Դեկտեմբերի 20-ի առաւօտուան ժամերուն Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եպիսկոպոսներու ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ աղօթք բարձրացնելու արցախեան պատերազմի նահատակուած քաջորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Ծաղկեպսակի զետեղումէ ետք Վեհափառ Հայրապետը եւ եկեղեցականները այցելեցին նաեւ զինուորականներու շիրիմները, կատարեցին իրենց առանձնական աղօթքը։
Այնուհետեւ Սուրբ Գայանէ վանքի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Պատարագին, որուն աւարտին, նախագահութեամբ Ա. նայն Հայոց Կաթողիկոսի, զոհուած հերոսներու համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Արարարողութենէ ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղեց հոգեւոր դասին, ներկայ բարեպաշտ հաւատացեալներուն եւ համայն հայ ժողովրդին։
Ստորեւ՝ կաթողիկոսի խօսքը հոգեհանգստեան արարողութեան, որ փոխանցեծ է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։
«Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ մեր,
Այսօր վերստին ոգեկոչում ենք լոյս յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած մեր զինուորներուն, աշխարհազօրայիններուն եւ զօրահրամանատարներուն, ովքեր արցախեան պատերազմին խիզախաբար պայքարեցին անարգ թշնամիի դէմ եւ իրենց թանկագին արեան հեղումով ընդունեցին նահատակութեան անթառամ պսակը։ Քաջարի սխրագործութիւններով անոնք անմահացան մարտի դաշտին եւ ժառանգեցան յաւիտենական կեանքի պարգեւը, ինչպէս խոստացաւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս՝ ըսելով. «Արդ, Ես նրանց յաւիտենական կեանք կտամ, եւ նրանք յաւիտեան չեն կորչի» (Յովհ. 10.28)…։
Արդ, մեր նահատակ հերոսներու անմար լոյս յիշատակին առջեւ վերահաստատենք հայրենանուիրումի ու ազգանուիրումի ուխտը։ Թող ազգի ու հայրենիքի հանդէպ անոնց պարտքը գիտակցութիւնը, յանձնառութեան եւ զոհաբերութեան ոգին օրինակ դառնան պետական ու քաղաքական այրերուն եւ համայն մեր ժողովրդին՝ անսակարկ նախանձախնդրութեամբ եւ անձնուրաց զոհողութիւններով ամէն կարելին ներդնելու մեր հայրենիքի բարօր ու շէն կեանքի կերտման եւ մեր պետականութեան ամրապնդման համար։ Չվտանգենք մեր պետականութիւնը անխոհեմ քայլերով, չգերադասենք անձնական շահերը, այլ գործենք յանուն մեր ժողովրդի ու հայրենեաց անկորուստ պահպանութեան, զօրացման ու առաջընթացի։ Միայն ուժեղ պետութիւնով հնարաւոր է յաւերժացնել մեր ինքնութիւնը ու լինելիութիւնը, նաեւ մեր քաջորդիներու յիշատակը։
Ի խորոց սրտի աղօթենք միասին, որ Ամենագութն Աստուած հանգստութիւն ու երանութիւն շնորհէ քաջաբար զոհուած մեր սիրասուն զաւակներու անմահ հոգիներուն։ Աղօթենք, որ գթառատ Տէրն Իր Սուրբ Հոգով սփոփէ մեր հերոսներու ծնողները, կանանց ու զաւակներուն սգացեալ սրտերը եւ մեր բոլորի վշտակիր հոգիները։ Թող այլեւս սուգն ու տխրութիւնը չմթագնեն մեր ազգային կեանքը, ողբերգութիւնները չպատուհասեն մեր ժողովրդին, եւ Աստծուն ապաւինած ու ազգովին համախումբ՝ կերտենք լուսաւոր գալիքը հայրենեաց եւ համայն հայութեան։
Փառք եւ երիցս փառք մեր նահատակ որդիներուն։
Խոնարհում, մշտահունչ աղօթք եւ բիւր օրհնութիւն մեր հերոսներուն լոյս յիշատակինե։