Արցախի պատերազմի աւարտման յաջորդող 19 Դեկտեմբերին քառասունքի հոգեհանգիստով մը պիտի յիշատակուին ռազմաճակատի վրայ ինկած մօտ 3 հազար զինուորները։ Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց թէ եռօրեայ սուգը պիտի սկսի Հանրապետութեան Հրապարակէն դէպի Եռաբլուր կատարուելիք սուգի երթով։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ մինչեւ այդ օր հաւանական է, որ ամբողջացած չըլլայ ռազմադաշտի վրայ մնացած բոլոր դիակներու հաւաքման գործընթացը. «Կան բազմաթիւ անճանաչելի դիեր, բայց չենք կրնար աւելի երկարաձգել այդ մասին պետական որոշումը» ըսաւ Փաշինեան։
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ յայտնեց որ նահատակներու անունները յաւիտեանս պիտի մնայ մեր սրտերուն, հայոց պատմութեան էջերուն եւ խթան պիտի հանդիսանայ ապագայի հայրենասիրական աշխատանքներուն համար։
ՀՀ. Առողջապահական Նախարարութեան փոխանցած վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն ցարդ կատարուած է 2996 դիակներու զննումը։ Միւս կողմէ Ատրպէյճանի մէջ գերի ինկած 44 հայ զինուոր ալ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութեամբ վերադարձան Հայաստան։
Քաղաքացիներու կորուստներ
Անգլիական «Կարտիան» թերթը յայտարարեց գլխատուած երկու քաղաքացիներու ինքնութիւնները։
Թերթին Մոսկուայի թղթակից Էնտրիու Փրոթի փոխանցումով շրջանառութեան դրուած էին տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը պատկերուէին երկու տարեց անձերու գլխատման դրուակները։ Թերթի յայտնաբերումը ճշդուած է նաեւ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի կողմէ։ Ինքնութիւնը յստակացածներէն առաջինը Մատատաշէն գիւղի բնակիչ 69 ամեայ Կենատի Պետրոսեանն է, որ հարեւաններու վկայութեամբ 1980-ականներուն Սումկայիթի կոտորածներէն վերապրելով հաստատուած էր այդ գիւղը։
22 Նոյեմբեր եւ 3 Դեկտեմբերինյայտնուած վիտէոներու վրայ Ատրպէյճանական համազգեստով անձեր Պետրոսեանը գլխատելէ ետք գլուխը կը տեղադրեն սատկած անասունի մը վրայ։ Այդ պահուն կը լսուի ձայն մը, որ կ՚ըսէ «Մենք այսպէս վրէժ կը լուծենք, գլխատելով»։
Պետրոսեանի հարեւան եւ գիւղի դպրոցի տնօրէնուհի Գայանէ Պետրոսեանին պատմածներու համաձայն տարեց մարդը մերժած է գիւղը լքել։ Հարեւաններէն մէկը փորձած է զինք հեռացնել, բայց ան վերադարձած է գիւղ։ Տնօրէնուհիի տեղեկութեամբ իրեն հետ վերջին կապը եղած է հեռախօսազրոյց մը 28 Հոկտեմբերի առաւօտուն, ուր ան իմաց տուած է թէ թշնամին կը մօտենայ դէպի գիւղ։
«Կարտիան»ի համաձայն 7 Դեկտեմբերին թելեկրամով շրջառութեան դրուած վիտէոյի մէջ ալ երկու ատրպէյճանական համազգեստ հագած անձեր տարեց մարդ մը ծառին կապելով կը գլխատեն։ Ածոխ գիւղէն երեք անձեր վկայեցին թէ գլխատուածը գիւղէն հեռանալը մերժող եւ ճգնաւորի կեանք ապրող 82 ամեայ Յուրի Ասուրեանն է։ Գիւղի նախկին գիւղապետ Կէորկի Աւեսեան իր մաին ըսաւ հետեւալը. «Չէր շփուեր մարդկանց հետ։ Մերժեց գիւղէն ելլելը»։ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արտակ Պեկլարեան եւ իրաւաբան Սահակեան եւս հաստատեցին Ասուրեանի ինքնութիւնը։