեւ անհերքելի ենթարկուածութեան գաղտնիքը։ Չէ որ հող էինք եւ ի հող պիտի դառնայինք։ Ուրեմն եթէ իբրեւ մշակ հողը մշակելով կազմեցինք քաղաքակրթութիւն, արուեստագէտն ալ այդ նոյն հողը մշակելով ստեղծեց գեղարուեստի նմոյշներ։
Իմ թաղի մէջ փոքրիկ ցուցասրահի եւ աշխատանոցի մը պայմաններով հողը գեղարուեստի վերածող Սեհեր Պեճելը կը ծանօթացնեմ ձեզ։
Նախ կը հետաքրքրուիմ իր ուսումով։ Կ՚իմանամ որ ան Լիւլէպուրկազի մէջ նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանալէ վերջ յաճախած է Չուքուրովա Համալսարանի Կերամիկայի բաժինը։ Իսկ աւելի ուշ մասնագիտացած է նոյն ճիւղի մէջ, այս անգամ Կազի Համալսարանը։
Հապա ինչպէ՞ս եղած է նման ցուցասրահ մը կազմելու ոդիսականը։ Կը պատմէ նախ արուեստով զբաղելու դժուարութիւններու մասին։ «Քանդակը համեմատաբար աւելի շատ գնորդ ունի, քան կերամիկան։ Անոր համար ալ ես արուեստագէտներու մէջ խտրականութիւն չեմ ըներ։ Մինչ այդ ուսումով մասնագիտացածներու կողքին ինքնուս արուեսագէտներու ալ առիթ ընծայեցի իրենց գործերը ցուցադրելու համար։ Ընդհանրապէս դրամական պահանջ մը չեմ ունենար, այլ կը գոհանամ իրենց գործերէն մէկը վար դնելով։ Մինչեւ օրս մօտ 550 արուեստագէտի հետ աշխատեցայ, որոնց մէջ կան գեղանկարիչներ, քանդակագործներ, կերպարաուեստի զանազան ճիւղերէ գործեր արտադրողներ։ Բոլոր այդ գործերը կը ծանօթացնեմ նաեւ իմ www.sanatal.com կայքէջէն։ Այժմ կը պատրաստուիմ 1 Փետրուար 2021-ին մեկնարկելի «Նուէր Սիրեցեալին» խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 1 Մարտ 2021 եւ տեղ պիտի գտնէ 25 արուեստագէտներու գործերը»։
Հետաքրքրութիւնս աւելցած է։ Այս անգամ կ՚ուզեմ իմանալ թէ Սեհեր Պեճել իր կերամիկաներն ալ կը ցուցադրէ՞։ Ուրախ տրամադրութիւնով կը պատասխանէ թէ նախորդ տարուայ Դեկտեմբերին յատկապէս ալ Ամանորի ուղղեալ յատուկ ցուցադրութիւն մը ունեցած է, ուր վաճառքի հանած է մատչելի գիներով փոքր քանդակներ։ «Հետաքրքական էր իմ պատրաստած խնկամանը, որուն մէկ օրինակին վրայ խաչ կար եւ միւսին ոչ։ Վերջապէս խունկ ծխելը միայն քրիստոնեաներու յատուկ երեւոյթ չէ»։ Տեսնելով իր պատրաստած Զատկի հաւկիթները, կ՚ուզեմ իմանալ թէ ուրկէ՞ կու գայ քրիստոնէական ոճով զարդարուեստի նկատմամբ իր հակումը։ Կը խոստովանի որ մինչեւ հինգ տարի առաջ շփում չէ ունեցած, ոեւէ քրիստոնեայի հետ։ Բայց հիմա բնակած թաղի Պաքըրգիւղի մէջ շատ քրիստոնեայ ընկերներ ունեցած է։
«Հիմա անոնց շնորհիւ ծանօթացայ նաեւ եկեղեցիներու հետ։ Նոյնիսկ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին իմ արտադրած զատկի հաւկիթներով շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն։ Ինծի համար կարեւոր եղածը մարդկանց հաճելի բաներ արտադրելն է»։
Այս անգամ ուշադրութիւնս կ՚ուղղուի Սեհերի աշխատանոցին։ Կը պատմէ թէ առաւօտուն 09.00-էի մինչեւ երեկոյեան 19.00 անընդհատ կ՚աշխատի կերամիկաներ արտադրելով։
Չէ որ տեսածներս ընդհանրապէս փոքրակերտ գործեր էին կը հետաքրքուիմ, արդեօք մեծ ծաւալով գործեր ալ արտադրա՞ծ է։ Այո, կը պատասխանէ. «Յատկապէս ուսանողութեան շրջանին համալսարանը գործի փոխարէն ցեխ կը տրամադրէր, որոնցմով մեծահասակ քանդակներ սարքած եմ»։
Այս զրոյցով կ՚իմանամ որ Սեհերը 42 խառն ցուցահանդէսներու մասնակցած է եւ 2009-2011 թուականներուն Անգարայի մէջ երկու անհատական ցուցահանդէսներ։ Ան նաեւ երկու անգամ ալ խառն ցուցահանդէսներու մասնակցած է Փարիզի մէջ։
Ինչպէս միշտ կը պատահի այս զրոյցով ալ նոր ու հետաքրքրական ապրումի մը ծալքերէն ներս թափանցած եմ եւ ուրախ կը զգամ Սեհեր Պեճելը՝ անոր փոքրիկ աշխատանոցը եւ ցուցասրահը թաղիս մէջ վայելելով։