Նոր Տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազար ամեակներու վրայ։ 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն։ Մենք որ չենք սիրեր ժամանակի արագընթաց վազքը եւ միշտ կը դժգոհինք տարիներու զարմանալի հապճէպէն անհետանալու ետեւ ետեւէ, այս անգամ միասիրտ աղօթեցինք որ 2020-ը անհետ կորնչի մեր կեանքէն՝ իր հետ տանելով հրէշային համաճարակը եւ անոր դժխեմ հետեւանքները։ Արցախի ողբերգութեան տարին է 2020-ը, որ պիտի արձանագրուի Հայոց Պատմութեան էջերուն գորշագոյն գիրերով։
Բայց չենք կրնար վիճարկել տարիներուն հետ։ Անոնք որեւէ խոստում չունին մեզի մի՛շտ բարին ու հաճելին մատուցանելու ինչպէս ծովը միշտ հանդարտ ջուրեր չի խոստանար դիմացը անցնիլ ուզողներուն։ Ամէն անհատ ու ազգ իր ապրելու վարպետութեամբ կուրծք տալու է ժամանակներու մարտահրաւէրներուն։
Եւ նաեւ իրազեկ դառնալու ենք։ 2021-ը եւս ամենուս գոհ ձգելիք լիակատար տարի մը շնորհելու խոստում չունի մեզի, ալյ միայն մէկական օրերէն բաղկացեալ 365 հատ կարելիութիւններ։
«Զհաց մեր հանապազորդ տու՚ր մեզ այսօր»։
365 թիւը մէկ տարիի վերաբերեալ մեր վերացական մտայղացումն է երբեք չերաշխաւորուած։ Ստիպուած ենք միայն ա՚յս օրը ապրելու եւ անոր մէջ պարուրելու անցեալի հաշուեյարդարը եւ ապագայի իղձերը բոլոր։
Այս նոր Տարիին նաեւ պիտի ջանանք իրագործել մեր մարդկութիւնը իր բոլոր երեսակներով։ Յոյս ունինք եւ յոյսը չ’ամչցներ երբեք։ Արդէն մեր լաւատես հայեացքով 2021-ի հորիզոնը շատոնց ներկեցինք վարդագոյն տեսիլքներով եւ երկինքի օրհնաբեր կապոյտով։
Պահը կը հրաւիրէ մեզ ակամայ աւելի խորը մտածելու մեր կեանքի մասին եւ վերագտնելու մեր ապրելու իմաստը։ Ամէն նոր տարի նմանութիւնը ունի անհատներու ծննդեան տարեդարձին։ Ծննդեան տարեդարձը անհատական՝ իսկ Նոր Տարին ամէնունն է։ Բացուող ամէն նոր տարի սկզբնաւորութիւն մըն է, կեանքի մէջ նոր ակօսներ բանալու եւ կեանքի կրկին սկսելու։
Նոր Տարին առիթ մըն է փորձելու, քննելու եւ հաշուեյարդարի դնելու մեր անցեալը՝ ներկային համար, ե՚ւ բաղձալի ապագային։ Ժամանակն է ցուցադրելու այն բոլորը, որոնք նախորդ տարիներուն մենք չենք կրցած կատարել։ Մաքրել պէտք է փոշիի տակ մնացած մեր երազները եւ լուսաւորել՝ մեր իտէալները։ Ժամանակն է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ եւ մարդոց, որոնք մեր հոգիին ու սրտին մէջ իրենց մաքուր ձեռքերով սերմեր ցանեցին եւ հարստացուցին մեր կեանքը։
Որպէսզի Նոր Տարին դառնայ իսկապէս «նոր» պէտք է մէկ կողմ դրուին ատելութիւնը, քինախնդրութիւնը, դժկամութիւնը եւ գիտակցիլ թէ ժամանակն է ներելու եւ մոռնալու թէ՛ մեր անցեալի վրիպումները եւ թէ՛ ուրիշներու բացթողումները մեր անձի նկատմամբ, ունենալով վեհանձն հոգի մը՝ միշտ պատրաստ սրբագրելու հի՚նը եւ հիմնադրելու նո՛րը՝ թարմ երազանքով։
Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կրնանք ցուցաբերել այս նոր տարուան ընթացքին, այդ ժամանակ է, որ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.
Շնորհաւոր Նոր Տարի։
Ձեր բոլորին երջանկութիւն եւ առողջութիւն երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ։
29 Դեկտեմբեր 2020
Աղօթարար,
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ