10Նոյեմբերը բազում զոհերու կորուստով եթէ յաղթանակի օր պիտի նշուի Ատրպէյճանի մէջ, մեզ հայերուս համար նախ եւ առաջ պարտութեան օր է իր մեծ կորուստներով։
Կորուստներու գլխաւորը ռազմաճակատի վրայ ինկած բազմահազար զինուորներն են։ Անոնք իրենց մահով խոր սուգ պատճառեցին ո՛չ միայն հարազատ ընտանիքներուն, այլ բովանդակ ժողովուդի մը հոգիներուն մէջ։ Հայաստանի մէջ շատեր այդ բազմահազարներով կորուստը կը համարեն ամբողջ սերունդի մը ոչնչացումը։ Տեղին է այդ հաստատումը, քանի որ մերօրեայ հայ անհատը կը տքնի հազարաւոր տարիներու ժառանգութիւնը հազիւ 10 միլիոնանոց ազգի մը ձեռքով շարունակել դէպի լուսաւոր ապագայ։
Մինչեւ սոյն տարուայ 27 Սեպտեմբեր չէինք ապրած նման մտահոգութիւն։ Յատկապէս «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ով յոյսով լեցուած էր հայ ժողովուրդի սիրտը։
Երկրորդ կորուստը կը վերաբերի գրաւման տակ պահուած հողերուն։ Հողեր՝ որոնց մասին կարծած էինք թէ արշաւած ենք ու վերջ։ Այդ պահուն մտքով իսկ չէինք անցուցած այն իրողութիւնը, որ դեռ առաջին պատերազմի աւարտին յայտարարած էինք այդ տարածքները վերադարձնել փոխարէնը ապահովելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Յիշենք նաեւ որ նախքան Արցախի առաջին պատերազմի բռնկումը երբեմնի նախագահ Հայտար Ալիեւ խոստացած էր արցախի համար ամենաընդարձակ իրաւունքներով օժտուած ինքնավարութիւն։ Խոստովանինք որ 27 տարիներ առաջուայ յաղթանակը իր հետ բերաւ մոլուցք մը, որու շնորհիւ ուրացանք նաեւ համաշխարհային արդարութեան գիտակցութիւնը։
Պարտութեան երրորդ եւ կարեւորագոյն երեւոյթը կը յայտնուի Հայաստանի մէջ ներքին խաղաղութեան վերանալով։ Ամէն ինչ յստակ է մեր աչքերուն առջեւ։ Թաւշեայ յեղափոխութեամբ կարգազուրկ եղած նախկին իշխանութիւնները կը փորձեն պարտութեան բոլոր մեղքը բեռցնել իշխող կառավարութեան, յատկապէս ալ վարչապետ Փաշինեանի ուսերուն։ Անշուշտ որ զանազան տեսանկիւններէ կարելի է քննադատել կառավարութիւնը։ Յատկապէս իրաւ ընթացքը մինչեւ վերջին ժամ ժողովուրդէն քօղարկելուն համար։ Ի զուր չէ որ կ՚ըսուի թէ պատերազմներուն առաջին զոհուողը կ՚ըլլայ իրականութիւնը։
Բնական է որ ռազմի ընթացքին խուճապ ստեղծելէ խուսափինք։ Սակայն ահա այդ խուսափումէն յատկապէս ալ ընդմիշտ յաղթանակի խոստումներ շռայլելեն ետք նման պարտութիւնը դիւրին տանելի պիտի չըլլար եւ արդէն ալ չեղաւ։ Հայ ժողովուրդը Հայաստան եւ ի սփիւռս անակնկալի եկած ենք։ Բայց ինչպէ՞ս անտեսել որ տակաւին ահագին խնդիրներ կան մեր առջեւ, որոնք լուծում կը սպասեն։ Անոնցմէ գլխաւորն է Արցախի իրավիճակի յստակացումը։ Բայց մենք փոխանակ նման խնդիրները յաղթահարելու մղուած ենք վարչապետի միսը ուտելու։ Սա հակայեղափոխական հարուած մըն է որ կը կատարուի։ Վարչապետը այդ հոսանքին չի կրնար դիմադրել լռութիւն պահելով։ Իր դէմ համախմբուած են ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ զոյգ կաթողիկոսներ եւ նոյնիսկ հանարպետութեան նախագահը։ Գարեգին Բ. «Թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք թիրախը դարձած էր յեղափոխական հոսանքին եւ այժմ գոյացածը իր համար ռէօվանշի առիթ մըն է։ Իսկ Արամ Ա. չի կրնար հակասել Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան։
Տուեալ պայմաններու մէջ Վարչապետ Փաշինեանի միակ ապաւէնը ժողովուրդի լայն խաւերու զօրակցութիւնն է իր հանդէպ։ Արդարեւ ստեղծուած քաօսային իրավիճակէն դուրս գալու միակ միջոցը իշխանութեան շրջանին շուտափոյթ ընտրութիւններու երթալն է։
pakrates@yahoo.com