Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին դատավարութիւնը վերջերս որոշում կայացուցած էր ոճիրի թուականին Տրապիզոնի Ոստիկան Զօրաց հրամանատարութեան մէջ Լրաքաղութեան բաժնի աշխատակից ենթասպայ Օքան Շիմշէքի ձերբակալման մասին։ Դատարանը այս որոշումը կայացուցած էր 8 Յունուարի նիստին, նկատի ունենալով որ ան նախապէս տեղեակ եղած էր կատարուելիք ոճիրէն, բայց չէր փոխանցած իր հրամանատարներուն։ Շիմշէք բերման ենթարկուած է Մանիսայի մէջ։ Նախորդ նիստին ձերբակալման որոշում կայացուած եւ նոյն կազմի մէջ աշխատող Վէյսել Շահին ալ ձերբակալուած էր Ատանայ։
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 15 Յունուար ուրբաթ օր։