Ամանորեայ առաջին ժամերուն կատարուելի գոհաբանական աղօթքին զանցառումէն ետք երեքշաբթի երեկոյեան ճրագալոյցի արարողութիւնները մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին։ Յատկապէս հայաշատ թաղերուն մէջ խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ կատարուած արարողութիւններուն։ Տպաւորիչ պատկերներ գոյացան մանաւանդ խաւարի մէջ պլպլացող մոմերու շնորհիւ։ Արդարեւ այդ նկարները նաեւ տարածուեցան «Թուիթըրի» կամ Դիմատետրի նման սոցցանցերու միջոցաւ։
2021-ի Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին իր հինգ տաղաւարներն ալ ապրած եղաւ կանխազգուշացման պայմաններու մէջ։ Ինչպէս պիտի յիշուի նախորդ տարուայ Սուրբ Ծնունդին թէեւ յայտնուած էր պսակացեւ ժահրը, բայց տակաւին չէր գտած այն լայնածաւալ շրջանարութիւնը, որու հետեւանքով Առողջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը նորայայտ փորձանքը դասեց իբրեւ համավարակ։ Այդ իսկ պայմանաւ 2020 թուականի ընթացքին Սուրբ Զատիկը, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը, Տէառնընդառաջը եւ Սուրբ Խաչի տաղաւարները կամ կատարուեցան առցանց հաղորդումներով եւ կամ եկեղեցիներէ ներս գործադրուած կանխարգիլման խիստ միջոցներով։
Տարեմուտին անմիջապէս յաջորդող այս առաջին տաղաւարին ալ հաւատացեալներու համատարած մաղթանքն էր առկայ փորձանքի շուտափոյթ վերացումը եւ եկեղեցական տօնակատարութիւններուն իրենց դարերու ընթացքին գոյացուցած աւանդականութեան կատարումը։ Ցանկութիւն մը՝ որ կը բաժնեն շատեր, բայց միայն քիչեր են որ կը հաւատան իրականացման։ Վերջապէս հարկ է նշել թէ համավարակի երկրորդ ալիքը ալ աւելի սաստիկ եկած էր եւ հիմա կ՚ապրինք նոյն ժահրի նոր բնոյթ ու յատկութիտւն ստացած տարբերակին պարտադրած սպառնալիքին ծանր հոգեբանութիււնը։
Պսակացեւ ժահրը իբրեւ ծագման կէտ հասցէագրուած էր Չինաստանի Ուան քաղաքին։ Այդ իսկ պատճառաւ ԱՄՆ նախկին նախագահ Թրամբ նորայայտ այս վտանգը սիրած էր անուանել «Չինական վիրուս»։ Իսկ այժմ այդ նոյն ժահրի այլասերած ու նոր յատկութիւններ ստացած տարբերակը կը տարածուի Մեծ Պրիթանիոյ կղզիէն, որու դէմ ուղեւորութեան շրջափակում կը կատարեն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ։
Համաշխարհային մարդկութիւնը պատմութեան մէջ թէեւ փորձուած էր զանզան համավարակներով, բայց խոստովանինք թէ անպատրաստ գտնուեցանք այս վերջինին հանդէպ եւ բացարուած չէ թէ նորանոր անակնկալներ եւս կրնան խանգարել մեր բնականոն կեանքը։