Պողազիչի Համալսարանի տեսչութեան նշանակուած Փրոֆ. Մելիհ Պուլուի դէմ բողոքի ցոյցերու մասնակցող ուսանողները բերման ենթարկուեցան 5 Յունուար երեքշաբթի առաւօտուայ ժամերուն։ Ուսանողներու Միութիւնը «Թուիթըր»եան յայտարարութիւնով տեղեկացուց որ պահի դրութեամբ 17 ուսանողներ բերման ենթարկուած են, բայց ոստիկաններուն ձեռքին կայ շատ աւելի երկար անձանուններու ցանկ մը։ Բերման ենթարկուածները կը մեղադրուին պետական պաշտօնեայի դիմադրելու յանցանքով։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ առաւօտուայ ժամը 05.00-էն սկսեալ Պոլսոյ 13 շրջաններու մէջ 24 հասցէներ այցելուած եւ 17 անձեր բերման ենթարկուած են։ Միւս կողմէ համալսարանի ուսուցչաց կազմն ալ մէկտեղուելով տեսուչարանի մուտքին կռնակնին դարձած են դէպի տեսուչարան եւ ընթերցած են ակադեմիայի բարոյական սկզբունքները։ Ակադեմականները իրենց ելոյթի աւարտին պահանջած են, որ բերման ենթարկուած ուսանողները իսկոյն ազատ արձակուին։
Փրոֆ. Էսրա Մունկան կոչ ուղղեց ուսանողութեան ըսելով թէ անձնատուր պիտի չըլլան։ «Խիստ զայրացած ենք, բայց շատ ալ ուժով կը զգանք։ Կամ բոլորս, կամ ոչ ոք։ Երկիրը այսպէս չի կրնար շարունակել։ Պայքարը պիտի շարունակուի։ Եթէ երկիրը պիտի ունենայ լուսաւոր ապագայ, այդ ապագան դուք էք որ պիտի կերտէք» ըսաւ Փրոֆ. Էսրա Մունկան։ Չորեքշաբթի օր շարունակուեցաւ ոստիկանական գործողութիւնները եւ բերման ենթարկուածներու թիւը հասաւ 22-ի։