Երկար ժամանակէ ի վեր յաճախ կը խօսուի Թուրքիոյ մէջ իրաւական համակարգի քաղաքացուած ըլլալու մասին։ Արդարեւ նախագահ Էրտողանի ձեւաւորած միահեծան կառավարութեան ձեւաչափով վերացած է օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու անկախութիւնը։ Այդ պայմաններու մէջ դատարանները զրկուած են արդար վճիռներ կայացնելէ եւ ամբողջովին ենթարկուած նախագահի ցուցմունքներուն։ Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին յստակ երեւոյթներ կը պարզուին այս դժբախտ ընթացքը նշելու համար։ Սելահատտին Տեմիրթաշ, ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցուըեան նախկին համանախագահը աւելի քան չորս տարի է, որ բանտարկուած է ճաղերու ետին։ Իր հետ նոյն ճակատագիրը կը կիսէ կուսակցութեան եւս անցեալի համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ։
Գործատէր եւ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալա ալ աւարտեց իր բանտարկութեան երեք տարիները եւ կը շարունակէ ազատազրկուած մնալ։ Այս օրերուս իր քաղաքական ելոյթներուն համար ձերբակալուեցաւ Ժողովրդավարական Շրջաններու Կուսակցութեան համանախագահ Լէյլա Կիւվեն։ Անոր ալ վիճակուած է 22 տարի 3 ամսուայ բանտարկութիւն մը։ 22 Դեկտեմբերին կայացաւ նաեւ հանրածանօթ լրագրող Ճան Տիւնտարի դէմ յարուցուած դատավարութեան վճիռը։ Տիւնտար եւս դատապարտուեցաւ աւելի քան 22 տարիներու ազատազրկման։
Թուրքիոյ դատական համակարգը նման վճիռներ արձակելու համար կ՚օգտագործէ միայն Թուրքիոյ յատուկ յանցագործութիւններ։ Այսպէսով քաղաքական գործիչները իրենց խորհրդարանի ամպիոնէն հնչեցուցած ճառերուն համար կը մեղադրուին ահաբեկչութեան քարոզչութեամբ։ Նոյնպէս լրագրողներ իրենց հրապարակած լուրերուն համար կը մեղադրուին պետութեան գաղտնիքները հրապարակելու եւ լրտեսութեան նման յանցանքներով։
Ի դէմ այս բոլորին ԵՄԻԱ-ի վեհաժողովը ի հիմանէ մերժեց այս մեղադրանքները պատճառաբանելով թէ ընտրուած քաղաքական գործիչները իրենց ելոյթներուն համար օժտուած են անձեռնմխելիութեամբ։ Նոյնպէս կարելի չէ լրագրողները դատապարտել իրենց խմբագրած լուրերուն համար, մանաւանդ երբ այդ լուրերը յստակ իրողութիւնը կը ներկայացնեն։ ԵՄԻԱ իր որոշումով հրահանգեց Թուրքիոյ իսկոյն ազատ արձակել Սելահատտին Տեմիրթաշը։ Նշենք որ Եւորպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանը նախապէս ալ նման բնոյթով որոշում մը կայացուցած էր, բայց Թուրքիոյ դատարանները հնազանդելով նախագահ Էրտողանի դժկամութեան իսկոյն գործադրած էին տարբեր դատի մը տնօրինած պատիժը։
Նոյնը պատահած էր Օսման Քաւալայի օրինակով, երբ դատարանը զինք անպարտ հռչակեց։ Իսկոյն վերյիշուեցաւ մի այլ հարցաքննութիւն եւ այդ հարցաքննութեան հետեւանքով կրկին ձերբակալուեցաւ Օսման Քաւալա։
Այժմ կը սպասուի թէ ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ ԵՄԻԱ-ի վերջին որոշումը, քանի որ Եւորպայի դատարանի վճիռները կը գերազանցեն Թրքական ատեաններու վճիռներուն։