Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօներուն առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներու վերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւօրէնք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւօրէնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ։
Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ
աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ