Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը պատրաստուի «Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակ»ի 13-րդ փուլին, որուն պարգեւատուուչութիւնը պիտի կայանայ 15 Սեպտեմբեր 2021-ին։ Հիմնարկը հրապարակումով մը կոչ կ՚ուղղէ հասարակութեան թեկնածուներու առաջադրման մասին։ Ինչպէս ծանօթ է Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ, բռնութենէ զերծ մնացած եւ աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը կառուցման համար աշխատող, այդ տեսլականին համար իր կեանքը վտանգելէ չի խուսափող եւ իր տարած պայքարով ուրիշներուն ալ յոյս եւ ներշնչում փոխանցող անձերու կամ կազմակերպութիւններու։
Այս տարուայ մրցանակի համար կարելի է առաջարկներ ներկայացնել մինչեւ 30 Ապրիլ 2021։ Առաջարկ ներկայացնողներէն կը պահանջուի նաեւ տուեալ անձի/ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւն։ Այս մասին աւելի մանրամասն գիտելիքներ տեղադրուած են հիմնարկի կայքէջի հասցէին վրայ։