Եթէ ձեր սեղանին վրայ կը վառին ժամէն եկած մոմիկներ, ընտանիքի անդամներու թիւին չափ անշուշտ, կը պատրաստուիք այդ մոմերուն տկուկները տանիլ եւ փակցնել աղբիւրի վրայ, որպէսզի ան ամբողջ տարի հոսուն եւ անուշիկ ըլլայ, եթէ մեծմօր մոմն է ամենէն նախշունը ու զայն մարելու համար տան չարաճճի փոքրիկները ձաւարի ու ցորենի հատիկներ կը նետեն հեռուէն, ու խեղճ մեծմայրը գաւազանով կը վազէ, բայց անոնք կը փախչին ու կը պահուըտին եւ վերստին յանկարծ կ՚երեւին, ու վերջապէս, եթէ ճարահատ պառաւը գոգնոցը կը բանայ ու կ՚աղաչէ, կը պաղատի որ մոմը չմարեն ու գան առնեն իրենց նուէրը՝ ուրեմն եկած է... Կաղանդը։ Մեծ հայրն ալ այն ատեն ժամէն երբ հասնի ու տեսնէ այդ տեսարանը, անխռով պիտի ողջունէ տունը եւ անոր բնակիչները ու պիտի ըսէ. «Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի կաղանդ»։
Վերոյիշեալ տեսարանը, յարգելի ընթերցող, հայկական կաղանդական աւանդութիւններէ վերարտադրուած առտնին տեսարան մըն էր։ Գիտեմ, թէ այսօր մեր առօրեայ կենցաղէն հեռացած են «աղբիւր երթալ», «ձաւարի հատիկով մոմ մարել» արտայայտութիւնները, սակայն Կաղանդը կը շարունակէ գալ, շնորհաւոր ըլլայ, եւ սփիւռքահայ մամուլը, յարգելով իր դարաւոր գեղեցիկ սովորութիւնը, լոյս կ՛ընծայէ «Կաղանդի թիւ»՝ կ՚արժէ անդրադառնալ «Կաղանդ» բառի եւ հայկական կաղանդի մասին ու յօդուածը ընծայել հայ ընթերցողին որպէս կաղանդչէք մը։ Այս առիթով բացատրենք նաեւ, թէ ո՛ր ժամանակէն եւ ինչո՛ւ սկսաւ Կաղանդը։
«Կաղանդ»ը մեր բարի յոյն դրացիներու նուէրն է հայերէնի բառապաշարին։ Ան ծագած է καλώ / քալօ բայէն, որ հայերէն կը թարգմանուի «կոչել, կանչել», քանզի հեթանոսութեան ժամանակ քուրմերն աստուածներու երկրպագելու համար ամէն ամսոյն առաջին օրը տաճար կը կոչէին ժողովուրդը։ Մեհեաններն ու բագիններ շքեղապէս կը զարդարուէին եւ ժողովուրդը հաւաքուելով, զիրար կը շնորհաւորէին եւ բարեմաղթու եւ նուիրաբաշխ կ՛ըլլային։ Պէտք է յիշել, թէ հայերէնի դասական շրջանին եւ մինչեւ ուշ միջնադար Կաղանդ բառով հայը կը հասկնար «ամսագլուխ, ամսամուտ» Բառը ապա անցաւ լատիներէն, calendarium, հին ֆրանսերէն, calendier, անգլերէն, calendar, ստացաւ օրացոյց իմաստը։ «Քալօ» արմատը ծնունդ տուաւ նաեւ աշխարհի լեզուներու մէջ գործածուող բազմաթիւ ծանօթ բառերու, ինչպէս՝ clarinet, Clara եւ council։ Նոյն արմատի ճիւղաւորումն է յունարէն εκκλησία, ֆրանսերէն ռglise, իտալերէն chiesa, սպաներէն iglasia եւ հայերէն «եկեղեցի» բառերը։ Վրացերէնն ալ ստացաւ «կաղանդ»ի նուէրը, ուր კალანდა / քալանդա կը նշանակէ «կաղանդ», իսկ კალანდი / կալանդի, եւ კალენდობა / կալենդոբա բառերն են «տարեմուտ»։ Հայերս միաձայնութեամբ կը հաւատանք, որ Նաւասարդն էր Նոյ նահապետէն աւանդուած նոր տարին, Վարդավառի տօնն էր «Ամանւր Հայոց» բայց քրիստոնէական դարերու մէջ տակաւ առ տակաւ Նաւասարդը դադրեցաւ յիշուելէ ու նոր մը, յունական Կաղանդն ու հռովմէական Յունուարը սկսան գործածուիլ։ «Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի Կաղանդ»
«Կաղանդ» բառի հետ ստացանք նաեւ այլ նուէրներ, թիւով շատ չեն, բայց միշտ հաճելի է նուէր ստանալը։ Ահա «Կաղանդ»ի տուփիկէն ելած օգտաշատ այլ բառեր- կաղանդացոյց, կաղանդել, կաղանդչեք, կաղանդական, կաղանդել։ Առաջինը տօմարական գիտութեան այն մասն էր, որ կը գուշակէր տարուայ հանգամանքները։ Իսկ վերջինը, «կաղանդել» բայը, զոր ցաւօք սրտի հայը դադրած է գործածելէ, կը նշանակէր «տարեգլխին ընծաներով միմեանց պատուել» «Կաղանդ»բառը նաեւ ստացաւ խոհարարական իմաստ. մեղրով եւ բոուած ընկոյզով պատրաստուող քաղցրաւենիք։ Ունինք նաեւ մէկ այլ արտայայտութիւն, «Կաղանդի հաց»՝ նոր տարուայ առթիւ երկրագործական գործիքներու նմանութեամբ պատրաստուած հացեր, որոնք վաղ արշալոյսին կը թրջեն աղբիւրի մէջ եւ բերելով տուն։ «Կաղանդ»բառը կը սիրէ նաեւ միանալ ընտիր քանի մը բառի հետ ու կազմել շքեղ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ Կաղանդի ծառ, նուէր, սեղան, աւանդութիւն, օր, գիշեր, արձակուրդ, երգ, տաղ, հանդէս, տօնակատարութիւն... «Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի Կաղանդ»
Հին հայկական աւանդոյթի մէջ կը յայտնուի հրաշագործ «Կաղանդ պապուկ»ը։ Ան կ՚առնչուէր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ, որ, համաձայն աւանդութեան, կը յայտնուէր գաւազանով եւ ոչխարի մորթէ պատրաստուած վերարկուով։ Նփրկերտի եւ շատ գաւառներու մէջ «գօտեկախ» կը կոչուի Կաղանդի երեկոյ-գիշերը։ Տղեկներ իրենց քոլոզը կամ արտխինչը իբր պարկ՝ չուաններու ծայրերուն կապկպած՝ տանիքներ կ՚ելլեն եւ ծխնելոյզներէ վար կը կախեն ճլվլալով. «Հա՜ Կաղանդ» ու կ՛ակնկալեն կաղանդչէք մը։ Կաղանդին Պոնտոսի մէջ կ՛ըսուէր Կալանդար։ Սեւ Ծովու ափերուն հայերը կը պատրաստէին եօթը պնակ մրգեղէն։ Տանուտէրը ձիթենիի ոստ մըն ալ կը կտրէր եւ տուն կը բերէր Կալանդարի ծառ շինելու համար։ Ըստ ժողովրդական սովորութեան տօնածառը դրախտի Կենաց ծառի խորհուրդը ունի։ Սեղանէն յետոյ տանտէրը երեք ափ կաղին կը նետէր դէպի ձեղուն ու կ՛ըսէր. «Շէն կենայ Կալանդար, բարո՜վ Կալանդար»
«Կաղանդ»բառը ամենամեայ ներշնչում է նաեւ հայկական գրական եւ գրատպական աշխարհի համար։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ ընդունուած սովորութիւն է, որ հեղինակներ, բանաստեղծներ եւ խմբագիրներ լոյս ընծայեն կաղանդի յատուկ գործ մը։ Անոնք ամբողջ հասարակութեան կը թելադրեն մաքրուիլ ընկերային ախտերէն, ներել միմեանց, մոռնալ հին ոխերը, Նոր տարին եւ Ծնունդը դիմաւորել վերածնուած եւ վերանորոքուած հոգիով։ Ահա 19րդ դարու վերջին եւ 20րդ դարու առաջին տասնամեակին գրուած քանի մը գրական գործ. Լեւոն Բաշալեան «Կաղանդչէքը» Երուանդ Օտեան «Կաղանդի վիպակ» Գիմմէն «Կաղանդչէքը» Ատրուշան «Կաղանդի երեկոյ» Վահան Մանուէլեան «Կաղանդչէք» Երուխան «Կաղանդչէքը» Արեւմտահայ թերթերու մէջ որպէս «Կաղանդի նուէր» կամ «Կաղանդչէք» լոյս կը տեսնէին նաեւ թերթոն-վէպերը։ Ընթերցասէր հասարակութիւնը իւրայատուկ ջերմութեամբ կը սպասէր այդ նուէրը։ Բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի առաջին տպագիր գործն ալ նուիրուած էր կաղանդին, որ լոյս տեսաւ Պոլսոյ մէջ Արփիար Արփիարեանի խմբագրած «Հայրենիք» օրաթերթի էջերէն ներս, 1894 թուականի Կաղանդի թիւին մէջ, «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ»
«Կաղանդ»բառը 19-րդ դարուն դարձաւ գիրքի խորագիր. «Ընծայ կաղանդի օրուայ կամ նոր տարւոյ- Վասն ուսումնասէր տղայոց» Ս. Պետերբուրգ, «Նուէր կաղանդի» Թեոդոսիա, «Կաղանդչէք- Առակք» Վենետիկ, «Նուէր Կաղանդի կամ փոքրիկ հաւաքածոյ օգտակար խրատուց եւ գեղեցիկ օրինակաց» Կ. Պոլիս։ Այդ գիրքերը իրենց անուանաթերթի կամ առաջին էջի վրայ կ՛ունենային «ընծայագիր» այսինքն յատուկ նշում- «Կաղանդի նուէր» «Տղոց Կաղանդի նուէրը» «Հայ մանուկի Կաղանդի նուէրը» «Հայ ընտանիքի Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի նուէրը» եւ նման ընծայագրեր։ «Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի Կաղանդ»
Հայկական գրական աշխարհի ամենէն գեղեցիկ աւանդութիւնը այն է, թէ ամէն բանաստեղծ կաղանդի բանաստեղծութիւն մը գրի կ՛առնէ։ Այդ երեւոյթին յատկապէս կը հանդիպիք Պոլսոյ մէջ։ Պոլսահայ բանաստեղծը սակայն չի նկարագրեր կաղանդի ճոխ սեղանը կամ մինչեւ ծայրը զարդարուած տօնածառը։ Ան կ՛անդրադառնայ կաղանդի ճոխ սեղանէն զրկուած մարդուն։ Այդ բանաստեղծներէն մէկն է Խորէն Մանաւեանը։ «Կաղանդ պապային ձանձրոյթը» քերթուածին մէջ ան ամենապարզ բառերով ներկայացուց, թէ 1960-ականներու Պոլսոյ մէջ կաղանդը բոլորին համար չէր շքեղ տօն. «Կեանքը սուղ է / Խաղալիքը կրակի գին / Պարկն ու կողովը խոշոր… / Կաղանդ Պապան / Հազար անգամ զղջացեր է / Կաղանդ Պապա / Ըլլալուն» Բայց Զահրատն է, որ կաղանդէն եւ անոր խորհուրդէն ամենէն շատ ազդուած ըլլալ կը թուի։ Ան կաղանդին նուիրուած բանաստեղծութիւներու ամբողջ շարք մը ունի. «Կաղանդ Պապային մօրուքը» «Կաղանդի ծառ մը» «Այսօր կաղանդ է» «Սիրով կաղանդ» «Կաղանդի գիշեր» Այդ բանաստեղծութիւններու մէջ, յարգելի ընթերցող, Զահրատը կը խօսի կաղանդի մէկ այլ երեսի, չիրականացած երազներու, կեանքի պայքարի մասին։ Ահա «Կաղանդ պապային մօրուքը» քերթուածի շատ յայտնի, սրտաճմլիկ տողիկը.
«Կաղանդ Պապային մօրուքը ճերմակ է / ԱԼԻՒՐի նման / Ըսէ — Կաղանդ Պապա / Մօրուքէդ ՀԱՑ կը շինուի՞»
Կաղանդի այս օրերուն, սակայն, պէտք է երազել ու ակնկալել բարի գալիքը։ Իսկ դուք եթէ ձեր երազի մէջ տեսնէք «կաղանդը» ան կը նշանակէ - Հին կեանքդ պիտի փնտռես, համբերէ գուցէ վերադառնայ եւ ուրախանաս, իսկ կաղնդչէք տալ – Եթէ ամուրի ես պիտի ամուսնանաս, եթէ ամուսնացած ես զաւակ պիտի ունենաս։ «Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի Կաղանդ»
Այսօր յարգելի ընթերցող յօդուածիս հրաժեշտ կու տամ կաղանդի գաւառական, բարբառային կանչերով, որպէսզի լսենք, թէ մեր Էրկրի մէջ ինչպէս կը կաղանդուէին՝ միմեանց ինչպէս կը պատուէին- Վան, Մոկք «Բարի կաղանդ» Խարբերդ, Սեբաստիա «Բարի գաղանդ» Կարին «Բարի կաղընտ» Ակն «Բարի գաղօնդ» Բալու «Բարի կախանդ» Մուշ «Բարի կախնդօզ» Զէյթուն «Բարի գաղունդ» Հաճըն «Բարի գաղընդէս» Համշէն «Բարի գալօնդար» Շնորհաւոր կաղանդ բոլորիդ։