Երեք տարի առաջ թուրքիացի, հայաստանցի ու վրացի երեք երիտասարդ երաժիշտներու նախաձեռնութեամբ Պերլինի մէջ հիմնուեցաւ «Արմենիա», «Կէորկիա» եւ «Անաթոլիա» անուններու սկզբնատառով «Ա.Կ.Ա.» եռեակը։ Այդ կազմի առաջին հունձքը՝ «Meeting-Հանդիպում» ալպոմը վերջերս «Նաքսոս Ուորլտ/ Արք Մուզիք» ընկերութեան կողմէ հրապարակ իջաւ։ Խումբի մէջ Միքայիլ Եաքութ աքորտիոն, Արսէն Պետրոսեան տուտուկ, Տենիզ Մահիր Քարթալ սրինգ ու կիթառով կը նուագեն Անաթոլիայի ու Հարաւային Կովկասի աւանդական մեղեդիները։ Թէեւ այդ նուագարանները լայն տարածութիւն ունին այդ երկրամասի մէջ, սակայն անոնց միասնական նուագակցութիւնը անսովոր էր մեր ականջներուն։ Անոնք յաջողած էին «Թամզարա», «Էրզրումի Շորոր», «Նազ Պար», «Պինկէօլ», «Բաթարա Կիկօ», «Նուպար- Նուպար» կամ «Քեթօ տա Քոթէ»ի նման հանրածանօթ մեղեդիները նոր մեկնաբանութիւնով ներկայացնել։
Եռեակը իր աշխատութիւնը հրապարակած էր ճիշդ ալ պատերազմի վերսկսած օրերուն, «խաղաղութիւնը ու միասնութիւնը» ընդգծելու հեռանկարով։
Ինչպէ՞ս ծնաւ «Ա.Կ.Ա.» եռեակը։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- 2017-ին Հրանդ Տինք Հիմնարկի «Սահմանները Հատել» ծրագրի շրջանակներով, «թրքերէնացուած հայկական երգերը» ուսումնասիրելու համար այցելած էի Երեւան։ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի մէջ Արսէնի հետ տասը օր շարունակ, յատկապէս հանրապետութեան շրջանին, առանց նշում ընելու պետական երգացանկին գրանցուած կամ փոփ ժանրի մէջ իւրացուած հայկական երաժշտութեան օրինակները ուսումնասիրեցինք։ Պերլին վերադարձիս այս մասին պատմեցի նաեւ Միքայիլին։ Վրաստանէն Թուրքիա գաղթողներու միջոցաւ կամ Ռուս- Օսմանեան պատերազմներու շրջանին Սեւ Ծովու արեւելեան հատուածի կամ Ղարսի շջաններուն մշակութային փոխազդեցութիւններ ապրուած են։ Այս յայտնաբերումով գոյացաւ նման երգերը մէկտեղելու խորհուրդը, որ ծնունդ տուաւ «Ա.Կ.Ա.» եռեակի կազմութեան։
Արսէն Պետրոսեան- Երեւանեան օրերուն Մահիրի հետ որոշած էինք միասնաբար համերգ մը սարքել։ 2018-ի Մարտին այլ նախագծով հիւրահամերգի համար Պերլին կը գտնուէի։ Մեր նախապէս որոշած համերգի համար յարմար առիթ մըն էր։ Մահիր Միքայիլն ալ հրաւիրեց մեզի մասնակցելու։ Այսպէսով Քրէուզպերկի փոքրիկ սրճարանի մը մէջ սարքեցինք մեր անդրանիկ համերգը, որ կոչած էինք «Հանդիպում» ու աւելի ետք դարձաւ նաեւ ալպոմի անունը։ Համերգէն առաջ միայն մէկ անգամ փորձ կատարած էինք։ Սրճարանը թէեւ փոքր էր, բայց մարդաշատ։ Թէ մեզ եւ թէ ունկնդիրին համար տպաւորիչ միջավայր մը գոյացած էր։
Ինչպէ՞ս պատրաստեցիք երգացանկը։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- Նախքան Երեւան երթալ, ուսումնասիրած էի կարգ մը երգեր, որոնց վրայ երկար զրուցած էինք Արսէնի հետ։ Պերլին դառնալով Միքայիլի հետ ալ աշխատակցեցանք կարգ մը գործերու վրայ, որոնք նաեւ նուագեցինք համերգներու ժամանակ։ Երգացանկը մեր մանրամասնութեամբ ու բծախնդրութեամբ աշխատած գործերէ բաղկացաւ։
Միքայիլ Եաքութ- Երգերը ճշդելու պահուն մեզմէ ոեւէ մէկը առաջարկ կը ներկայացնէ, կը նուագենք կամ ձայնագրութիւնը կ՚ուղարկենք իրարու։ Յաճախ կը նշմարենք, թէ այդ եղանակը տարբեր լեզուով եւս կ՚օգտագործուի ուրիշ ժողովուրդի կողմէ։
Արսէն Պետրոսեան- Անաթոլիայի, Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ հասարակապատկան եւ հանրածանօթ երգերը ընտրեցինք։ Տարբեր լեզուներով ալ ըլլայ նոյն եղանակի գործածութիւնը ունկնդրին ուշադրութեան ներկայացնել կ՚ուզենք։
Իսկ ի՞նչպէս անցաւ ձայնագրութեան գործընթացը։
Արսէն Պետրոսեան- Առաջին համերգի աւարտին, Պերլինի կարեւոր մշակոյթի ու արուեստի կեդրոններէն մէկուն վարիչը յայտնեց թէ կ՚ուզէ ձայնագրել մեր երաժշտութիւնը եւ պատրաստ է այդ մասին զօրակցելու։ Թէ զարմացանք եւ թէ ուրախացանք։ Մեզ ուղղեց սդիւտիօ մը, որուն տէրը ներկայիս մեր բրոտուսըրն է նաեւ։ Ընդամէնը մէկ շաբաթ ունէինք։ Այդ եօթը օրերու կէսը փորձերու եւ վերջին դաշնաւորումներու, երկրորդ կէսն ալ ձայնագրութեան յատկացուցինք։ Ժամանակի սահմանափակումը ծանր ճնշում մըն էր մեր վրայ, բայց շատ ալ զուարճացանք։ Մերթ ընդ մերթ յայտնուեցան տարակարծութիւններ, որոնք լուծեցինք համերաշխութեամբ։
Միքայիլ Եաքութ- Մահիր ու ես Պերլինն ենք, իսկ Արսէնի Հայաստան ըլլալը որոշ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ։ Արսէնի վիզայի խնդիրներու բերմամբ կը պատահի թէ համերգներ չեղեալ համարենք։ Միւս կողմէ այս դժուարութիւնը մեզ կը խթանէ աւելի արդիւնաւետ աշխատանքի համար։ Մէկտեղման ժամանակները լաւագոյնս օգտագործելու համար համերգներու փոխարէն կը նախընտրենք հիւրահամերգները։
Իսկ ի՞նչ արձագանգներ կը ստանաք։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- Ալպոմի հրապարակումը անհաւատալի արձագանգներու պատճառ դարձաւ։ Ալպոմը կը նուագուի տարբեր երկիրներու ձայնասփիւռներէն։ Եւրոպայի առաջնատար երաժշտական պարբերականներէն մէկը արձագանգեց մեր գործին։ Գերմանիոյ պետական ռատիօկայանները հարցազրոյց ունեցան մեզ հետ։ Այս բոլորը ուրախալի են ու նաեւ զարմանալի մեզի համար։
Միքայիլ Եագութ- Առ այժմ միայն Գերմանիա համերգներ ունեցանք։ Ունկնդիրները աւարտին մօտենալով յայտնեցին թէ գոհացում գտած են, թէ մեր ածած երաժշտութենէն եւ թէ կատարումներու արանքին փոխանցած տեղեկութիններէն։ Սա շատ ուրախալի երեւոյթ է մեզի համար։ Նախագիծը կ՚ուզենք բեմադրել Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ ալ։ Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ այդ երկիրներու հանդիսատեսի արձագանգը։ Ի՞նչպէս պիտի ընկալուի մեր խաղաղութեան, երկխօսութեան կոչերը։
Արցախեան պատերազմը եւ հետեւանքները իբրեւ անհատ ի՞նչպէս ցոլացում ունեցաւ ձեր եւ «Ա.Կ.Ա.» եռեակի վրայ։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- Ինծի համար մտահոգիչ էր «հայրենիք» կամ «ազգ» եզրերը պատրուակելով մարդասպանութեան՝ պատերազմը լուծում կարծելու, մարդիկ գաղթելու պարտադրելու այսքան մեծ ընդունելութիւն գտնելը։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին լաւ երաժիշտ մը ըլլալու համար աշխատող, ապա պետութեան թելադրանքով պատերազմելու հարկադրուած, նոյնիսկ ճակատի վրայ մնացած մարդիկ եղան։ Այդ նոյն մարդկանց անցեալին միասին երգած, նուագած ըլլալը երբ յիշենք, այդ երանելի օրերու յոյսով պիտի շարունակենք այս եղանակները նուագել։
Միքայիլ Եագութ- Արսէնի համար կը մտահոգուէինք։ Ան Հայաստանն էր ու կրնային զինք ճակատ ուղարկել։ Ճիշդ է, պատերազմի դէմ ենք եւ աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլայ, ամենափոքր պատերազմի մը պահուն կը մտահոգուինք անմեղ մարդկանց կեանքին համար։ Բայց երբ մարդ ինք անձամբ, կամ ազգականներու, ընկերներու ներգրաւուածութիւնը կ՚ապրի, բոլորովին տարբեր հոգեբանութիւն մը կը տիրէ։ Պատերազմի մասին լսելով նախ կը զարհուրինք, կը բարկանանք եւ ապա կը դառնանք մեր սովորական կեանքին։ Ալ չեմ խօսիր հակառակորդի կորուստներով ուրախացողներու մասին։ Այս անտարբերութիւնը կամ ճարահատութիւնը շատ ցաւալի է։ Մենք իբր Ա.Կ.Ա. եռեակ, այդ պայմաններու մէջ ալ ընկերային ցանցերու գրառումներով աշխատեցանք խաղաղութեան ձայնը բարձրացնել։ Մատնանշելով Թուրքիոյ, Հայաստանի կան Ատրպէյճանի մէջ նոյն հարազատութեամբ լսուած երգերը, յայտարարեցինք թէ անհիմն է նոյն մեղեդիներով ուրախացող կամ տխրող ժողովուրդներու թշնամութիւնը։
Կը պատմէ՞ք աւանդական երաժշտութիւնը մեկնաբանելու ձեր մերձեցման մասին։
Միքայիլ Եագութ- Առաջին ալպոմի մէջ ժողովրդական մեղեդիները աւանդական ձեւով նուագեցինք։ Սակայն մեր նուագարաններու պատճառաւ անսովոր հնչիւն մը գոյացաւ։ Յաճախ չէ որ կը հանդիպինք սրինգի եւ տուտուկի նուագակցութեան։ Աքորտիոնը եւս փողային գործիք կարելի է համարել, որու մասնակցութեամբ ալ աւելի հետաքրքրական հնչողականութիւն մը դուրս եկաւ։ Ձայնագրութեան ընթացքին բաւական մտմտացինք հարուածային գործիքէ օգտուելու մասին։ Մանաւանդ պարեղանակներու մէջ սովոր ենք հարուածային գործիքի ներկայութեան։ Սակայն այսպէս աւարտեցինք եւ արդիւնքէն ալ գոհ ենք։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- Աւանդական երաժշտութեան կարեւորագոյն յատկութիւնը իւրաքանչիւր կատարողին համար մեկնաբանութեան առիթներ մատուցելն է։ Ան արեւմտեան դասական երաժշտութեան նման յստակ սահմաններ չունի եւ աւելի ճնշող է խօսքի ազդեցութիւնը։ Ուրեմն մենք հասակ առինք այդ երաժշտութեան մէջ եւ ապա ստացած ակադէմական կրթութիւնով ալ փորձեցինք առանց իր հարազատութիւնը խանգարելու մեր մեկնաբանութեամբ մատուցել։
Ի՞նչ ներշնչումներ ունեցաք այս նախագիծը պատրաստելու ժամանակ։ Կա՞ն երաժիշտներ, որոնց հետ պիտի փափաքիք նուագել։
Արսէն Պետրոսեան- Կոմիտաս վարդապետը շատ կարեւոր անուն մըն է մեզի համար։ Նոյնպէս Խաչատուր Աւետիսեանի երգերուն ալ տեղ կու տանք մեր յայտագրին մէջ։
Միքայիլ Եաքութ- «Քարտէշ Թիւրքիւլեր», «Տը Շին», Արա Տինքճեան եւ Արթօ Թունչպոյաճեան մեր ազդուած ու համագործակցիլ երազած երաժիշտներ են։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ «Ա.Կ.Ա.» եռեակի յաջորդ քայլը։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- Կը մտադրենք գարնան ամիսներուն ձայնագրել մեր երկրորդ ալպոմը, որ պիտի ընդգրկէ մեր յօրինումները։ Ապա կը մտածենք համավարակի պատճառաւ յետաձգուած Երեւան- Թիֆլիս եւ Իսթանպուլի համերգները իրականացնել։ Ունինք երազանք մը եւս։ Բարձրանալ Արարատի գագաթը եւ այնտեղէն յայտարարել մեր եղբայրութեան ու երաժշտութեան անսահմանութիւնը։
Կենսագրութիւններ
Միքայիլ Եաքութ-1987-ին ծնաւ թուրքիաբնակ վրացի ընտանիքի մը մէջ, Պուրսա։ Մանկութիւնը անցաւ վրացական երգ ու պարով, որմէ ետք աքորտիոնի դասեր առաւ Իպէրիա Էօզքանէ։ «Քաֆտաղը» երաժշտական միութեան եւ Իսթանպուլի մէջ զանազան աւանդական երաժիշտներու հետ նուագեց։ Պողազիչի համալսարանի մէջ ընկերաբանութիւն, Պերլինի «Պրանտենպուրկ» համալսարանի մէջ ալ աքորտիոն եւ ճազային դաշնամուր ուսանեցաւ։ 2013-էն սկսեալ կ՚ապրի Պերլին։
Արսէն Պետրոսեան- 1994-ին ծնաւ Չարենցաւան։ Ծնողներու արմատները կը հասնին Ջաւախք եւ Կարին։ Աւարտած է Երեւանի Կոմիտաս երաժշտանոցը։ Աշակերտած է անուանի տուտուկահար Գէորգ Տապաղեանին։ Աշխատակցած է Սթիւ Հէքըթ, Իհապ Տադուիշ Ոմար Պաշիրի նման երաժիշտներու հետ։ Համերգներ սարքած է զանազան քաղաքներու մէջ։ Կ՚ապրի Չարենցաւան։
Տենիզ Մահիր Քարթալ- Ծնած է Իսթանուլ, 1987-ին։ Մանկութիւնը անցաւ Սկիւտարի հայկական եկեղեցւոյ բակին գտնուող տան մէջ եւ Արեւելեան Սեւ Ծովու շրջաններուն։ 10 տարեկանին մասնակցեցաւ ժողովրդական պարախումբի մը։ Իսթանպուլի Թեքնիկ Համալսարանի թրքական երաժշտութեան բաժնի մէջ ուսանեցաւ։ Կը նուգէ զանազան փողային գործիքներ։ 2013-էն սկսեալ կ՚ապրի Պերլին եւ կը զբաղի սթուտիոյի երաժշտութեամբ եւ ֆիլմերու երաժշտական ձայնագրութեամբ։