«Քաղաքագէտներից
ոմանք ջուր են պղտորում,
միւսները պղտոր ջրում
ձուկ են որսում, իսկ
ուրիշներ՝ ջուրը պղտորում են,
որ ձուկ որսան»։
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Խոր կսկիծով կը տեղեկանանք, որ Երեւան քաօսային մղձաւանջ է եւ տիրող տրամաբանութիւնը պարսաւանքն է իրար նկատմամբ, ուր կը բացակայէ բացարձակապէս խոհեմ եւ իմաստուն յարգանքի մարդկային յատկութիւնը։ Կարելի է արդեօք այս երեւոյթը բացատրել պատերազմի դժբախտ աւարտով, կամ մասամբ համաճարակի ստեղծած անբարենպաստ մթնոլորտով։ Անձամբ կը կարծեմ, թէ անոնք գռգրիչ ըլլալով կը ստեղծեն ոչ բարենպաստ հոգեբանական լարուածութիւն, բայց չեն կրնար փոխել բանականութիւնը եւ ընդհանուր գիտակցութիւնը շահի նկատմամբ։ Այսօր փողոցի ցուցարարներու միակ եւ հիմնական կոչը հրաժարականն է, ուր ամբոխի մաս կը կազմեն անձնաւորութիւններ, որոնք կրնային աւելի ճիշդ եւ տրամաբանական ըլլալ, եթէ պարզապէս լռէին եւ մնային տասնամեակներ շարունակ իրենց նախընտրած երկրի թալանի եւ ոչինչի հետ կապ չունենալու վիճակին։
Թող ներողամիտ ըլլան եւ չզարմանան ոմանք, եթէ իմ հայ ըլլալու հանգամանքով եւ բնատուր իրաւունքով հարց տամ, թէ՝ բացի քաղաքական ինչ որ բացառիկ դրդումներէ, ի՞նչ պատճառ կրնար ստիպել հայ բարձրաստիճան հոգեւոր տիրակալներ՝ Գարեգին Բ. եւ Արամ-Ա-ին, վարչապետի հրաժարականի կոչ ընել, եւ ադամանդեայ խաչը ճակատին քաղաքական նկուղէն ելած՝ այդ աթոռի թեկնածու յայտնուածի հետ նկարուիլ եւ սփռել։
Իմ կարծիքով, քայլը առաջադրանք է՝ ձեռագիրը ծանօթ, որ ոչ մէկ կապ ունի մթնոլորտը հանդարտեցնելու իմաստով, փոխարէնը ան կը հաստատէ իր իսկ հրաժարականը պահանջողներու իրաւացիութիւնը։
Նոյնքան ցաւալի է, որ նոյն քայլին կը դիմեն պատասխանատուներ՝ ի Անթիլիաս եւ սփիւռքի, բազում թեմերու, հոգեւոր առաջնորդներ՝ հաւանաբար Արամ Ա-ի հրամանով եւ օրհնութեամբ, ինչ որ քաղաքական ստոր ճնշումներու հետեւանք կարող է ըլլալ։ Անոնց տխմարաբար միացաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի «համբաւաւոր» գլխաւոր տնօրէն՝ Պերճ Սեդրակեանը, որ փառաւոր կերպով դպրոցներ փակեց, որոնց շարքին Մելքոնեանը իր փառաւոր վաստակով։ Ո՞րու կը ծառայեն ասոնք, երկրի՞ն, թէ...։ Ո՞վ տուաւ այդ անբեկանելի հրամանը։
Ինչպէս հասկնալ, հաշտուիլ որ երկիրը փրկողի թեկնածուն խստօրէն կը յայտարարէ, «Նիկոլը պիտի հեռանայ կամքով, թէ չէ՝ կը հեռանայ զօռով, այլ կերպ ժողովուրդը կը յոշոտի նրան»։
Բազմիցս ըսած ենք ու դարձեալ պիտի կրկնենք, որ վարչապետի սխալներէն կարեւորագոյնը այն է, կառչած մնալով իր թաւշեայ թոյլ գաղափարին, անհրաժեշտ, մագրագործումներ չըրաւ եւ թողուց, որ կիսաթագնուած աւազակները բարգաւաճին եւ այսօր ընդդիմադիր բանակ ստեղծեն որոնք, մոլուցքով տարուած դեռ չեն հասկցած, որ քաղաքականութիւնը այլ ծաւալի է՝ համապատասխան չէ իրենց տգիտութեան եւ իշխանատենչութեան։
Նախկիններու կողմ ոտքի կանգնած մի քանի շահագրգիռ ճարպիկ անձեր, որ հեռու, շատ հեռու են որեւէ տեսակի ու բնոյթի գաղափարախօսութենէ։ Կը կարողանան մի քանի դրամ կաշարռքով փողոց հանել ընդհուպ, խորհրդարանի վրայ յարձակուուելով նախագահին ծեծել, կահոյք ջարդել համարելով որ ամբոխը իրենց հետ է, իսկ հայհոյանքն, պարսաւանը, դարձած են քաղաքական մշակոյթ։ Յիշեցնեմ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան Տոտի Կակոյի գաղափարական յենարան երկու փափկասուն տիկնանց աղբակոյտի նմանող ելոյթները, որ կը հնչէր ամէն օր։ Աւելին, ասոնք ստուարաթղթէ շինուած քաղաքական գործիչներ են, որոնց ուղեղին կը գործէ միայն աթոռի եւ հանրային բարիքէն օգտուելու տենչը։ Իրենց խումբի ղեկավարը դարձնելով կուռքի, անընդունակ են այլ խնդիրներու մասին մտածելու։
Ցաւօք, այդպիսիները բազում են եւ անպակաս։ Իրար նման եւ զանազան. բայց ընտրուած պատգամաւոր ըլլալով՝ օրինակ կրնան դառնալ ապագայ սերունդի դաստիարակութեան ոլորտին։
Այսու հանդերձ հրաժարականի հարցը կը մնայ օդէն կախուած։ Այդ հարցին լուծում տուողը, կրնայ ըլլալ վարչապետը՝ իր անձնական խղճի եւ գիտակցութեան թելադրանքով, միայն թէ ան պիտի ըլլայ նիւթի մանրակրկիտ քննարկումով՝ առարկայական առանց արտաքին երեւոյթներու ազդեցութեան ենթարկուելու։
Այս նիւթի, վերաբերեալ բազում են նաեւ գիտակներ, որոնք, մտավարժութեամբ տառապելով կ՚ըսեն որ պատերազմ կորցնողը չի կրնար աթոռը պահել։ Ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէս խնդիրը միշտ կը պտտուի աթոռի շուրջ, բայց մարտերը կորսնելու պատճառին եւ հիմունքներուն մասին չեն խօսիր։ Մեր նախորդ յօդուածով նշած էինք, թէ այս պատերազմը հնարաւոր չէր շահել, քանի որ անցած քսան տարիներուն յաղթանակի պատրաստ չենք եղած։ Կարելի է աւելացնել առաջագծին եղած դաւադիր սպաներու ներկայութիւնը։ Ըստ Արցախի անվտանգութեան պատասխանատու Սամուէլ Բաբայեանի վկայութեան՝ բազմաթիւ են եղել դասալիք ջոկատներ, մանաւանդ Շուշիի մատոյցներուն՝ քարոզելով զինուորներուն թէ «Արդէն Նիկոլը ծախել է, գնացէք տուն»։ Ուրեմ թոյլատրելի է մտածել, թէ ոմանք՝ աւելի քաւութեան նոխազ կը փնտռեն, քան կորուստը ողբան։
Միւս կողմէ ժողովրդի երերուն վստահութիւնը վերականգնելու համար պէտք է որ վարչապետը գտնէ գողօնը վերադարձնելու նախկին խանդավառութիւնը։
Եթէ ճշմարիտ է, որ երկու տարին բաւարար չէ բանակը զինելու, բան մը որ միւսները քսան տարուայ, ընթացքին չեն կարողացած ընել՝ մանաւանդ դրամի լուրջ պակասի պայմաններուն, ապա այդ ժամկէտին հնարաւոր լուրջ մաքրագործում իրականացնել քաղաքական դաշտի վրայ, անոր կցելով իրաւական համակարգը։ Ոչ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ խոշոր ձուկերը բանտ դնել ու քանի մը օրէն տուն ուղարկել առանց դատ ու դատաստանի՝ գիտնալով որ, անոնք ձեռները ծալած պիտի չսպասեն յաջորդին։
Չեմ կարծեր որ վարչապետը անտեղեակ է իր հակառակորդ դասակարգի մարդակեր որակին։ Ան շատ լաւ պիտի գիտնայ, որ առաջին զոհը ինքը կրնայ ըլլալ։ Գաղտնիք չէ որ արդէն փորձեր եղել են եւ բարի հրեշտակը կանխած է զինուած դաւադրութիւնը։ Կարիք, կա՞յ արդեօք Հոկտեմբեր 27 յիշեցնելու, որ կրնայ աւելի մեծ ուժգնութեամբ կրկնուի։ Պատահական չէ ցոյցերու թեկնածուի զգուշացումը թէ «Կը յօշոտեն» եւ այնքան վստահ են, որ նոյնիսկ հրաժարման, ժամկէտ կը դնեն թերեւս օրուայ ժամի եւ վայրկեանի ճշտութեամբ։
Յոյսով եմ, որ վարչապետը անհրաժեշտ ժամանակ կրնայ յատկացնել վերլուծելու համար խիստ կարեւոր հարցերուն լուծում գտնելու հրամայականը։