9Նոյեմբեր 2010-ին ստորագրուած տխրահռչակ եռակողմ պայմանագիրէն ետք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին մէկտեղուեցան Մոսկուայի մէջ։ Փութինի հրաւէրով կայացող հանդիպման աւարտին եռեակը մամլոյ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Փութին նշեց թէ Արցախի նիւթով կնքուած համաձայնութեան պայմանները ընդհանրապէս կը յարգուին, լուրջ միջադէպներ չեն պատահած եւ Ռուս Խաղաղապահ Զօրքը ամբողջովին կը կատարէ իր ստանձնած առաքելութիւնը։ Փութին նաեւ նշեց, որ արդիւնաւետ հանդիպում մը կայացած է եւ այս պահուն Արցախի տնտեսական եւ փոխադրական խնդիրներու լուծման համար երեք երկիրներու վարչապետներու օգնականի մակարդակով նոր աշխատանքային խումբ մը պիտի կայանայ։ Ապա ելոյթ ունեցաւ Իլհամ Ալիեւ, որ Մոկովեան հանդիպումը գնահատեց, իբրեւ կողմերու Արցախեան խնդրին լուծում գտնելու ջանք։ «Զինադադարէն երկու ամիս ետք կողմերու Մոսկովեան հանդիպումը ապացոյց մըն է Սեպտեմբեր, Նոյեմբեր շրջանի ապրուածներու վրայէն գիծ մը քաշելու համար»։ Ան եւս կարեւորեց փոխադրական համակարգի վերակառուցումը, նշելով թէ այսպէսով տարածքաշրջանի զարգացումը կարեւոր ոստում պիտի արձանագրէ։
Փաշինեան ալ իր կարգին նշեց որ եռակողմ հանդիպումը պիտի ծառայէ տարածքաշրջանի տնտեսական պայմաններուն բարելաւման։ Ան նաեւ նշեց, որ մէկ հանդիպումով անկարելի է խնդիրներուն լուծում գտնելը։ «Անգամ մը եւս ընդգծել կ՚ուզեմ թէ մեզի համար առաջնահերթութիւն կը պարզէ մարդկային խնդիրները, մանաւանդ ալ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած պայմանագրի ութերորդ յօդուածը, որ կը վերաբերի ռազմագերիներու փոխանակման»։ Փաշինեան նոյն միտքերը արտասանեց Փութինի հետ ունեցած առանձին հանդիպումի պահին ալ, նշելով որ ռազագերիներու փոխանակումը, նահատակներու դիակներու յանձնումը եւ անյայտ կորածներու յայտնաբերումը իրենց համար առաջնահերթութիւն կը կազմեն։