Արցախի պաշտօնական շրջանակները Հայաստանի մամլոյ գործակալութիւններուն յայտնեցին՝ թէ Ճէպրայիլ եւ Հատրուտի շրջաններուն յայտնաբերուած են 19 զինուորի եւ մէկ քաղաքացիի դիեր։ Քաքացիի ինքնութիւնը պարզելու եւ սպանութեան եղանակը ճշդելու համար ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին։ Հայաստանի եւ Արցախի ուժերը մինչեւ այսօր յայտնաբերած են 1175 դիակ։ Հետազօտման աշխատութիւնները տակաւ կը շարունակուին։
Միւս կողմէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններն ալ պաշտօնապէս յայտարարեցին իրենց զոհերու թիւը։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը յայտնէ թէ պատերազմի ընթացքին զոհուած են 2 հազար 823 զինուոր եւ կը շարունակուի անհետ կորած 30 զինուորներու որոնումը։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է զոհուածներու զինուորական աստիճանները, ծննդեան տարեթիւը եւ լուսանկարներ։ Կը նշուի թէ աւելի քան 50 զինուորի ինքնութիւնը ճշդելու համար աշխատութիւնները կը շարունակուին։