Տարուայ աւարտին մօտ իրարու կը յաջորդեն մահուան դառն լուրեր։ Այդ դառնութեան վերջին օրինակը կը հանդիսանայ հանրածանօթ կազմակերպիչ Պերճ Քաջի մահուան գոյժը։ Ամբողջովին եկեղեցիէ ներս բոլորուած կենսագրութիւն մը կայ մեր դիմաց։ Ինը տարի առաջ «Ակօս»ի էջերուն լոյս տեսնող հարցազրոյցի մը ընթացքին Պերճ Քաջ կը պատմէր իր որպէս պատանի դպիր եկեղեցի մուտքը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ կեանքի աւարտը։
Դպրութիւնը՝ որ շարունակուած էր զանազան եկեղեցիներէ ներս հետզհետէ վերածուեցաւ լուսարարութեան եւ դպրապետութեան կոչումներուն, որոնց շնորհիւ նաեւ երկար տարիներ կատարեց հարսանիքի, մկրտութեան կամ յուղարկաւորութեան ծիսակատարութեան դժուարին պաշտօնը։
Դարձեալ Ռիթա Էնտերի հետ ունեցած հարցազրոյցէն կը տեղեկանանք թէ այդ պարտականութիւնն ալ իր կարգին ունի բազմաթիւ նրբութիւններ, որոնց քաջաբար կը տիրապետէր հանգուցեալ Պերճ Քաջ։ Իր մահով պատմութեան կը փոխանցուի հետաքրքրական դրուագներով լեցուն ամբողջ կեանք մը, որ նաեւ վկայութիւնն է վերջին 70 տարիներու պոլսահայ եկեղեցական ապրումներու։
Պերճ Քաջ 12 Սեպտեմբերի զինուորական յեղափոխութեան օրերուն բերման ենթարկուած եւ տանջանքներու մատնուած էր զինուորական արգելանոցին մէջ։ Աւելի ետք ընդմիշտ լռութիւն պահեց այդ օրերու ապրումներուն մասին եւ այդ գաղտնիքները տարաւ իր հետ։ Նոյն օրերուն ձերբակալուած բազմաթիւ հայեր եւս խուսափեցան այդ օրերու մասին վկայութիւններ բերելէ եւ Պերճ Քաջի մահով կարծես նման վկայութիւնը փոխանցելու կարելիութիւնը ունեցողները վերջացած եղան։ Վաղուց անդենական գացած էին իր պաշտօնակիցը Յակոբ Մանուկեան, ատամնաբոյժ եւ արձակագիր Վարդան Կոմիկեան, բազմամեայ կրթական մշակ Հայկ Նշան, «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք, Հայր Մանուէլ Վրդ. Երկաթեան, Տիյարպեքիրի երէց Տէր Կիրակոս եւ ուրիշներ։