Հրանդ Տինք Հիմնարկը 11 եւ 12 Դեկտեմբեր թուականներուն առցանց կատարուած «Ատելութեան Պատգամ եւ Խտրականութեան Բանախօսութիւն» խորագրեալ երկօրեայ բանախօսութեան աւարտին ամփոփ նկարագրական մը հրապարակեց կատարուած աշխատանքի մասին։ 11 նիստերու ընթաքին 26 զեկոյցներու արտասանուած բանախօսութեան բացումը կատարեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք։ Ապա Ֆրետերիխ Նուման Հիմնադրամի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ռոնալտ Մէյնարտուս եւ Շուէտի Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Փեթեր Էրիքսոն արտասանեցին իրենց բացման ուղերձները, ընդգծելով կատարուած նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը։ Ապա բանախօսութեան գիտական խորհուրդի նախագահ Եասէմին Ինճէօղլու անդրադարձաւ ատելութեան պատգամի եւ խտրականութեան երեւոյթներուն, շրջանային եւ համաշխարհային դրսեւորումներուն։ Ընդգծեց այդ երեւոյթի դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։
Բանախօսութեան առաջին օրը կատարուած զեկոյցներու ընթացքին քննարկուեցաւ մետիայի դերակատարութիւնը, ցեղապաշտութեան քաղաքական ելոյթներու մէջ զբաղեցուցած տեղը, համավարակի ատելութեան պատգամներու առնչութեամբ գործածութիւնը եւ Սուրիոյ ներքին պատերազմէն փախած գաղթականներու դէմ ատելութեան օրինակները։
Երկրորդ օրուայ զեկոյցներուն լուսարձակի տակ առնուեցան ատելութեան եւ խտրականութեան արտայայտութիւնները իրաւաբանական տեսանկիւնով։ Օրինակներ տրուեցան կրթական համակարգէ եւ սոց ցանցերէ ներս անոր կիրարկումին մասին։ Փակման ճառը արտասանեց այս մասին բաւականին հրատարակութիւններ ունեցած Ա. ւան Տիյք։ Ան նշեց որ ատելութեան պատգամները բացի զգացումի մը արտայայտութենէ պէտք է տեսնել իր գաղափարական եւ գաղափարախօսական երեսակներով։
Քանի որ համավարակի պայմանները արգելք եղած էին մասնակիցներու Իսթանպուլի մէջ հանդիպումին, բանախօսութեան յայտագրին մէջ տեղադրուեցաւ նաեւ քաղաքի բազմաշերտ մշաութային ժառանգը ներկայացնոյ վայրերու եւ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»ի կարճ շրջագայութիւն մը։
Բանախօսութիւնը թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով հիմնարկի կայքէջէն նաեւ «Թուիթըր», «Դիմատետր» եւ «Ինստեկրամ»ի միջոցաւ ուղիղ եթերի դրութեամբ հեռարձակուեցաւ։