ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ընդունեցէք իմ ջերմագին մաղթանքներս Ամանորի հին հայկական բացիկներով

Կաղանդ էր ան­­ցեալ շա­­բաթ եւ գրեր էի «Կա­­ղանդ» բա­­ռի եւ անոր զար­­դա­­­րուն պատ­­մութեան մա­­սին։ Իսկ այ­­սօր կը պատ­­րաստո­­ւինք Սուրբ Ծնունդը դի­­մաւո­­րելու եւ ըսե­­լու՝ «Ձե­­զի մե­­զի մեծ Աւե­­տիս»։ Ու­­րա­­­խալի այս կրկնակ տօ­­ները, կը յի­­շէ՞ք, առիթ կու տա­­յին, որ մենք ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րուն եւ ըն­­կերնե­­րուն ու­­ղարկէինք շնոր­­հա­­­ւորա­­կան բա­­ցիկ­­ներ։ Հին Կա­­ղանդնե­­րու բա­­րի յի­­շատակ­­նե­­­րէն մէկն է դե­­ռեւս նստիլ գրա­­սեղա­­նի առ­­ջեւ, ապա վա­­յելուչ ձե­­ռագի­­րով գրել բա­­ցիկ մը, որուն սկզբնա­­տառը պէտք էր ըլ­­լար ամե­­նէն գե­­ղեցի­­կը եւ ներ­­կա­­­յանա­­լին։ Նոր տա­­րուայ յա­­տուկ այս արա­­րողու­­թիւնը հե­­ռաւոր յի­­շատակ մըն է այ­­լեւս, թէեւ մնա­­ցեր են սա­­կաւա­­թիւ անձնա­­ւորու­­թիւններ, գե­­ղապաշտ եւ փափ­­կազգաց ան­­կասկած, որոնք յա­­մառօ­­րէն կը շա­­րու­­նա­­­կեն նուրբ բա­­ցիկ­­ներ գրի առ­­նել ու ու­­ղարկել իրենց սի­­րելի­­ներուն, զար­­մացնե­­լով նաեւ ստա­­ցողը։

Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, փո­­խանակ խօ­­սելու «բա­­ցիկ» բա­­ռի մա­­սին, կը փա­­փաքիմ ձե­­զի Պոլ­­սոյ մէջ գրո­­ւած կամ Պո­­լիս ու­­ղարկո­­ւած հին հայ­­կա­­­կան բա­­ցիկ­­ներ ներ­­կա­­­յաց­­նել, ու տես­­նել եւ հիանալ, թէ դար մը առաջ ինչ ըն­­տիր բա­­ռերով եւ գե­­ղագ­­րութեամբ ստեղ­­ծեր ենք տօ­­նական շքե­­ղու­­թիւննե­­րու հա­­ւասար գրա­­ւոր մշա­­կոյթ մը։ Յօ­­դուա­­ծիս նիւթ դար­­ձած 11 բա­­ցիկը ար­­տագրե­­ցի իրենց բնագ­­րին հա­­րազատ, առանց սրբագ­­րե­­­լու ուղղագ­­րա­­­կան սխալ­­նե­­­րը, իսկ անըն­­թեռնե­­լի բա­­ռերու տեղ գոր­­ծա­­­ծեցի փա­­կագի­­ծի մէջ առ­­նո­­­ւած երեք կէտ։

Առա­­ջին բա­­ցիկը ու­­նի 31 Դեկ­­տեմբեր 1908 թո­­ւակա­­նը, գրո­­ւած՝ Գը­­նալը, Պոլ­­սոյ Իշ­­խա­­­նաց չորս կղզի­­ներէն առա­­ջինը, աւան­­դա­­­կանօ­­րէն հա­­յաբ­­նակ։ Ճիշդ է, մեծ անկրթու­­թիւն է ու­­րի­­­շի նա­­մանը կամ բա­­ցիկը կար­­դալ, սա­­կայն նկա­­տի առ­­նե­­­լով անոնց հնու­­թիւնը, բա­­ցառու­­թիւն մը ընենք եւ ըն­­թերցենք. «Սի­­րելի Արաք­­սի, Նոր տա­­րուայ առ­­թիւ ըն­­դունե­­ցէք իմ եւ ըն­­տա­­­նեացս ջերմ շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւննե­­րը եւ նոյ­­նը հա­­ճեցէք տալ ձեր ըն­­տա­­­նեաց։ Ստա­­ցող՝ Ազ­­նո­­­ւու­­հի Օրիորդ Արաք­­սի Թաշ­­ճեան, հաս­­ցէ՝ Պիւ­­յիւք Տէ­­րէ»։ Պոլ­­սոյ եւ անոր թա­­ղերուն ան­­ծա­­­նօթ ըն­­թերցող­­նե­­­րուս հա­­մար նշեմ, թէ Պիւ­­յիւք Տէ­­րէն Պոս­­ֆո­­­րի եւ­­րո­­­պական ափին փռուած գե­­ղատե­­սիլ ու պատ­­կա­­­ռելի թաղ մըն է, ուր կը գտնո­­ւի Ս. Հռիփ­­սի­­­մեանց հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցին։ Թա­­ղը յայտնի է իր ծո­­վեզե­­րեայ փայ­­տա­­­շէն ապա­­րանքնե­­րով, որոնցմէ անե­­նէն յայտնին Ազա­­րեան­­նե­­­րու դղեակն է, այժմ՝ «Սատ­­պէրք Հա­­նըմ» հնա­­գիտա­­կան թան­­գա­­­րանի վե­­րածո­­ւած։ Բա­­ցիկի դի­­մերե­­սը խիստ գրա­­ւիչ է, ու­­նի ժա­­պաւէն­­նե­­­րէ կա­­խուած ար­­ծա­­­թագոյն եւ կա­­նանչ ծա­­ղիկ­­ներ։ Կ՛ար­­ժէ յի­­շել նաեւ, թէ 1909ին աշ­­խարհի վրայ պի­­տի սկսէին կարճ-ալիք ձայ­­նասփիւ­­ռի հա­­ղոր­­դումնե­­րը, պի­­տի հիմ­­նո­­­ւէր քա­­րիւ­­ղի խո­­շորա­­գոյն BP եւ աշ­­խարհահռչակ Suzuki ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը, ու Ատա­­նայի մէջ տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նար հայ­­կա­­­կան կո­­տորած մը։

Հե­­տաքրքրա­­կան է 10 Յու­­նո­­­ւար 1911ին Իզ­­մի­­­րէն (Զնիւռնիա) ու­­ղարկո­­ւած բա­­ցիկը. «Սի­­րելիս Օր. Քալ­­փա­­­քեան, Կը շնոր­­հա­­­ւորեմ Ս. Ծնունդը եւ Մկրտու­­թիւնը Քրիս­­տո­­­սի։ Ըն­­դունե­­ցայ ղրկած քար­­թերնիդ մե­­ծապէս շնոր­­հա­­­կալ եմ եւ ես ալ այս քար­­թը կը խրկեմ ձե­­զի որ տես­­նե­­­լով մեր [...] գլու­­խը նստած­­նիս յի­­շէք։ Ասի­­կայ գրած օրս [Ֆու­­լիք հա­­նըմին?] գա­­ցի քա­­նի մը օր հոն մնա­­լու հա­­մար ու եթէ ականջնիդ [...] հասկցէք որ մենք կը յի­­շէնք ձե­­զի։ Ըն­­դունե­­ցէք յար­­գանքներս բո­­լոր ըն­­տա­­­նեաց ու մայ­­րի­­­կին ձեռ­­քը կը համ­­բուրեմ։ Մա­­րիամ Թէր­­ճի­­­մանեան»։ Բա­­ցիկի դի­­մերե­­սի վրայ տպո­­ւած է սի­­րահար զոյ­­գի մը ամա­­նորեայ լու­­սանկա­­րը։ Անոնք կը պատ­­րաստո­­ւին բա­­ժակ մը գի­­նի վա­­յելե­­լու։ Նոյն տա­­րին է, որ Անգլիական Հնդկաս­­տա­­­նի մէջ պաշ­­տօ­­­նապէս առա­­ջին ան­­գամ օդա­­նաւով նա­­մակ­­նե­­­րու առա­­քում պի­­տի կա­­տարո­­ւէր, պի­­տի հիմ­­նո­­­ւէր Dinamo Zagreb ոտ­­նագնդա­­կի խումբը, Բե­­րուի մէջ պի­­տի վե­­րագտնո­­ւէր Մա­­չու Բի­­չու պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքը, Chevrolet ըն­­կե­­­րու­­թիւնը պի­­տի սկսէր ինքնա­­շարժ ար­­տադրե­­լու եւ նոր­­վե­­­կիացի բե­­ւեռագ­­նաց Ռոալտ Ամունտսէ­­նը առա­­ջին ան­­գամ պի­­տի հաս­­նէր Հա­­րաւա­­յին բե­­ւեռ։

Աստղիկ Չիֆթճեանը 1 Յու­­նո­­­ւար 1914 թո­­ւակա­­նին երբ գրի կ՛առ­­նէր իր բա­­ցիկը չէր գի­­տէր, թէ պի­­տի սկսէր հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազմ մը։ Ան­­գի­­­տակ, թէ նոր տա­­րին ի՛նչ աղէտ­­նե­­­րու յղի է, երի­­տասար­­դուհին գրեց. «Սի­­րելի ըն­­կե­­­րու­­հիս Վեր­­ժին, Կը շնոր­­հա­­­ւորեմ նոր տա­­րին ու­­րախ եւ եր­­ջա­­­նիկ տա­­րիներ կը մաղ­­թեմ։ Սի­­րելի ըն­­կե­­­րու­­հիս ըն­­դունէ իմ այս ջնջին նո­­ւէրս։ Քու ան­­կեղծ ըն­­կե­­­րու­­հիդ Աստղիկ Չիֆթճեան, Artemis Tchiftdjian։ Ստա­­ցող՝ Վեր­­ժին Սե­­մահ­­ճեան։ Հաս­­ցէ՝ Սա­­մաթիա, Պո­­լիս»։ 1914 տա­­րին պի­­տի տես­­նէր նաեւ Չար­­լի Չաբ­­լի­­­նի առա­­ջին շար­­ժանկա­­րը, Ֆլո­­րիտա­­յի մէջ կա­­տարո­­ւած աշ­­խարհի առա­­ջին օդա­­նաւա­­յին ու­­ղե­­­ւորա­­կան թռիչ­­քը ու Բա­­նամա­­յի նո­­րաբաց ջրանցքէն անցնող առա­­ջին բեռ­­նա­­­տար նա­­ւը։

1 Յու­­նո­­­ւար 1915ին ու­­ղարկո­­ւած եր­­կու բա­­ցիկ­­նե­­­րու դի­­մերե­­սին վրայ կը ժպտան եր­­կու գե­­ղեց­­կուհի­­ներ, մէ­­կը՝ տօ­­նածա­­ռի մօտ, իսկ միւ­­սը ներ­­կա­­­յանա­­լի պա­­րոնի մը։ Ձեռ­­քով գու­­նա­­­ւորո­­ւած այս բա­­ցիկ­­նե­­­րու վրայ գրո­­ւած են հե­­տեւեալ բա­­րեմաղ­­թութիւննե­­րը. «Սի­­րէլի ըն­­կե­­­րու­­հիս Օր. Մ., Նոր Տար­­ւոյ առի­­թով ջե­­րըմ մաղ­­դանքներ ուղղե­­լով կը մաղ­­դէմ եր­­կար եւ եր­­ջա­­­նիկ տա­­րիներ ու­­րա­­­խու­­թեամբ ան­­ձունել հա­­մայն ըն­­տա­­­նեօք։ Ըն­­դունէ ըն­­կե­­­րական յար­­գանգս, Իս­­կուհի Արա­­պեան։ Հաս­­ցէ՝ Խաս­­գիւղ, Պո­­լիս», «Սի­­րելի Վեր­­ժին իմ- Նոր տա­­րուայ առ­­թիւ ըն­­դունե­­ցէք իմ ջեր­­մա­­­քին շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւններս մաղ­­դե­­­լով ձեզ նոր տա­­րին իւր բա­­րի եր­­ջանկու­­թիւննե­­րովը լեց­­նէ ձեր սիր­­տը։ Կը փա­­փաքէի ձեզ մի փոքր ինչ նո­­ւէրով մը յար­­գել բայց ժա­­մանա­­կիս պա­­հանջնե­­րուն պատ­­ճա­­­ռաւ միայն ներ­­կայ գարթս իբր այն նկա­­տեցէք։ 1915 Յուն. 1։ Քու ան­­կեղծ […] Նո­­ւարդ Աշ­­ճեան»։ 1915 թո­­ւակա­­նը ակա­­նատես պի­­տի ըլ­­լար, թէ Դա­­նիացի տիկ­­իները քո­­ւէար­­կե­­­լու իրա­­ւունք կը ստա­­նան, ամե­­րիկեան Ֆորտ ըն­­տե­­­րու­­թիւնը կ՛ար­­տադրէ իր 1 մի­­լիոնե­­րորդ ինքնա­­շար­­ժը, ֆրան­­սա­­­ցի ճար­­տա­­­րագէտ Ժորժ Քլո­­տը կը հնա­­րէ ցու­­ցա­­­փեղ­­կե­­­րու հա­­մար նա­­խատե­­սուած «նէոն» լոյ­­սը։ Չմոռ­­նամ ըսե­­լու նաեւ, թէ 1915ին ո՛չ մէ­­կուն շնոր­­հո­­­ւեցաւ Խա­­ղաղու­­թեան Նո­­պելեան մրցա­­նակը, - ո՛չ ալ 1916ին եւ 1918ին։ 1917ին ան պի­­տի շնոր­­հո­­­ւէր Կար­­միր Խա­­չին, իսկ 1919ին Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու Նա­­խագահ Վուտրօ Վիլ­­սը­­­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ