Պատրիարքարանը նկատի ունենալով համավարակի հետ առնչուած արգելափակումները զեկուցեց թէ զանց կ՚առնուի 31 Դեկտեմբեր 2020-ի կէս գիշերուայ եւ 1 Յունուար 2021 ուրբաթի առաւօտեայ գոհաբանական պատարաքները։ Ճրագալոյցի Պատարագը կը կատարուի 5 Յունուար երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 17.00-18.30-ի միջեւ։ Իսկ Ս. Ծննդեան Պատարագը չորեքշաբթի առաւօտուն 10.30-12.30 ժամերու ընթացքին։ Այս տարի ջնջուած են համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, քոյր եկեղեցիներու եւ տիկնանց յանձնախումբերու Սուրբ Ծննդեան առթիւ շնորհաւորական այցելութիւնները։ Մեռելոցի առթիւ այցելուներու համար գերեզմանատները բաց են ժամը 11.00-էն սկսեալ։ Պատրիարքական զեկոյցին մէջ հասարակութիւնը անգամ մը եւս կը զգուշացուի եկեղեցի այցելութիւններու ընթացքին դիմակ կրելու ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելու եւ հականեխիչներ գործածելու առումով։