Պողազիչի Համալսարանը զանազան յատկութիւններով եզակի կը դառնայ Թուրքիոյ բարձրագոյն ուսման հաստատաութիւններու մէջ։ Նախ ան շարունակութիւնն է Թուրքիոյ կրթական համակարգի մէջ շատ կարեւոր աւանդ մը գոյացուցած երբեմնի Ռոպերթ Քոլէճի։ ԺԹ. դարու կէսերուն ամերիկացի բողոքական միսիոնարներու այդ նախաձեռնութիւնը տարիներու ընթացքին իր տուած հունձքով մատակարարեց երկրի գիտական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային դաշտերը։ Այս հաստատութիւնը վերածուելով Պողազիչի համալսարանի շարունակեց անցեալի աւանդութիւնները եւ վայելեց ուսանողներու նախապատուութիւնը։ Համալսարանի աւանդած յատկութիւններու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր մտքի ազատութիւնը։
Պարտինք նշել թէ մտքի ազատութիւնը արդէն հիմնական նախապայմանը պէտք է դառնայ համալսարան ընկալումը արդարացնելու համար եւ էր ժամանակ, երբ Թուրքիոյ համալսարանները կ՚արդարացնէին այդ նախապայմանը։ Նման յատկութեան մը գործադրման համար անհրաժեշտ էր համալսարաններու ինքնավարութիւնը։ 1961-ի սահմանադրութիւնը ապահոված էր այդ առիթը։ Համալսարանները զերծ էին կառավարութիւններու միջամտութենէն։ Օրինակի համար ոստիկաններուն արգիլուած էր համալսարանէ ներս մտնելը։ Այդ մէկը կարելի կ՚ըլլար միայն ու միայն տուեալ համալսարանի տեսուչի յատուկ թոյլտուութեամբ։ Եւ սակայն այդ անձեռնմխելիութիւնը վերացաւ 12 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղափոխութիւնով։ Երկրի իշխանութիւնը ստանձնած զօրավարները նոր կանոնադրութիւնով մը վերջ տուին ակադեմական ազատութեան։ Իսկ այսօր նոյնիսկ համալսարանի տեսուչ նշանակելը կը վիճակի նախագահ Էրտողանի կամքին։ Առանց նկատի ունենալու ուսման հաստատութեան նախընտրութիւնները բոլորովին կամայական որոշումներով կը նշանակէ տեսուչներ։ Սա նորութիւն մը չէ, բայց վերջերս երբ այդ նշանակումներէն մէկն ալ կատարուեցաւ Պողազիչի Համալսարանի տեսուչը ճշդելու համար յանկարծակի պոռթկումով մը դիմադրեցին Պողազիչի Համալսարանի ուսանողները, ապահովելով նաեւ դասախօսներու զօրակցութիւնը։
Անցնող տարիներու ընթացքին նախագահ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնով արդէն իսկ ծանր միջավայր մը կը տիրէր երկրի բոլոր համալսարաններու մէջ։ Անոնք վաղուց կորսնցուցած էին արտասահմանեան համալսարաններու հետ մրցունակութեան բոլոր կարողութիւնները։ Այս ալ իր կարգին անխուսափելի հետեւանք մըն էր, քանի որ վերջերս ամէն ինչ նաեւ կորսնցուծ իր տրամաբանութիւնը։ Համալսարանի իրաւաբանական բաժնի տեսուչ նշանակուեցաւ աստուածաբանութիւն ուսանած մէկը եւ ալ աւելի զարմանալին ալ այս տեսակի նշանակումները շատ անգամ չեն գտներ արժանի հակազդեցութիւն։ Այս պահուն Պողազիչի Համալսարանի մէջ բռնկած ընդվզումը նաեւ համալսարանի հակազդելու յատկութեան ալ վերադարձը կը խորհրդանշէ եւ այդ առումով ալ եւս ուշագրաւ ու կարեւոր է։
Պահպանողականներ ինքնաբերաբեր կը խրտչին բոլոր հակազդեցութիւններէ մինչդեռ հակազդեցութիւն կոչուածը հասարակութեան կենսունակութեանն ալ ապացոյցն է։
Օրը կը պահանջէ կարելի բոլոր եղանակներով զօրակցիլ Պողազիչի Համալսարանի ուսանողներու եւ ուսուցիչներու հակազդեցութեան հոսանքին։ Այս ու նման երեւոյթներով է, որ կարելի պիտի ըլլայ երկրին վրայ իջած խաւարը փառատել։
pakrates@yahoo.com