«Սիրելի հայրենակիցներ, յարգելի զինակիցներ,
Կ՚աւարտի հերթական տարին։ Մեր ժողովուրդը կը շրջէ իր պատմութեան բարդագոյն էջերէն մէկը։ 2020թ. Սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը խոր վէրքեր թողուց իւրաքանչիւրիս հոգուն մէջ։ Թշնամիի նախայարձակումը կասեցնելով նահատակուած են մեր ժողովրդի հազարաւոր զաւակներ՝ իրենց զոհաբերութեամբ խափանելով Արցախն ամբողջովին հայաթափելու հրէշաւոր ծրագիրը։ Այս պատերազմի ընթացքին հայ մարտիկը կռուած է Ատրպէյճանի, Թուրքիայի եւ միջազգային ահաբեկչութեան միացեալ ուժերու դէմ։
Այո՛, պատերազմը չէ աւարտած այնպէս, ինչպէս մենք կը ցանկանայինք, սակայն հայ զինուորը, ծանրագոյն մարտերու ընթացքին զոհաբերելով իր կեանքը, կորցնելով իր առողջութիւնը, ստիպուած ըլլալով թողնել հայրենիքի մի մասը, չէ կորցրած իր պատիւը։ Թշնամական դաշինքի բացարձակ գերակայութեան պայմաններուն հայ մարտիկներու կատարածը, որը կարելի է բնութագրել միայն անօրինակ տոկունութիւն բառերով, հնարաւոր դարձուցած է մէկ իրողութիւն, որու հետ հաշուի կը նստի ամբողջ աշխարհը. Արցախը վիրաւոր է, սակայն Արցախը կա՛յ եւ Արցախը լինելու՛ է։ Փառք հայրենքի պաշտպանութեան ժամանակ բոլոր նահատակուածներուն։ Անոնք յաւերժ ապրելու են մեր ժողովրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Կորուստի վիշտը բոլորինս է, բոլորինս է նաեւ մեր գործը շարունակելու պարտքը։ Իւրաքանչիւր Ամանոր անցնող տարին գնահատելու, իմաստաւորելու եւ նոր տարուայ նպատակները սահմանելու առիթ է։ Այո՛, այսօր ունինք այն, ինչ ունինք, սակայն այդ պէտք չէ դառնայ յուսալքուելու պատճառ։
2021 թուականը թո՛ղ ըլլայ մեկնարկային կէտ, որմէ պէտք է շարժուինք առաջ՝ լի վճռականութեամբ ու հաւատով, պատրաստ միասնաբար իրականութիւն դարձնելու այն նպատակները, որոնց համար իրենց կեանքը զոհաբերած են մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Մեր խոնարհումը նահատակուած հայրենակիցներու ընտանիքներուն, փառք հայ ժողովրդին, փառք հայ մարտիկին»։