19Յունուար երեքշաբթի սպանութեան 14 ամեակի առթիւ «Ակօս»ի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինք յիշատակուեցաւ առցանց դրութեամբ։ Երբ աւելի քան 13 տարիներէ ի վեր շարունակուող դատավարութիւնը հետզհետէ կը մօտենայ իր աւարտին, Հրանդ Տինք յիշատակուեցաւ «Հոս ես Աղբարիկ» բնաբանով։ «Հրանդի Ընկերները» հարթակը ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն «Հոս ենք Աղբարիկ» կարգախօսին այս տարի նկատի ունենալով առցանց դրութեան ընդձեռած կարելիութիւնները համաշխարհային կոչ մը ընելով յայտարարեցին թէ Հրանդ Տինք Պոլսոյ քամիին մէջ, Արարատի գագաթի ամպերուն, Միջին Արեւելքի աղջնակի մը արցունքին, Ափրիկեցի մշակի մը ճակտի քրտինքին մէջ է։ Արդարեւ այս կոչի հետ կայքէջին տեղադրուած երկրագունդի քարտէզի մը վրայ հրաւիրեցին բոլորը հպումով մը իրենց տեղը յայտնելու։ Այսպէսով կարճ ժամանակի ընթացքին երկրագունդի քարտէզին զանազան կէտերու վրայ յայտնուեցաւ «Հոս ես Աղբարիկ» նշումները։
Այս տարի միայն Տինք ընտանիքի անդամներով սահմանուած էր «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան մուտքին կատարուող յիշատակումը։ Ժամը 15.00-ին Ռաքէլ Տինք այդ կէտէն արտասանեց այս տարուայ համար շարադրուած ելոյթը։
Միւս կողմէ «Հրանդ Տինքի Ընկերները» հարթակէն Պաշաք Տեմիրթաշ արտասանեց այս տարուայ մամլոյ յայտարարութիւնը։ Առցանց միջոցառման աւարտին հարթակին առաջնատար գործիչներէն Պիւլենթ Այտըն Հրանդ Տինքի յիշատակը յարգողները յաջորդ տարուայ համար հրաւիրեց այդ նոյն վայր, ուր նախորդ տարիներուն զանգուածային մասնակցութեամբ յիշատակուած էր Հրանդ Տինք։