Համավարակի տարօրինակ զրկանքներով ահա հասած ենք 2020-ի տարեվերջին։ Թէ հոգեւոր եւ թէ աշխարհական գետնի վրայ կը տիրէ մռայլ լռութիւն։ Եկեղեցիներ որոշած են Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութիւնները կատարել առցանց դրութեամբ։ Այսինքն կ՚ակնկալուի թէ հաւատացեալներ փոխանակ տաճարներու կամարներուն տակ աղօթելու, գոհանան համակարգիչի էկրանէն հաղորդուին օրուայ խորհուրդին։ Անհաւատալին է որ կը կայանայ եւ բոլորս անզօր ենք այդ պարտադրանքին դիմաց։ Ո՞վ գիտէ որքան մեծ դիմադրութիւն կը ցուցադրուէր եթէ որեւէ մի բռնակալ փորձեր նման արգելք մը յարուցել հաւատացեալի հանդէպ։ Սակայն այս պահուն հաւատացեալը ինքն է որ կամաւոր կը հրաժարի եկեղեցի յաճախելէ։ Սակայն այս բոլորը դարձեալ արգելք չեն, որ մարդիկ բարի յոյսեր սնուցեն յաջորդ տարուայ համար։ Միամիտօրէն բարի մաղթանքներ հաղորդեն իրարու եւ յուսան որ չարիքը մնայ անցեալ տարուայ օրերուն մէջ եւ նոր տարին բարիք շնորհէ բոլորին։ Մենք ալ սիրով կը ձայնակցինք այդ միամիտ բարեմաղթանքին եւ չենք ուզեր ի սպառ հանել այդ բարի երազանքները։ Ճիշդ ալ այս ընկալումով կ՚ողջունենք գլխաւորութեամբ ազգիս Կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ առ հասարակ համաշխարհային քրիստոնէութեան Սուրբ Ծնունդեան Տօնը միշտ մաղթելով տիեզերական խաղաղութիւն նախ ազգիս հայոց եւ ապա համայն մարդկութեան։