Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Էօմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլու միջոցէ մը ի վեր Խորհրդարանի ամպիոնէն ահազանգ կը հնչեցնէ բերման ենթարկուածներու, ձերբակալուածներու կամ բանտարկեալներու ուղղեալ մերկ խուզարկումի դրութեան դէմ։ Իշխանութեան պատգամաւորները առաջին հերթին մերժեցին Կերկերլիօղլուի պնդումները, ըսելով թէ ան կը ստէ եւ նման կիրակութիւն մը չկայ ոստիկանատուներու կամ արգելանոցներու մէջ։ Սակայն անոնց այդ ուրացումը ապարդիւն մնաց, քանի որ Կերկերլիօղլու անուն, թուական եւ վայր յիշելով փաստացի օրինակներ պարզեց այդ անմարդկային վերաբերումի մասին։ Իսկ այժմ Սահմանադրական Ատեանը իր արձակած վճիռով անգամ մը եւս հաստատեց նման կիրակութիւններու իրողութիւնը։
Բերման ենթարկուած Ռիւյա Աղտաշ Սէօնմեզ բողոք յայտնած էր իրեն հանդէպ գործադրուած մերկ խուզարկման համար եւ սահմանադրական ատեանն ալ հաստատեց անոր ենթարկուած տանջանքը։ Ատեանը այդ հաստատումով պահանջեց թէ բողոքը կրկին դատական քննարկումի արժանանայ Իսթանպուի դատախազութեան կողմէ։