Հայաստանի վարչութիւնը Թուրքիոյ Ատրպէյճանի փոխանցած զինեալ աջակցութեան իբր պատասխան որոշած էր 1 Յունուար 2021 թուկանէն սկսեալ 6 ամիս տեւողութեամբ թրքական ապրանքներու Հայաստան մուտքը արգիլել։ Որոշումը չընդգրկէր Հայաստանի արտադրութեան համար հումք ծառայող նիւթերը։
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը կը նշէ թէ այս արգելափակումը սղաճի ազդեցութիւն մը պիտի չունենայ շուկաներու վրայ, քանի որ թրքական արտադրութեան սպառումը շատ բարձր չէ եղած եւ նման բնոյթի ապրանքը կարելի է ներածել Իրան, Պելառուս, Ռուսիա եւ Չինաստանէն եկածներով։
Իրանի Առեւտուրի Զարգացման Կազմակերպութենէն պաշտօնատար մըն ալ յայտնեց թէ նախապէս Թուրքիայէն ներածուած 2250 տարբեր բնոյթի ապրանքը պիտի մատակարարուի Իրանի կողմէ։ Ան նաեւ յայտնեց թէ պատժամիջոցին վերանալէն ետք ալ կարելի է Հայաստանի պահանջած հումքը կամ նախանիւթը հայթայթել Իրանէն։