Եթէ անիւը ազատուած է առանցքէն, կարելի չէ ղեկավարել երթը։ Ի զուր է ղեկավարի ջանքերը։ Անխուսափելի է անդունթէն վար գլորիլ կամ ամենայն ուժգնութեամբ պատին բախիլ։
Երկրագունդի երեսին պատահածները, կատարուածները, յայտնուածները դիտելով ակամայ կը տարուիմ առանցքէն դուրս եկած անիւի օրինակին մասին մտածելու։
Ինչպէս որ պսակաձեւ ժահրը կոչեցինք համավարակ, ընկերա- քաղաքական խնդիրներն ալ կը պարզեն «համա» նախադասով բացատրութիւններու կարիքը։ Կը խօսինք համաշխարհային երեւոյթներու մասին, որոնք համատարած են եւ կը յուզեն համամարդկային հասարակութիւնը։
Կը թուէր թէ Ի դարը համամարդկային ժամանակացոյցի գերազանց արագասլաց շերտն է։ Գիտութիւնը, հետեւաբար արտադրութիւնը ԺԹ դարու աւարտէն սկսելով զգլխեցուցիչ ոստում մը կատարեցին, որուն թողենք տիրանալը, հետեւիլն անգամ գերմարդկային ուժ ու կարողութիւն կը պահանջէ։ Ամենապարզ օրինակը բոլորիս գործածած բջջային հեռախօսն է, որուն ընձեռած հնարաւորութիւններէն միայն մէկ կամ երկու տոկոսէն կ՚օգտուինք ու մնացեալին գոյութենէն իսկ անտեղեակ ենք։
Գիւտերու աշխարհի խոշորագոյն ոստումը սակայն կը վերաբերի շորթագիտութեան։ Հասկնալի է ընթերցողի վարանումը այս ոչ յայտնի գիտութեան անունը լսելով։ Պարզեցնելու համար կարելի է գործածել խաբեբայագիտութիւն եզրն ալ։ Շորթելու գիտութին, կամ խաբելու գիտութիւն։ Մարդկանց յիմարութենէն օգտուելով հարստութիւն դիզելու ծառայող այս գիտութեան նուաճումները անհաւատալի են։
Իսկ ինչպէ՞ս բացատրել այս ծովածաւալ գիտելիքներու պաշարին դիմաց մարդ արարածի անճարակութիւնը։ Ինչպէ՞ս կը յօժարինք բնութեան պարգեւներուն մէկերու կողմէ յափշտակումին։ Դարեր շարունակ նոյն առուով հոսող ջուրը իւրացնել, վրան ջրամբար մը կառուցելով խափանել անոր բնական հոսքը, եւ ապա արտադրել ելեկտրական հոսանք, ու այդ ալ վաճառել ջուրը գողացածդ մարդկանց։
Հողը, ջուրը, սարերու քամին, արեւի շողը, ծովուն ալիքը, գետին հոսքը կամ անտառը, անապատը չափել- չափչբել ու ապա վաճառելը բոլորն ալ շորթագիտութեան մասնագիտութիւններն են։
Այս ալ իր կարգին ունի «համա» նախադասին արժանի յատկութիւն։ Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը ձգտին երկրի բոլոր գետերը ցամքեցնելու, Պրազիլի կառավարութիւնն ալ ծառահատութեան ճամբով կը փորձէ Ամազոնի անտառները ոչնչացնել։ Եւրոպացիք Ֆուքուշիմայի աղէտէն ետք որոշեցին փակել իրենց երկրի վրայ գործող աթոմակայանները։ Փոխարենը վարկեր կը տրամադրեն այլ երկիրներու, նոր ադոմակայաններու շինութեան համար։ (Ինչ որ ալ ըլլայ կարիքը ունին, դիւրաւ չեն կրնար հրաժարիլ հիւլէական ուժանիւթէ)։
Աշխարհի բնութեան պաշարներուն ուղղուած վնասները եւս համատարած են։ Մենք խնդիրը դիտենք Թուրքիոյ օրինակով։ Բացի գետերու ցամաքումէն, մշակելի տարածքներու շինութեան համար զոհուելէն, քիմիական աղբի տեղի տուած վնասներէն, նախընտրելի եղաւ աւանդական ծիներով օժտուած ու դարերու հոլովոյթով մեզի հասած հունտերու փոխարէն օգտուիլ ծիներուն միջամտուած հունտերէ, որոնք աւելի առատ բերք կը խոստանան բայց ոչ յարատեւութիւն։ Կարելի չէ այդ բերքէն յաջորդ տարուայ համար հունտ ստանալ։
Նման խաբկանքը կարելի է գործադրել միայն շորթագիտութեան միջոցաւ։