Ամէն տարի Հրանդ Տինքի սպանուած կէտին վրայ կայացող Հրանդ Տինքի յիշատակման միջոցառումը այս տարի համավարակի սահմանափակումներու հետեւանքով պիտի կայանայ առցանց դրութեամբ։
«Հրանդի Ընկերները» հարթակը այս մասին կը յայտարարէ թէ յիշատակման միջոցառումը պիտի կայանայ 19 Յունուար երեքշաբթի 14.45-ին, www.hranticinadaleticin.org հասցէով։
Իսկ Հրանդի սպանուած կէտի վրայ պիտի գտնուին միայն ընտանիքի անդամները, որոնց յարգանքի տուրքը դարձեալ պիտի սփռուի համացանցի միջոցաւ։
Կազմակերպիչները կը նշեն թէ առցանց ոգեկոչումը միայն այս տարուայ համավարակի պայմաններու բերմամբ կը գործադրուի եւ յաջորդ տարիներուն ոգեկոչման կարգը պիտի կայանայ ըստ աւանդութեան զանգուածային կերպով։
Այլ միջոցառումներ
Այս տարի համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ զանազան կազմակերպութիւններու ծրագրած միջոցառումներն ալ պիտի կայանան առցանց դրութեամբ։
Նոր Զարթօնք 17 Յունուար կիրակի ժամը 17.00-ին կը մէկտեղէ Մահիր Էօզքան, Ինճի Հեքիմօղլու, Թուրկութ Էօքեր, Գայանէ Այվազեան, Ատրիան Լոմլոմճեան, Եէքթան Թիւրքեըլմազ, Արիս Նալճը եւ Ալին Օզինեանը, որոնք պիտի զեկուցեն։
«ՏուրՏէ» հարթակը 16 Յունուար շաբաթ յետմիջօրէին կազմակերպած է հանդիպում մը, ուր ելոյթ կ՚ունենան Ֆեթհիյէ Չեթին, Պիւլենթ Այտըն, Ճանան Ճոշքուն, Ֆաթմա Այտոքուր եւ Թիպետ Շահին։
«Չաղրը» պարբերականի կազմակերպած առցանց ծրագիրը կը կայանայ 23 Յունուար 2021, Շաբաթ օր ժամը 20.00-ին, որուն ատենախօսն է Բագրատ Էսդուգեան։