ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱՐ

Հայկական բա­ռերու ստու­գա­բանա­կան նոր մէկ յօ­դուա­ծով կը ներ­կա­յանամ ձե­զի այս մո­լար օրե­րուն, երբ ան­հաստատ զի­նադա­դար հաս­տա­տուած է Ար­ցա­խի մէջ, Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րը խո­ցելի ըլ­լալ կ՚երե­ւին, վար առեր ենք մեր «աղեղն ու լա­րը» (ղե­կավար­նե­րը հա­կառա­կոր­դի հետ նստած են բա­նակ­ցութիւննե­րու սե­ղան), իսկ ամե­նէն վա­տը, հայ­կա­կան քնա­րի քաղցր լա­րերը դադ­րած են հնչե­լէ ու հայ­րե­նիքի քա­ղաքա­կան վի­ճակն ալ է լա­րուած։ Այսպի­սի կա­ցու­թեան մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, որո­շեցի անդրա­դառ­նալ «լար» բա­ռին։ Ան­շուշտ Լա­րուս մը կը լեց­նէ անոր ոդի­սակա­նը, բայց մեր նպա­տակն է քիչ մը խա­ղալ անոր գրա­կան թե­լերուն վրայ։ Բայց նախ «լար»ին մէկ ծայ­րը կա­պենք Ոս­կե­դարուն, պինդ քա­շենք միւ­սը ու ամ­րացնենք ժա­մանա­կակից շրջա­նին, այ­նուհե­տեւ փոր­ձենք ճար­տա­րօրէն ճե­մել անոր վրայ, ինչպէս կ՛ընէ վար­պետ լա­րախա­ղաց մը։

Բնիկ է «լար» բա­ռը։ Անոր նախ­նա­կան ար­մա­տը կը նշա­նակէ «պտտել, ոլո­րել»։ Զայն կա­րելի է հա­մեմա­տել յու­նա­րէն εύληρα -էվ­լի­րա- «սանձ», լա­տինե­րէն lōrum «առա­սան, թոկ, պա­րան, սանձ» բա­ռերուն հետ։ Հա­յերէ­նի ճամ­բով բա­ռը ան­ցեր է վրա­ցերէն- ლარი -լա­րի-, որ անա­սու­նի աղի­քէ շի­նուած թել է։ Կա­նեփէ շի­նուած ըլ­լար, թէ աղի­քէ, այս միավան­կը եր­կու հա­զարա­մեակ քաղցր հնչիւն տո­ւաւ հա­յոց լե­զուին ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ անոր դա­լար մէկ մա­սը։

Մեր հի­ները «լար»ով սար­քեր եր­կու գոր­ծիք. զէնք եւ նո­ւագա­րան։ Չենք գի­տեր, թէ որ մէկն է աւե­լի հի­նը, բայց առա­ջինը կա­տարե­լագոր­ծեց հա­յոց անո­ւանա­դիր նա­խահայ­րը, Հայկ նա­հապե­տը, երբ շի­նեց լայ­նա­լիճ աղեղ, քա­շեց անոր լա­րը, ար­ձա­կեց եռա­թեւ նե­տը զայն հասցնե­լով իր թի­րախին։ Այդ պինդ լա­րը հայ ազ­գին շնոր­հեց ազա­տու­թիւն։ Այդ օրե­րու աւանդն է «լար աղե­ղան» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Նոյն օրե­րուն «լար» բա­ռը այլ ար­տա­յայ­տութիւննե­րով ալ կը պլպլար։ Գող­թան եր­գիչնե­րու մատ­նե­րով շար­ժե­ցին՝ «լար նո­ւագա­րանի», որմնա­դիր­նե­րը ար­ձա­կեցին՝ «լար շի­նողաց», ճար­տա­րապետ­նե­րը լա­րեցին՝ «լար ճար­տա­րու­թեան», դա­հիճ­նե­րը պրկե­ցին՝ «լար խեղդման», իսկ այն լա­րերը, որոնք ձա­խող էին, կո­չուե­ցան «լար ան­յարդար»։ Այս հա­մեստ եւ ծա­ռայա­սէր բա­ռը գոր­ծա­ծեցինք տա­րածու­թիւններ եւ հե­ռաւո­րու­թիւններ չա­փելու հա­մար։ Ահա միջ­նա­դարեան եր­կու վկա­յու­թիւն. «Լար եդեալ շրջէ զպա­րիսպն շուրջա­նակի», «Ան­ցաք գնա­ցաք լարս եր­կո­տասան»։ Ան նաեւ նշա­նակեց թա­կարդ, ծու­ղակ. «Կտրե­ցի լար խա­բէու­թեան»։ «Լար»ը դար­ձաւ բա­նաս­տեղծա­կան, երբ սկսաւ նշա­նակել խօս­քի եւ ձայ­նի շեշտ, երանգ, ապա ու­նե­ցաւ ալ աւե­լի քաղցր թրթռա­ցում, երբ հայ քեր­թո­ղը անոր պար­գե­ւեց նոր իմաստ՝ «հո­գիի, սրտի նո­ւիրա­կան զգաց­մունքը»։ Այ­նուհե­տեւ հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան էջե­րու մէջ յա­ճախ լսե­ցինք «ամ­րա­լար քնար», «զո­ւարթ լար», «քաղցր լար», «տրտում լար» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։

«Լար» ար­մա­տով շի­նուած բա­ռերու թի­ւը կը հաս­նի 80-ի։ Անոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը շի­նուած է 10-12-րդ դա­րերուն։ Ահա քա­նի մը հեշ­տա­լուր նմոյշ. լա­րաբա­ժին, լա­րաձայն, լա­րագիր, լա­րագ­նաց, լա­րախա­ղաց, լա­րասիւն,- (դժբախ­տա­բար ու­նինք նաեւ լա­րախեղդ եւ լա­րուա­ծու­թիւն բա­ռերը), աղե­տալար, թանձրա­լար, կարմրա­լար, մե­տաղա­լար, նե­տալար, տրտմա­լար։ Բառս սի­րեց թի­ւերու հետ կա­պեր հաս­տա­տել ու դառ­նալ՝ միալար, երկլար, կրկնա­լար, եռա­լար, երեք­լա­րեան, բազ­մա­լար։ Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ան­համբեր կը սպա­սէք լսե­լու հա­մար, թէ ո՛րն է հա­յոց լե­զուի ամե­նաեր­կար լա­րը։ «Լա­րախա­ղացու­թիւն» բառն է ան, ըն­դա­մէնը 15 տառ։

Երբ բա­ռը ան­քակտե­լիօրէն ամ­րա­ցուած էր հա­յոց լե­զուին, մնաց խա­ղալ անոր հետ ու նո­ւագ­ներ ստեղ­ծել։ Այդպէս ըրաւ միջ­նա­դարու հայ գրի­չը։ Անա­նուն եր­գի մը մէջ սի­րահա­րը կ՚ըսէ. «Սրտիկս է աղեղ նման, գիր­կը դ լար է ափրշում» (մե­տաքս)։ Ան­տունիի մը մէջ սի­րոյ խօսք կայ աննման գե­ղեց­կուհիին. «Ես կար­մունճ կա­պիմ քո հա­մար, / Մարգրիտ շա­րիմ լա­րէ լար»։ Սա­յաթ-Նո­վայի եարը եր­գող լա՞ր էր. «Սի­րուն չոն­գուր-չանգ իս, լար իս սա­զաւուր»։ 16-րդ դա­րուն Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցին, որ յայտնի է իր աշ­խարհիկ, կեն­սուրախ տա­ղերով, ըսաւ, թէ որ­քան վախ­ցեր է եարի նա­յուած­քէն. «Ու­ներդ աղեղ լար է երակ, / Թար­թիչդ նետ է խիստ սրած»։ Մով­սէս Տա­թեւա­ցին «լար»ը յար­մար գտաւ սգա­լու հա­մար. «Շրթունքդ լար, կլափդ փայ­լուն, զիա՞րդ ի հող մա­ծար»։ Գրի­գոր Տա­թեւա­ցին, Տա­թեւ վան­քի վա­նահայ­րը, քե­րական, ու­սուցիչ, աս­տո­ւածա­բան, «լար» բա­ռը գոր­ծա­ծեց բա­րոյա­կան դաս մը տա­լու հա­մար,- եթէ մարդ լա­րը քա­շէ դէ­պի իր ան­ձը՝ պա­տերազմ է, իսկ դէ­պի դուրս՝ խա­ղաղու­թիւն։ Ահա այդ իմաս­տա­սիրա­կան խօս­քի բնա­գիրը. «Աղե­ղան կոյսն (կող­մը) դէպ ի թշնա­մին լի­նի, եւ լարն դէպ ի յինքն, խռո­վու­թիւն նշա­նակէ. զի կա­մի նետ ձգել։ Եւ թէ լարն դէպ ի դուրս է, եւ աղեղն ի յինքն, հաշ­տութիւն նշա­նակէ. զի չկա­մի նետ ձգել»։ Կի­լիկեան Հա­յաս­տա­նի պատ­մութիւ­նը կը յի­շէ, թէ «լար» բա­ռը լսե­լով կը սար­սա­փէին հա­ւատ­քի մէջ թե­րացող­նե­րը, քան­զի Հե­թում թա­գաւո­րի ժա­մանակ, անոնք որոնք կը հայ­հո­յէին, պա­քը չէին պա­հեր, եկե­ղեց­ւոյ կար­գե­րը չէին կա­տարեր, յի­շոց կու տա­յին՝ կը պատ­ժո­ւէին հե­տեւեալ ձե­ւով. «Բռնեն լե­զուն կտրեն կամ ծա­կեն, լար քա­շեն մի­ջովը, նա­խատինքնե­րով օր մը շրջեց­նեն»։ Կը յի­շէ՞ք, թէ լա­րը նաեւ կը նշա­նակէր թա­կարթ կամ ծու­ղակ։ Ահա Յով­հաննէս Օձ­նե­ցին, ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը, աս­տո­ւածա­բան, իմաս­տա­սէր, Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ «սուրբ» դա­սուած այր, որ յայտնի էր սրբա­կեաց վար­քով եւ բա­զում առա­քինու­թիւննե­րով, 710-720 թո­ւական­նե­րուն գրի առաւ տո­ղիկ մը, որ մին­չեւ այ­սօր մեզ կը զար­մացնէ. «Լար ձգե­ցին որո­գայթ ոտից իմոց, եւ եդին (դրին) ինձ գայ­թակղու­թիւն»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող հայ­կա­կան դա­սական գրա­կանու­թեան հրա­ժեշտ տալ կա­րելի չէ առանց անդրա­դառ­նա­լու ան­ձի մը, որ ու­նէր հայ­կա­կան քնա­րի ամե­նէն զօ­րաւոր լա­րը։ Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանն է ան։ Ալի­շանն է, որ «լար» բա­ռը գոր­ծա­ծեց բո­լորէն աւե­լի, զայն հնչե­ցուց բազ­մա­լար շեշ­տե­րով։ Անոր քնա­րը մերթ կ՚ըլ­լար տրտմա­լար, մերթ քաղցրա­լար, կ՚ըլ­լար մերթ մեղ­մա­լար եւ մերթ լայ­նա­լար։ Եկէք հի­մա ան­հուն լա­րու­մով մը ականջ տանք անոր քնա­րին։ Ծո­վու շա­ռաչին գո­վասանք, «Ձայնն այն պահ ընդ պահ հնչեալ շա­ռաչա­շուփ՝ քաղցր է լար», գո­վասանք մշտաձ­մեռ լե­րան գա­գաթին, «Քնար լա­րեմ ի սարսռուտ սար սա­ռամա­նեացս», նո­րըն­ծայ աբե­ղային հո­գեւոր աս­պա­րէզի նկատ­մամբ խրատ, «Անդ ոչ սա­կաւ լա­րեալ կան / Քեզ եւ ծու­ղակք եւ դա­րան, / Ահա պնդեա զքեզ, որ­դեակ», բա­րոյա­կան մար­տի հրա­ւէր՝ կոյ­սե­րու հա­մար, «Առեալ զհաղբ ձեր եւ լար / Ի բաց ելէք վայ­րա­պար», մա­նուկ երա­ժիշ­տի գո­վասանք. «Խա­ղաս ի լար գե­ղաշուք... Թե­թեւա­շարժ լա­րեալ զկիրթ աղեղ­նիկ / Յան­հուն գնաս աս­պա­րէզ», հո­վիւ­նե­րու պա­րը լսե­լով մա­նուկ Յի­սու­սի ծնունդը, «Կա­մարա­ձեւ երկնից լար / Զի՞նչ մեզ հնչեն ան­դա­դար», Տի­րամօր նո­ւիրուած խօսք, «Լե­զու հրեշ­տա­կաց էր լար»։ Ալի­շանին կը պատ­կա­նին նաեւ հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «լար փափ­կա­լուր», «քստմնա­սար­սուռ լար», «լար ող­բա­կան», «շա­ւիղ կարմրա­լար», «լար տխուր քնա­րիս», «մա­հու լար», «քաղցր ի ճռինչ լա­րեալ հնչէր ընդ զո­ւարթնոց»։ Ի՞նչ էր անոր լա­րին աղ­բիւրը։ Ին­քը, վար­դա­պետը կը պա­տաս­խա­նեց, գոր­ծա­ծելով «Աս­տո­ւածա­լար» խիստ ըն­տիր ածա­կանը. «Յաս­տո­ւածա­լար քնա­րէ՝ ի խո­րոց սրտին՝ ար­ձա­կէ նո­ւագս զմայ­լա­ւանս»։

Շա­բաթ մը յե­տոյ դուք կը լսէք, թէ հո­գիի եւ սրտի նո­ւիրա­կան ի՞նչ զգաց­մունքներ եր­գե­ցին Վա­րու­ժաննե­րու, Եսա­յեան­նե­րու, Ինտրա­ներու լա­րերը։ Մին­չեւ այդ օրը, հե­ռու մնա­ցէք տրտմա­լար եր­գե­րէ եւ լարուածութիններէ։