Մինջնադարեան մեծանուն բանաստեղծներէն Ֆրիկ իր քերթուածներուն մէջ յաճախ կ՚օգտագործէ թրքերէնէ փոխանցուած «չարխ» բառը։ Ան այդ եզրով մերթ կ՚ակնարկէ մարդուս բախտին, մերթ ալ կը նշէ նախախնամութեան ուժն ու կարողութեան։
Հոգ չէ թէ բնութեան իմաստուն զաւակն է մարդը, աշխարհի վրայ նաեւ անսահման են անոր ճարահատութեան կամ անճարակութեան երեւոյթները։ Այդ երեւոյթները նաեւ բարեբախտութիւն են մարդուս ինքնաճանաչման առիթ ընծայելուն առումով։ Աստուած մի արասցէ ով գիտէ տակաւին ի՞նչ հրէշութիւններու հեղինակը կը դառնայինք եթէ դոյզն իսկ պակսէր մարդու այդ անճարակութեան գիտակցութիւնը։ Պատմութեան կարեւորագոյն առակներէն մէկը ըլլալ կը շարունակէ Բաբելոնի աշտարակը։ Կրօնագիտութեան դասուն արդէն իսկ սորված էինք թէ ինչպիսի մահացու մեղք մըն է մարդու իր սահմանները չիմանալը։ Աստուած պատժեց զինք փնտռելու համար դէպի երկինք բարձրացող աշտարակ մը կառուցելու ձեռնարկողները։ Խառնեց անոնց լեզուները, որպէսզի արգիլէ անոնց միջեւ հաղորդակցութիւնը։ Պատիժ մը՝ որու հետեւանքները կը տանինք մինչեւ օրս։ Եւ ապա միամիտօրէն կը զարմանանք թէ ինչո՞ւ համար մեզ չեն հասկնար։ Չեն հասկնար, որովհետեւ պատժուած ենք տակաւին չյիշատակուած թուականներէն ի վեր։ Կը շարունակենք տանիլ մեր նախնեաց մատնուած անէծքի հետեւանքները։ Մարդկանց ոչ միայն լեզուները, այլ անոր հետ միասին լեզուամտածողութեան յատկութիւններն ալ խառնուած են, որու հետեւանքով անհաղորդ կը մնանք իրարու հանդէպ։
Սա իսկապէս, այն մեծագոյն պատիժն է, որուն պիտի արժանանար իր սահմաններուն չգիտակցող մարդը։ Սա նաեւ ագահութեան պատիժն է։ Եւ ագահութիւնը այն մեղքերէն է, որ Սուրբ Գիրքի մէջ կը դասուի «մահացու», որուն հետեւանքները ժառանգական են։
Չես գիտեր ինչ դրդումներով այս խորհրդները խուժեցին մտքիս, երբ կը փորձէի տարուայ վերջին տոմսը գրելու։ Թերեւս ալ Գատըգիւղի թաղական խորհուրդի որոշումը հասկնալ չանալու պահուն էր, որ մտաբերեցի մարդկային մտքի թելադրած սահմանափակումները։
Անցեալ շաբաթ լրագիրը տպարան ուղղարկած էինք, երբ վերահասու եղանք Իսթանպուլի Քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հետաքրքրական փափկանկատութեան։ Քաղաքապետը հետեւելով «Մեր Հայերը» նախաձեռնութեան առաջարկին, որոշեր է քաղաքիս բոլոր հայ դպրոցի աշակերտութեան փոքր նուէրներ ուղղարկել եւ այսպէսով շնորհաւորել Սուրբ Ծննդեան Տօնը։ Մինչեւ հոս ամէն բան ընդունելի եւ հաճելի։ Բայց զարմանք պատճառողը Արամեան Ունճեան վարժարանի տնօրէնութեան քաղաքապետի նուէրը մերժելու երեւոյթով յայտնուեցաւ։ Իսկ ի՞նչ կրնար ըլլալ նման մակարդակէ մը եկած այս պարզ նուէրին մերժման պատճառը։ Այս հարցումը քանի որ պաշտօնապէս չէ պատասխանուած տնօրէնութեան կողմէ ուրեմն կը ստիպուինք ենթադրութիւններ ընելու։ Ի՞նչը պատճառ կրնայ ըլլալ նման անարգանքի։ Գիտենք որ Էրտողանի կառավարութիւնը ընտրուած օրէն սկսեալ ամէն առթիւ կը փորձէ արգելք ըլլալ քաղաքապետարնի նախաձեռնութիւններուն։ Արդեօք այդ եղածն ալ կարելի՞ է նոյն շրջանակի մէջ տեսնել։ Մեր թաղականութիւնն ալ կրնա՞յ ըլլայ որ ազդուած ըլլան Նախագահ Էրտողանի ոխերիմ վերաբերումէն եւ ինքն ալ գործադրէ նոյն մտայնութիւնը։
Որպէս երկրի ազգային փոքրամասնութիւններ, հազիւ վերջին տարիներուն է որ կ՚արժանանանք պետական մարմիններու նման բնոյթի մերձեցումներուն։ Եթէ հիմա ալ ոմանց հաճելի թուելու համար պիտի դիմենք այսպիսի վանողական քայլերու, ափսոս ու ափսոս այս համայնքը իբրեւ թէ ղեկավարող միտքերուն։
pakrates@yahoo.com