«Ակօս»ի առաջին տարիներու աշխատակիցներէն, Հրանդ Տինքի մտերիմ բարեկամ, երբեմնի «Տեմոքրաթ» թերթի գրող Օշին Չիլինկիր 10 Յունուարին, 76 տարեկան հասակին մահացաւ իր տան մէջ։ Օշին Չիլինկիրի թաղումը տեղի ունեցաւ 12 Յունուար երեքշաբթի Փանկալթըի Լաթին Կաթողիկէ Գերեզմանատան մէջ։
Օշին Չիլինկիր որպէս հանքային ճարատագէտ աշխատած էր արհմիութիւններու մէջ, մասնակցած էր ձախակողմեան պայքարի եւ Ճիհան Աթէշ կամ Եալչըն Չիլինկիր կեղծանուններով յօդուածներ գրի առած «Տեմոքրաթ» թերթի էջերուն վրայ։
«Արաս» հրատարակչութիւնը 2002-ին հրատարակեց անոր «Ակօս»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներու հաւաքածոն «Իչիմիզտեքի Գարա Տելիք» խորագիրով։
Ծնած էր 1945-ին Տիյարպեքիր, ուր աւարտած էր նաեւ Սիւլէյման Նազիֆ նախակրթարանը։ Նոյն տարի ընտանեօք գաղթեցին Իսթանպուլ, ուր Օշին Չիլինկիր 1963-ին շրջանաւարտ եղաւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանէն եւ 1969-ին ալ Իսթանպուլի Թեքնիք Համալսարանի Հանքագիտութեան բաժնէն։ Իբրեւ Հանքային ճարտարագէտ զանազան գործունէութիւններ կատարեց հանքարդիւնաբերութեան արհմիութիւններու մէջ եւ նաեւ զբաղեցաւ լրագրողութեամբ։
Նախորդ տարի ծննդեան 75 ամեակին առթիւ Նազար Պիւյիւմ, Նատիրէ Մաթեր, Ժաքլին Չելիք եւ Գարին Գարագաշլը իրենց գրութիւններով «Ակօս»ի էջերուն վրայ ողջունեցին անոր վաստակը։
Օշին Չիլինկիրի վերջին յօդուածներէն մէկը կը կրէր «Գրիգոր Զոհրապէ Հրանդ Տինք 100 ամեայ մենութիւնը» խորագիրը։