Համատարած հաստատում մըն է՝ ուսուցչութիւնը նուիրում պահանջող ասպարէզ է։ Միայն այդ նուիրումը իւրացուցած ուսուցիչն է, որ կը հասնի նման ընդհանուր համակրանքի մը, որուն արժանացած էր Կեդրոնական եւ Եէշիլգիւղի վարժարաններու նկարչութեան բազմամեայ ուսուցիչ Եավուզ Քըլըչէր։ Կեդրոնականէ ներս 30 տարիներու հասնող ուսուցչագործութեան շրջանին ան յաջողեցաւ իւրաքանչիւր աշակերտի դպչիլ, անոնցմէ գեղարուեստի տաղանդ ունեցողները յայտնաբերել եւ ապա ուղղել արուեստի ճիւղերուն մէջ բարձր ուսում ստանալու։ Ոչ միայն աշակերտութեան, այլ պաշտօնակիցներու շրջանակին մէջ ալ ապահոված էր մեծ սէր ու յարգանք իր անձին հանդէպ։ Այս էր պատճառը, որ անոր վաղաժամ մահը խոր ցնցում պատճառեց վարժարանի անձնակազմին մօտ անխտիր բոլորին։ Մահուան գոյժը ստանալով կեդրոնականցիներ փութացին իրենց զգացումները արտայայտելու ընկերային ցանցերու միջոցաւ։
Տիօրէնուհի Սիլվա Գույումճուեան Մարկոսեան բարձր գնահատելով Քըլըչէրի մարդկային եւ յատկապէս ալ ուսուցչական յատկութիւնները, նշեց որ համագործակցութեան 30 տարիներուն Եավուզ վարժապետը միշտ մնացած է անփոխարինելի։ «Երբ երկրորդական բաժնին ուսման ծրագրէն դուրս բերին նկարչութիւն առարկան, ան այս անգամ ալ իբրեւ արուեստի պատմութեան ուսուցիչ շարունակեց իր առաքելութիւնը։
Եավուզ Քըլըչէր վերջերս կը տառապէր անողոք հիւանդութիւնով, որու հետեւեանքով մահացաւ եւ թաղումը տեղի ունեցաւ Մեծ Կղզիի մէջ։