ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
norayrdaduryan@gmail.com
1920ի առաջին օրը գրուած բացիկը կ՛ըսէ. «Սիրելիդ իմ Օր. Տիրուհի, Պարկեշտասուն մանկամարդ սեռիդ պատիւ տանդ զարդ կոկոն մըն ես ցողազարդ մի՛ մի՛ շտապէր ըլլալ վարդ։ Նոր տարւոյ մաղթանքներով կը համբուրեմ գրաւիչ աչքերդ։ Հասցէ՝ Շիշլի Պէյիւք-Տէրէ ճատտէսի, Նիկողոսեան Վարժարան, Constantinople»։
Սեւ Ծովու Օրտու քաղաքէն մեզի հասած բացիկի մէջ եղբայրը կը գրէ իր քրոջ. «Սիրելի Քոյրիկս, Նոր Տարուան առթիւ կը յայտնեմ [...] եղբայրական շնորհաւորութիւններս եւ կը մաղթեմ որ գալ տարի միասին տօնենք այս ուրախալի օրերը։ Կարօտիւ եղբայրդ Արամ Վ. Անդրէասեան։ Ստացող՝ Օր. Զուարթ Վ. Անդրէասեան։ Հասցէ՝ Օրտու։ 14/1/1924»։ Բացիկի դիմերեսին վրայ բարձրաքանդակուած են սիրուն տօնածառի մը վրայ կախուած երկու ոսկեգոյն զանգակներ։
«Սիրելի Մօրաքոյր, Կարօտագին համբոյրներով Ձեզ կը շնորհաւօրէնք Նոր Տարին եւ Սուրբ ծնունդը մաղթելով երկար երջանիկ, առողջութիւն եւ յաջողութիւն, յարգանօք։ Սիրելի Մօրաքրոջս, Կ. Պոլիս։ Ուղարկող՝ Անժէլ Ադամեան»։ Այս բացիկը գրուուած է 28 Դեկտեմբեր 1927 թուականին Ֆիլիպէ (Փլովտիւ) քաղաքի մէջ։ Այդ օրերուն Ֆիլիպէն ունէր 5881 հայ բնակիչ (թուրքեր՝ 4700, յոյներ՝ 549, հրեաներ՝ 5600)։ Պուլկարական հիւրասէր այս քաղաքը այսօր «քոյր-քաղաք» է Կիւմրիի հետ։
Տօնական օրերուն աշակերտներն ալ բարի սովորութիւնը ունէին իրենց ուսուցիչներուն բացիկ մը ուղարկելու եւ անոնց մաղթելու երջանիկ տարի մը։ Ահա 1928-ին գրուած բացիկ մը, որ Արժանթինէն ուղարկուած է ուսուցչուհիի մը. «Նոր Տարւոյ եւ Ս. Ծննդեան առիթով կը փութամ յայտնել անկեղծ մաղթանքներս եւ ջերմագին շնորհաւորութիւններս։ Երախտապարտ աշակերտուհինիդ Լուիզ Թէքնէեան, 5 Դեկտ. 1928, Պուէնոս-Այրէս։ Ստացող՝ Համեստուհի Օր. Աշխէն Ճէզվէճեան, Կէտիկ-Փաշա, Կ. Պոլիս»։ Բացիկի դիմերեսը Պուէնոս Այրէսի Կեդրոնական պարտէզի լուսանկարն է, ուր կը տեսնուի Արժանթինը, Շիլէն եւ Բերուն ազատագրող հրամանատար, ազատագրական պայքարի հերոս Սան Մարթինի ձիաւոր արձանը։
Գեղագրութեան բացառիկ նմոյշ է 31 Դեկտեմբեր 1937 թուականին Եգիպտոսէն ուղարկուած բացիկը, որուն դիմերեսին վրայ նկարուած է փարաւոն Ռամսէսը. «Գահիրէ, 31.12.37, Սիրելի բարեկամ, Ջերմապէս շնորհաւորելով Նոր Տարին, կը խնդրեմ որ հաճիս ընդունիլ այս ուրախ առթիւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս։ Յարգանօք Սագաեան (?), Իսթամպուլ։ Ստացող՝ Յարգելի Պ. Նուպար Պոյաճեան»։ Բացառիկ է այս բացիկը, քանզի հայ է անոր հրատարակիչը, անոր դարձերեսի վրայ նշուած է. «Publ. and Copyright by ORIENTAL PHILATELIC HOUSE, B. HAGOPIAN – CAIRO»։
Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն օրեր առաջ երիտասարդուհի Էթիլը գրեց. «Սիրելի ընկերուհիս Սիլվա Մ., Կը շնորհաւորեմ Ս. Ծնունթը 1939նի տարին ըլլայ գու երջանկութեան բանալին։ Քու անկեղծ ընկերուհիթ Էթիլ»։ Գերմանական այս բացիկի դիմերեսի վրայ կան երկու սպիտակ տատրակներ, որոնք գրաւուած ըլլալ կ՛երեւին ծաղիկներով զարդարուած ոսկեգոյն ձեռնասայլէ մը։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն Էնզօ Ֆերրարին հիմնեց Ferrari ընկերութիւնը, լոյս տեսաւ Վ. Սարոյեանի աշխարհահռչակ «Քու կեանքիդ ժամերը» հինգ գործողութեամբ թատերախաղը, հայազգի գիւտարար Սիմոն Կիրլեանը հնարեց լուսանկարչութեան նոր տեսակ, որ կոչուեցաւ իր անունով՝ «Կիրլեանոկրաֆիա»։
Զարմանալի է, չէ՞, բացիկները, որոնք հազուադէպ է, որ հաւաքողներու ուշադրութեան արժանանան, եւ հակառակ իրենց սահմանափակ տարածութեան, պատմութեան անկեղծ ականատեսներն են։ Անոնք կը յաւերժացնեն անհետացած շրջանի մը լեզուական եւ ձեռագրային ճաշակը, դիմելաձեւերը ու գրաւոր մշակոյթի այլ բարեմասնութիւններ։ Հետեւաբար, եկէք այս տարի բանանք հին սնտուկները, ալպոմները կամ թղթածրարները, յայտնաբերենք ընտանեկան դեղնած կամ ոսկեգոյն բացիկներ, զմայլինք անոնց գեղեցկութեան։ Իսկ Նոր տարւոյ եւ Ս. Ծնունդի առիթով, ես ալ փորձեմ ձեզի գրել, - թէեւ մեքենագրուած - բացիկ մը՝ կրկնելով հիներու ոճը. «Յարգելի ընթերցող, Ընթունեցէք իմ ջերմագին շնորհաւորութիւններս եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս եւ նոյնը հաճեցէք տալ ձեր ընտանեաց։ Երկար եւ երջանիկ տարներու արժանի ըլլաք։ 2021ի տարին ըլլայ ձեր երջանկութեան բանալին։ 4/1/2021, Աստ»։