Կալուածներու առուծախով զբաղուող ընկերութեան մը ծանուցումը վերջերս բաւականին արձագանգ գտաւ սոցցանցերու մէջ։ Ծանուցումը կը վերաբերէր նախապէս հայերու պատկանող եկեղեցիի մը, որ այժմ սեփականատէրը կ՚ուզէր ծախել 6 միլիոն ԹԼ.-ի փոխարէն։ Աշխարհի վրայ շատ մը երկիրներու համար անհաւատալի երեւոյթ է եկեղեցիի մը անհատական սեփականութիւն ըլլալը։ Բան մը, որ Թուրքիոյ մէջ բոլորովին սովորական կը դիտուի, քանի որ Օսմանեան շրջանէ Հանրապետական տարիներու անցնելու ընթացքին բազմահազար տաճարներ, դպրոցներ, վանքեր եւս մատնուած են անտէրութեան եւ բաշխուած են երկրի մահմետական հասարակութեան։ Լրատուութիւնը տեսնելով փորձեցինք լրացուցիչ տեղեկութիւններու հասնիլ, որու հետեւանքով պարզուեցաւ թէ վաճառքի նիւթ դարձողը Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պատկանող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին է, որ կառուցուած է 1839 թուին Պօղոս Մանուշեան Արք. Եպիսկոպոսի գահակալութեան շրջանին։ Եկեղեցիի օծումը կատարուած է ձեռամբ Անտոնեան Միաբանութենէն Հայր Պօղոս Վարդապետ Հաճըեանի՝ որ ծագումով Փրքնիկցի էր եւ ժամանած էր Լիբանանէն։ Եկեղեցին 1862 եւ 1893 թուականներուն կ՚ենթարկուի վերաշինութեան, որուն ծախսերը կ՚ապահովուի ժողովրդական հանգանակութիւնով։ Բոլոր այս տեղեկութիւնները արձանագրուած են 1913 թուակիր տոմարի մը մէջ ձեռամբ Յովհաննէս Վրդ. Չերքեշլիեանի։ Այս տոմարի մէջ կը նշուի նաեւ մինչեւ 1913 թուական Պուրսա քաղաքի մէջ տեղի ունեցած մկրտութիւնները, պսակադրութիւնները եւ թաղումները։
Մինչ այդ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի վիճակաւոր արհիապատիւ Լեւոն Գերապայծառ Զէքիեան կապ հաստատած է վաճառքը ստանձնող ընկերութեան հետ եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած է եկեղեցւոյ ապագայի շահագործման եղանակներու մասին։
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէ ստացուած լուրերու համաձայն հաւանական է, որ Գերապայծառ Զէքիեան Մարտ ամսուայ մէջ հանդիպում ունենայ Պուրսա քաղաքի իշխանութիւններու հետ, դարձեալ եկեղեցւոյ ապագային մասին կարծիքի փոխանակումներ ունենալու առումով։
Եկեղեցին անցեալին եւս մամուլի օրակարգին էր դարձեալ վաճառքի մը հաւանականութեամբ, որու մասին «Ակօս»ի թղթակիցը Ֆաթիհ Կէօքհան Տիլեր մեկնած էր Պուրսա եւ կատարուածներու մասին թղթակցութիւն մը հրապարակած էր 2 Մարտ 2016 թուակիր «Ակօս»ի էջերուն վրայ։